Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Քու Կողքիդ Է, Լիբանանի՛ Հայութիւն»

 5 սեպտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հակիրճ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի ու Լիբանանի ներկայ տագնապալից կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն: Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պիտի ըլլայ Լիբանանի հայութեան, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կողքին` բոլորին աջակից ու զօրակից իրենց կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ.

«Անթիլիասը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը քեզի՛ հետ է: Անթիլիասը հոն չէ՛, հո՛ս է: Դո՛ւք էք Անթիլիասը: Ան ձեզմէ հեռու, ձեզմէ դուրս ու ձեզմէ վեր չէ: Ան հո՛ն է, ուր որ է մեր ժողովուրդը: Հո՛ն է, ուր մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներու կենսաւորման կարիքը կայ: Հո՛ն է, ուր հայ դպրոցի հայակերտման առաքելութեան վերակազմակերպման պահանջը կայ: Հո՛ն է, ուր ազգային պահանջատիրական պայքարի հզօրացման պէտքը կայ: Հո՛ն է, ուր ընկերային ծառայութեան օժանդակութեան հրամայականը կայ: Ա՛յս յանձնառութեամբ եկած ենք եւ սա պահուն այս սրբազան խորանէն հետեւեալ յայտարարութիւնը կ՛ուզենք կատարել.

Ա) Ինչպէս անցնող ամիսներուն, կաթողիկոսարանը պիտի շարունակէ օժանդակել մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս ծիրին մէջ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին կաթողիկոսարանին ճամբով մէկ միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի նոյն նպատակին համար անխտիր մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն` բոլոր շրջաններուն մէջ:

Բ) Որպէսզի բնակարանային դժուարութիւններ ունեցող մեր ընտանիքներուն եւ յատկապէս նոր ընտանիք կազմող երիտասարդ զոյգերուն յարմար կարելիութիւններ ստեղծուին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած բնակարանային ծրագիրին կաթողիկոսարանին կողմէ պիտի յատկացուի չորս միլիոն տոլար: Արդ, կարելի պիտի դառնայ, նա՛եւ Լիբանանէն ներս թէ դուրս ապրող ազգայիններու մասնակցութեամբ, յառաջիկայ ամիսներուն 63 յարկաբաժիններէ բաղկացած յիշեալ ծրագիրին առաջին միաւորը ամբողջացնել:

Գ) Ֆանարի ժողովրդային տուներուն մէջ ապրող ընտանիքներուն մեծ մասը սեփականատիրութեան իրաւունքը չունի, որովհետեւ տակաւին շուրջ չորս միլիոն տոլար վճարելիք ունի կաթողիկոսարանին` իբրեւ սեփականատէր: Տնտեսական ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ, Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն դիմաց: Հետեւաբար, որոշած ենք կաթողիկոսարանին նկատմամբ մեր ընտանիքներուն ունեցած մնացեալ նիւթական պարտաւորութիւնը չեղեալ նկատել: Սակայն ապահովելու համար սեփականատիրութեան կալուածաթուղթը, որ կապուած է պետական գրասենեակներուն, անհրաժեշտ է, որ ընտանիքները շուտով կապ հաստատեն Ֆանարի կաթողիկոսարանի գրասենեակին հետ` անհրաժեշտ տեղեկութիւնները եւ ուղղութիւնը ստանալու համար:

Դ) Շաբաթներ առաջ թելադրած ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն, որպէսզի դարձեալ հանգանակութիւն կատարեն Լիբանանի թեմի կարիքներուն յատկացուելու համար: Հանգանակութիւնը արդէն սկսած է:

Ե) Գաղութ մը իր ինքնութիւնն ու հզօրութիւնը կը պահէ հայ դպրոցին կենսատու ներկայութեամբ: Հետեւաբար, կը ծրագրենք օգտակար հանդիսանալ նա՛եւ թեմի Ազգային վարժարաններուն, որպէսզի անոնք կարենան վերանորոգ նուիրումով շարունակել հայակերտումի իրենց առաքելութիւնը:

Սիրելի՛ Լիբանանի հայութիւն, դուք սովորական գաղութ մը չէ՛ք ու պէտք չէ՛ դառնաք: Դուք սփիւռքի հայութեան ողնասի՛ւնն էք եւ կեդրոնական տեղ ու առանցքային դեր ունիք համահայկական կեանքի մայր էջին: Լիբանանի մէջ հայ համայնքը երկրորդական համայնք մը չէ, այլ եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը: Հետեւաբար, ձեր ըսելիքն ու ընելիքը ունիք երկիրը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Պէտք է միշտ կառչած մնաք ձեր համայնքային իրաւունքներուն: Մեր սպասումն է, որ ա՛յս ինքնագիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ լծուիք վերակազմակերպումի ու վերականգնումի աշխատանքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.