Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի անկախութիւնը սոսկ անցեալ չէ, այլ նաեւ ու մի՛շտ` ապագայ»

Ազգեր անցեալին կը նային, անցեալի իրագործումներով կը հպարտանան, անցեալի թերութիւններուն կը գիտակցին, սակայն միշտ ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ կերտելու գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսլականով: Հետեւաբար, անցեալը պէտք չէ դառնայ անցած, այլ` վերանորոգ հաւատքով ու նպատակասլաց կամքով ապագային բացուելու ու քալելու ամուր վճռակամութեան վերահաստատման առիթ ու յիշեցում:

Այս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Ազգերու պատմութեան մէջ պայմանները միշտ փոփոխական են: Աշխարհաքաղաքական շահերու դասաւորումը` միշտ յարափոփոխ: Պէտք է հեռու մնալ կաղապարուած մտածողութենէ, տեսական յղացքներէ, ինչպէս նաեւ տուեալ ժամանակի շահերու ու մօտեցումներու պարտադրանքներէ: Հաւատքին միախառնելով յոյսը եւ զայն թրծելով ամուր կամքով, հարկ է քալել դէպի ապագայ:

Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկով կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, առաջին հերթին եկէք յիշենք մեր բոլոր նահատակները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին ի խնդիր Արցախի անկախութեան վերականգնման: Եկէք նաեւ յիշենք Արցախի անկախութեան առաւել ամրապնդման համար գործած ու ծառայած մեր ղեկավարները, որոնք այսօր կը տառապին Պաքուի բանտերուն մէջ:

Արդարեւ, չի բաւեր միայն յիշել, հարկ է զայն վերածել պայքարի` ի խնդիր Արցախի անկախութեան վերականգնման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքներու վերահաստատման եւ Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատագրման:

Ըսած ենք, կը կրկնենք եւ մի՛շտ պիտի ըսենք, թէ Արցախի անկախութիւնը պատմութեան փոշիներուն տակ թաղուած չէ: Ան մեր ազգի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ, որքան ալ փորձենք իրապաշտութեան պիտակին ետին անցեալի էջը նկատել փակուած:

Վա՛յ այն ազգին, որ ինքզինք կը բանտարկէ ներկայ շահերու նեղ սահմաններուն մէջ` ծածկուած իրապաշտութեան քօղին ետին: Պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը մնան այն ազգերը, որոնք իրենց ներկան կը տեսնեն անցեալով ամրագրուած եւ ապագայի տեսլականով հզօրացած ու կը քալեն յառաջ` վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով:

Այսպէ՛ս եղած է մեր ազգը:

Ա՛յս է պատգամը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան: Մնանք ականջալուր ու հաւատարիմ մեր պատմութենէն, հին թէ նոր, մեզի փոխանցուած սրբազան պատգամներուն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

2 սեպտեմբեր 2026