«Արխիւային Փաստաթուղթերը Հանրութեան Մատչելի Դարձնելը Կարեւոր Է Դաշնակցութեան Պատմութիւնն Ու Կատարած Դերակատարութիւնը Հիմնաւորելու Առումով», Կ՛ըսէ Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արխիւներուն կարեւորութեան եւ անոնց պարզած ներկայի վիճակին մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանի հետ, որ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր է,  եւ որուն գիտական աշխատասիրութիւնները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, հայ-վրացական փոխյարաբերութիւններու, 1920-1930-ական թուականներու սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական միտքի եւ Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան հիմնահարցերուն վրայ:

Դոկտ. Ստեփանեան անդամ է Հայաստանի Պատմագէտներու միութեան, ունի բազմաթիւ պատմագիտական հրատարակութիւններ եւ յօդուածներ:

«ԱԶԴԱԿ».- Մենք գիտենք, որ Դաշնակցութեան արխիւները տարբեր վայրերու մէջ տեղաբաշխուած են: Այսօրուան դրութեամբ, գէթ Դաշնակցութեան մօտ ո՞ւր կը գտնուին անոնք:

ԴՈԿՏ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ.- Դաշնակցութեան հիմնական արխիւները տեղեկայուած են երեք վայրերու` Պոսթընի, Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ: Նախ սկսինք Պոսթընի արխիւի պատմութենէն: Պոսթընի արխիւը նախապէս գտնուած է Ժընեւի մէջ եւ հիմնադրուած է Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն կողմէ` Ռոստոմի եւ Քրիստափորի. յատկապէս Ռոստոմը, որ շատ հետամուտ եղած է կուսակցական արխիւի ձեւաւորման, եւ այդպիսով կուսակցական փաստաթուղթերը տարբեր ձեւերով հաւաքուած են Ժընեւի մէջ, որովհետեւ հոն կը գտնուէր նաեւ «Դրօշակ»-ի խմբագրատունը, հետեւաբար աւելի դիւրին պիտի ըլլար համադրել երկու աշխատանքները: 1918 թուականին, երբ աւարտեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, եւ Զուիցերիան իր նախկին ազատութիւնները սահմանափակեց, իսկ անկախութեան անկումէն ետք  Դաշնակցութեան Բիւրոն տեղափոխուեցաւ Ժընեւէն Փարիզ, որմէ ետք Փարիզ տարուեցաւ նաեւ Ժընեւի Դաշնակցութեան արխիւը` երկու հիմնական պատճառով. Ժընեւ ապահով չէր, եւ Բիւրոն Փարիզի մէջ կը գտնուէր: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք  նկատուեցաւ, որ Փարիզն ալ այնքան ապահով չէ, որովհետեւ գերմանացիները գրաւեցին Փարիզը, եւ հրաշքով մեր արխիւը փրկուեցաւ գերմանացիներու ձեռքը իյնալէն եւ ոչնչանալէն, երբ Ամերիկայի դաշնակցականներու նախաձեռնութեամբ որոշուեցաւ արխիւը տեղափոխել Պոսթըն, ուր մինչեւ այսօր կը պահուի` «Հայրենիք» թերթի շէնքին մէջ:

Պոսթընի արխիւին մէջ կը գտնուին Դաշնակցութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին վերաբերող ամենակարեւորագոյն նիւթերը` սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս` նամակներ, զեկուցագիրներ, հաղորդումներ, յուշագրութիւններ, պաշտօնական փաստաթուղթեր, հեռագիրներ, նոթագրութիւններ, անձնական իրեր, լուսանկարներ: Իր մեծութեամբ երկրորդ դիրքը կը գրաւեն Պէյրութի մէջ պահուող արխիւները: Մէկ մասը Պոսթընի նիւթերու պատճէններ են, բայց կան նաեւ առանձին բնագիր փաստաթուղթեր, ինչպէս` Սիմոն Վրացեանի արխիւին մէկ մասը եւ այլ փաստաթուղթեր ու նամակներ, որոնք կը պահուին Պէյրութի մէջ եւ բնօրինակներ կը համարուին:

Դաշնակցութեան արխիւներու միւս կարեւոր կեդրոնը Երեւանն է: Երեւանի ՀՅԴ Բիւրոյի շէնքին մէջ կը գտնուին տարբեր վայրերէ հաւաքուած հետաքրքրական փաստաթուղթեր, զեկոյցներ, յուշագրութիւններ եւ հաղորդումներ: Բացի այս երեք գլխաւոր արխիւներէն` կան նաեւ շրջանային կազմակերպութիւններու արխիւները: Այս նշուածները այն արխիւներն են, որոնք կը գտնուին Դաշնակցութեան վերահսկողութեան եւ տրամադրութեան տակ:

«Ա.».- Վստահաբար Դաշնակցութեան վերաբերող այլ արխիւներ ալ գոյութիւն ունին այլ վայրերու մէջ:

Խ. Ս.- Անշո՛ւշտ, Դաշնակցութեան պատմութիւնը միայն ՀՅԴ-ի տրամադրութեան տակ գտնուող արխիւներով չի սահմանափակուիր, Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ հսկայական արխիւային փաստաթուղթեր կան այլ արտասահմանեան արխիւներու մէջ:  Պէտք է յիշել նաեւ Հայաստանի պետական Ազգային արխիւներուն մէջ պահուող բազմաթիւ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ անձնական ֆոնտեր, օրինակ` Ռուբէն Տէր Մինասեանի ընտանիքը իր անձնական արխիւը ամբողջութեամբ յանձնած է Հայաստանի Ազգային արխիւին, հոն կը գտնուին շատ հետաքրքրական եւ չլուսաբանուած փաստաթուղթեր, նոթեր, զեկոյցներ եւ նամակներ:

Պաշտօնական Ա. հանրապետութեան պատմութեան արխիւին մէջ, որ ըստ էութեան նաեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնն է, շատ հետաքրքրական փաստաթուղթեր կան: Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ կը գործէր կուսակցութիւններու պատմութեան արխիւ, հասարակական քաղաքական կազմակերպութիւններու պատմութեան արխիւ, եւ հոն կայ առանձին Դաշնակցութեան ֆոնտ, որուն մէջ կը գտնուին Դաշնակցութեան վերաբերեալ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, որոնց կարեւորագոյն բաժինը տակաւին ուսումնասիրուած եւ լուսաբանուած չէ: Այլ երկիրներէն պէտք է մատնանշել Ռուսիոյ արխիւները. Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան, անվտանգութեան մարմիններու եւ պատմութեան արխիւներուն մէջ կան բազմաթիւ փաստաթուղթեր` դաշնակցական գործիչներուն եւ Դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Մոսկուայէն բացի` Ռուսիոյ արխիւներու մէջ Դաշնակցութեան վերաբերեալ հարուստ նիւթեր կան Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ռոստովի պետական արխիւներուն մէջ: Արդարեւ, Ռուսական հետախուզական անվտանգութեան մարմինները հետեւած են Դաշնակցութեան եւ պարբերաբար զեկոյցներ ներկայացուցած են իրենց պետական մարմիններուն: Եղած են նաեւ յարաբերութիւններ հայ-ռուս գործիչներու միջեւ, օրինակ` Յակոբ Զաւրիեւն ու Ռոստոմը բաւական ջերմ յարաբերութիւններ ունէին ռուսական քաղաքական ընտրանիին հետ, անոնց գրութիւններն ու հատորներու սրբագրութիւնները պահուած են ռուսական արխիւներուն մէջ, որոնք սովորաբար մատչելի չեն, յատկապէս եթէ խօսքը կը վերաբերի անվտանգութեան մարմիններու արխիւներուն, բայց կը փորձենք գոնէ մատչելի արխիւներու նիւթերը եւ փաստաթուղթերը հաւաքելով` կրկնօրինակներ ունենալ մեր տրամադրութեան տակ: Վրաստանի արխիւներուն մէջ հսկայական նիւթեր կան, մանաւանդ որ Դաշնակցութիւնը հիմնուած է Թիֆլիսի մէջ, ռուսական պետական արխիւներու մէկ մասը այն ժամանակ կը պահուէր Թիֆլիսի մէջ: Անդրկովկասի անկախութեան շրջանին եղած արխիւները պահուած են Թիֆլիսի մէջ, ուր Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ հետաքրքրական փաստաթուղթեր կան: Անշուշտ մեզի համար անհասանելի, բայց կարեւոր փաստաթուղթեր կ՛ըլլան նաեւ Թուրքիոյ արխիւին մէջ: Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ արխիւներով աղքատ չեն հաւանաբար Իրանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու արխիւները, եւ մենք պիտի փորձենք ժամանակի ընթացքին բոլոր փաստաթուղթերը մէկ տեղ հաւաքել, որպէսզի հայ ուսումնասիրողներու եւ հայագէտներու համար դառնայ աւելի մատչելի, հասանելի եւ յարմարաւէտ:

«Ա.».- Ինչպէս ըսիք, Դաշնակցութեան արխիւները երեք կեդրոններու մէջ կը գտնուին: Ծրագիր կա՞յ այդ բոլորը մէկտեղելու:

Խ. Ս.- Ծրագիր կայ արխիւները ո՛չ թէ մէկ տեղ հաւաքելու, այլ գոնէ երկու տեղ պատճէններ ունենալու` Պոսթընի եւ Պէյրութի նիւթերու արխիւներու պատճէնը ունենալ Հայաստանի մէջ: Բայց ասիկա բաւական ծախսալից եւ երկար աշխատանք պահանջող գործընթաց է, սակայն որդեգրուած է այս մարտավարութիւնը, եւ աստիճանաբար պէտք է այս փաստաթուղթերը հասանելի դարձնել հետազօտողներուն:

«Ա.».- Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն եւ Ա. հանրապետութենէն ետք սփիւռքի մէջ ալ Դաշնակցութիւնը գործեց եւ իր կոմիտէութիւններն ու կորիզները ունեցաւ. անոնց արխիւներուն մասին ուսումնասիրութիւններ տեղի ունեցա՞ծ են, կա՞ն շօշափելի տուեալներ, թէ՞ իւրաքանչիւր երկիր իր արխիւը պահած է, մանաւանդ որ ասիկա կը խօսի նաեւ գաղութներու կազմաւորման պատմութեան մասին:

Խ. Ս.- Իւրաքանչիւր շրջան ունի իր արխիւը, սակայն դժբախտաբար  ընդհանուր առումով այդ արխիւները չեն ուսումնասիրուած, բայց որոշ մասով պահպանուած են` իւրաքանչիւր երկրի դրութեան համաձայն եւ պայմաններէն մեկնած: Այն երկիրը, որ կարելիութիւն ունի արխիւ պահելու եւ չհետապնդուելու, վստահաբար արխիւները պահպանած է, սակայն ուրիշ երկիրներ անվտանգութենէն մեկնելով` փորձած են չպահել եւ արխիւները Պոսթըն փոխադրել, յատկապէս վաղ շրջանի արխիւները տեղափոխուած են Պոսթըն: 20-րդ դարու սկիզբի նիւթերը հիմնականին հաւաքուած են Պոսթընի մէջ:

Հետաքրքրական են 1920 թուականներու արխիւները, որոնք կը խօսին թէ՛ Դաշնակցութեան տեղական կառոյցին եւ թէ՛ սփիւռքի գաղութներու կազմաւորման մասին, դժբախտաբար տակաւին  չեն բացուած պէտք եղածին պէս, ասիկա` ոչ միայն Պոսթընի արխիւներու պարագային, այլ նաեւ` տեղական արխիւներու, որպէսզի  տեսնենք, թէ ի՛նչ նիւթեր կան, բայց հետաքրքրական նիւթեր վստահաբար կը գտնուին:

«Ա.».- Հայաստանի պետական կառոյցներուն մէջ ալ կա՞ն Դաշնակցութեան ու սփիւռքի վերաբերող արխիւներ, եւ կրցա՞ծ էք ուսումնասիրել:

Խ. Ս.- Հայաստանի արխիւներու պարագային խօսեցանք Ազգային արխիւին մասին, որ հասանելի եւ տրամադրելի է բոլորին: Բայց Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր կը գտնուին ազգային անվտանգութեան արխիւներուն մէջ, որոնք առայժմ հասանելի չեն հետազօտողներու համար:

«Ա.».- Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի արխիւը ելեկտրոնային նորութիւններով հետաքրքրուած սերունդի մը համար:

Խ. Ս.- Դարը ելեկտրոնային դարձած է, սակայն ելեկտրոնային արխիւներն ալ արխիւ են: Այժմ ջանք ի գործ կը դրուի փաստաթուղթերը պահել ելեկտրոնային տարբերակով, որոնց պահելն ու օգտագործելը շատ դիւրին եւ յարմարաւէտ է: Նաեւ պէտք է քայլերու ձեռնարկել արխիւային փաստաթուղթերը ամբողջութեամբ թուայնացնելու, որովհետեւ արխիւները միքրօֆիլմերու վերածուած են եւ այդ միքրօֆիլմերը ժամանակին, որպէս արհեստագիտական նորութիւն լաւ կը նկատուէին, սակայն ներկայիս պէտք է զանոնք թուայնացնել. այսօր արդէն այդ միքրօֆիլմերն ու փաստաթուղթերը թուայնացնելու խնդիր կայ: Արխիւներու նիւթերը փրկելու առումով միքրօֆիլմերը լաւ միջոց էին` աւելի դիւրին եւ երկար կը պահուին, բացի ներկայիս զանոնք օգտագործելու յարմարաւէտութեան տեսանկիւնէն դիւրութիւն չկայ, անոնք մերօրեայ պայմաններուն չեն համապատասխաներ, չունին օրինակ առցանց սպասարկում եւ այլ առաւելութիւններ, զորս այսօր կ՛ընձեռեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները: Մենք պէտք է փորձենք տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու հնարաւորութիւնները օգտագործելով` արխիւներու զարգացումը տանիլ այդ տրամաբանութեան մէջ, եւ համոզուած ենք, որ որոշ ժամանակ յետոյ կարելի է ունենալ ելեկտրոնային պահանջներուն համապատասխանող արխիւ, այդ նպատակով պէտք է քայլերու ձեռնարկել:

«Ա.».- Արդէն իսկ լոյս տեսաւ «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» արխիւային փաստաթուղթերու նոր հատորը, ի՞նչ կարեւոր նիւթեր կան հոն:

Խ. Ս.- Դաշնակցութեան Բիւրոյի որոշումով երկար ժամանակով հրատարակուած են Դաշնակցութեան պատմութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը եւ հասած է 13-րդ հատորը, որ լոյս տեսաւ օրեր առաջ եւ յաջորդ` 14-րդ հատորը պիտի նուիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան: Ա. հանրապետութեան վերաբերեալ բազմաթիւ փաստաթուղթեր կան, եւ հատորին մէջ պէտք է ներառել ոչ միայն հանրապետութեան վերաբերող, այլ նաեւ այդ տարիներուն Դաշնակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ տուեալներ, այսինքն կ՛ենթադրեմ նաեւ հոն տեղ պիտի գտնեն նաեւ փաստաթուղթեր սփիւռքի մէջ գործող դաշնակցական կառոյցներուն եւ գործունէութեան վերաբերեալ:

Արխիւային փաստաթուղթերու վերհանումը շատ կարեւոր է պատմութեան վերհանման, պատմութիւնը ընթերցողներուն աւելի առարկայական ներկայացնելու, Դաշնակցութեան պատմութիւնը, կատարած դերը արժեւորելը աւելի եւս հիմնաւորելու տեսանկիւնէն: Կը կարծեմ, թէ նոր արխիւային փաստաթուղթեր հանրութեան ներկայացնելով`  մենք աւելի կը յաջողինք Դաշնակցութեան պատմութիւնը` մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, որ գրեթէ ազատագրական շարժման պայքարի տարիներու 19-րդ դարու վերջը, 20-րդ դարի առաջին քառորդին կը նոյնանայ, ըստ էութեան դնելու մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ` լոյսին բերելով մեր ժողովուրդի պատմութեան տակաւին չբացայայտուած էջեր:

«Ա.».- Ծրագիր կամ նպատակ կա՞յ արխիւներու համալրում կատարելու: Ինչ որ ազգային արխիւին մէջ կայ, սակայն Պոսթընի, Երեւանի ու Լիբանանի մեր արխիւներուն մէջ չկայ, կրկնօրինակ մը կարելի՞ է ձեռք բերել, թէ՞ պէտք է երթալ ու հոն ուսումնասիրել, այսինքն գործակցութեան առիթներ ստեղծելու կարելիութիւններ կա՞ն:

Խ. Ս.- Անշո՛ւշտ, պէտք է պայմաններ ստեղծել եւ այդ ուղղութեամբ մտածել, պատճէններ փոխանակել, որպէսզի հետազօտողներուն համար աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ստեղծուին:

Միւս կարեւոր աղբիւրը, Դաշնակցութեան արխիւներու առումով, թերթերն են: Դաշնակցութեան մամուլի պատմութիւնը շատ հարուստ ու ծաւալուն է, աշխարհասփիւռ կառոյց ունեցած է, նոյնքան` աշխարհասփիւռ մամուլ, որ պէտք է կորուստի մատնուելէ փրկել, հաւաքել եւ թուայնացնել, որովհետեւ բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը պահպանուին մանաւանդ մամուլի էջերուն մէջ:

Եթէ Դաշնակցութեան արխիւին մասին կը խօսինք, արխիւի բաղկացուցիչ անբաժան մասնիկը պէտք է նկատել մամուլը: «Ազդակ»-ի պարագային, բաւական յաջող ընթացք ունեցած է, որովհետեւ ամբողջ հարիւր տարուան հրատարակութիւնները փաստօրէն թուայնացած են, բացի ատկէ` «Ազդակ»-ը քանի մը այլ թերթերու թուայնացումը իրականացուցած է: Ասիկա պէտք է կատարուի լոյս տեսած դաշնակցական բոլոր թերթերու պարագային` Դաշնակցութեան արխիւի ամբողջական համալրում ունենալու համար:

«Ա.».- Թերթերու ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտութի՞ւն է ընդհանրապէս պատմաբաններուն համար:

Խ. Ս.- Պատմութիւնը լիուլի սերտելու առումով թերթերուն վերաբերեալ երկու աշխատանք պէտք է տանիլ` թերթերը հաւաքել եւ նիւթերը ուսումնասիրել: Երիտասարդներ եւս պէտք է շահագրգռել այս աշխատանքին մէջ, սակայն դժբախտաբար այսօր տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման փուլին մէջ պատմաբանութիւնը չի գրաւեր երիտասարդները, որովհետեւ անոնք կը ձգտին նիւթականի, գործնական կեանքի, սակայն, ամէն պարագայի, կը գտնուին երիտասարդներ, որոնք հրապուրուած են հայոց պատմութեան բացայայտմամբ եւ նուիրուած են այս աշխատանքին: Մեր կողմէ եւս պէտք է քայլերու նախաձեռնուի, որպէսզի երիտասարդ պատմաբանը իր մասնագիտութեամբ աշխատելով կարենայ նաեւ իր ապրուստը հոգալ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.