Արտերկրի լիբանանցիները մինչեւ Նոյեմբեր 20 առիթ ունին արձանագրուելու 2018-ի ընտրութիւններու քուէարկութեան համար
2750
0
Լիբանանի մէջ կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու սկզբունքային թուական ճշդուած է 6 Մայիս, 2018-ը։
Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, այս ընտրութիւններուն, առաջին անգամ ըլլալով, արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ բնակած վայրերուն կամ ամէնէն մօտակայ շրջաններուն մէջ:
Լիբանանի Արտաքին գործոց եւ Արտերկրի լիբանանցիներու նախա-րարութեան որոշումով՝ մինչեւ 20 Նոյեմբեր պիտի կատարուի արտերկրի լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութիւն եւ այդ ճամբով ապահովուի անոնց քուէարկելու իրաւունքը՝ քուէարկութեան օրը։ Արձանագրուելու համար պէտք է այցելել Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջ https://diasporavote.mfa.gov.lb/