Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ. «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 11 օգոստոսին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, մամուլի եւ տեղեկատուական մարզի գործիչներուն հետ, որոնց յայտնեց իր զօրակցութիւնը` գաղութին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, ինչպէս նաեւ լսեց լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները:

Վեհափառ հայրապետին բարի գալուստի եւ բոլորին կողմէ երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան համար նման այցելութեան կարեւորութեան` մասնաւորաբար այնպիսի պայմաններուն մէջ, երբ անլուծելի խնդիրներու եւ աղէտներու մէջէն կը քալենք ամէն օր, եւ մեր առօրեային մէջ ստեղծուած անօրինակ կացութիւններու բերումով, ամէնէն լաւատես կարծուած անձերն անգամ սկսած են մատնուիլ վարանքի:

Առաջնորդ սրբազանը վստահեցուց, որ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, մեր հաւաքականութեան կամքին մէջ տակաւին կանգուն է տոկունութեան յատկանիշը: «Ոչինչ կորսնցուցած ենք մեր ազգային ապրումներէն, մեր հաւատքէն ու մեր հաւաքական կամեցողութենէն: Տակաւին կանգուն է մեր եկեղեցին, կանգուն է մեր աղօթանուէր կեանքը, կանգուն է նախախնամութեան տնօրինումով այնքան սերտօրէն մեր համայնական կեանքին առնչուած հայ դպրոցը, կանգուն է հայ մամուլը, կանգուն են մեր բազուկի ամրութեան, մշակոյթի ու պատմութեան եւ ազգային աւանդներու պահպանութեան համար գործող մեր կառոյցները, եղբայրասիրութեան պայմաններով մեր ցեղային խղճմտանքը արտայայտող կեդրոնները, մեր միութենական մարմինները, մարզական եւ երիտասարդական շարժումները, որոնք ո՛չ միայն նուիրումով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, այլեւ կ՛անդրադառնան, որ Լիբանանը հարուածող համատարած այս ողբերգական պայմաններուն մէջ պէտք է դարձեալ ոտքի ելլել եւ կորովի աշխատանքով ալ աւելի ընտիր արդիւնք ստեղծել ամբողջ հայութեան վաղուան կեանքին համար: Այո՛, մեր ժողովուրդը տակաւին իր հոգին չէ փակած ազգի խղճմտանքէն եկող պատգամներուն դիմաց եւ իր սիրտն ալ չէ անջատած Լիբանանէն», հաստատեց Շահէ արք. Փանոսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոս միշտ կրցաւ ճանչնալ եւ գնահատել լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած ծով կարիքները, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. աթոռը իր գահակալով, նուիրեալ միաբանութեամբ եւ աշխարհասփիւռ ուխտապահ ժողովուրդի զաւակներով, շարունակեց ամէն ինչ ընել, որպէսզի չքայքայուի քրտինքով կերտուած լիբանանահայ կեանքը:  «Թերեւս, ոչ մէկ ժամանակ լիբանանահայութիւնը այսքան ծանր պայմաններու մէջ գտնուած էր, այլ սակայն, պէտք է նաեւ նշել, որ ոչ մէկ ժամանակ Անթիլիասը, իր գահակալով, իր միաբանութեամբ, իր ժողովական ու թեմական կառոյցներով եւ աշխարհասփիւռ իր հաւատաւոր բարեկամներով ու բարերարներով, այսքան ազգօգուտ եւ ժողովրդանուէր աշխատանքի կեդրոն եղած էր: Եւ այդ, վեհափառ տէ՛ր, անպայմանօրէն կը պարտինք ձերդ սրբութեան հեռատես եւ նուիրեալ ջանքերուն ու ձեր ստեղծած ոգիին ու թափած ճիգին», նշեց առաջնորդ սրբազանը` երախտագիտութիւն յայտնելով լիբանանահայ կեանքի պահպանութեան համար իրենց սրտէն ու հաւատքէն նուիրաբերող բոլոր անհատներուն:

Ապա իր պատգամը տուաւ վեհափառ հայրապետը, որ ըսաւ, թէ իր այս այցելութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալն է, խօսիլ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ լսել անոնց տեսակէտները լիբանանահայութեան դիմագրաւած ամէնօրեայ հարցերուն գծով: «Լիբանանի հայութիւնը կամքն է, թող լսեն մեզ` Լիբանանէն ներս ու անկէ դուրս, լիբանանահայութիւնը կանգուն եղած է եւ կանգուն է, հակառակ իր դիմագրաւած բազմաթիւ ու բազմապէս, ահաւոր դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն` իր ամէնօրեայ կեանքին կապուած: Լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն կանգուն է, այլեւ աւելիով զօրեղ պէտք է ըլլայ` առաջին հերթին մեր բոլորին ամբողջական յանձնառութեան եւ նուիրումին շնորհիւ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` այս առիթով ողջունելով եւ գնահատելով թեմի առաջնորդ սրբազանը, Ազգային իշխանութիւնը, լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող երեք կուսակցութիւնները, բարեսիրական միութիւնները, բոլոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, որոնք զանազան կերպերով, զանազան բնագաւառներու մէջ ունին մէկ հիմնական նպատակ` ծառայել մեր ժողովուրդին, իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ մեր զաւակներուն:

Արամ Ա. կաթողիկոս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ` նշելով, որ այսօր լիբանանցին աժանցած է երկար տարիներէ լիբանանցի պատասխանատուներուն վարած կառավարման սխալ ընթացքին պատճառով, որ երկիրը այս վիճակին հասցուց, ժողովուրդը այս վիճակին մատնեց: «Սակայն հազար փառք Աստուծոյ, ինչպէս անցեալի տագնապի օրերուն, այսօր եւս մեր ժողովուրդը իր հոգեւոր, ազգային, կուսակցական, բարեսիրական, համայնքային կառոյցներուն շնորհիւ կրցած է ինքզինք կառավարել: Մենք մեր շրջապատը չենք նայած, ուրիշէն օգնութիւն չենք սպասած, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մենք փորձած ենք մեր կառոյցներուն ճամբով մեր համայնքը կազմակերպել, կառավարել, առաւելագոյն չափով օժանդակել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, բնականաբար, մեզի աջակից ունենալով Լիբանանէն դուրս մեր քոյր կազմակերպութիւնները եւ մեր թեմերը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` հաստատելով, որ կանգուն մնացած լիբանանահայութիւնը աւելիով պիտի զօրացնենք մեր հաւաքական ճիգով:

Արամ Ա. վեհափառը դիտել տուաւ, որ, թէեւ պատերազմի տարիներուն ալ կար տագնապ, սակայն այսօրուան տագնապը շատ աւելի ծանր է, որովհետեւ այդ օրերուն աշխատանք կար, Լիբանան ոչինչէ զրկուեցաւ, իսկ այսօր ամէնէն տարրական կարիքներն իսկ գոյութիւն չունին: Ան ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակը միայն խօսիլ եւ միտքեր փոխանակել չէ, այլ միասնաբար գործել ժողովուրդին մէջ մտնելով, մօտէն տեղեակ ըլլալով անոր կարիքներուն, որպէսզի կարենանք օգտակար ըլլալ անոր: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ ուտելիք ու գումար տալով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ պէտք է տարբեր ձեւերու մասին մտածենք, որպէսզի կարելի ըլլայ բաւարարել ժողովուրդին ծով կարիքները: Ան առաջին հերթին կոչ ուղղեց ունեւոր դասի ներկայացուցիչներուն, որ առաջնորդարանին կամ կաթողիկոսարանին ճամբով օժանդակութեան ձեռք երկարեն լիբանանահայութեան, որովհետեւ այսօր իրենց իսկ շրջապատին մէջ կան հայ ընտանիքներ, որոնք կարիք ունին նիւթական աջակցութեան: Վեհափառ հայրապետին երկրորդ կոչը ուղղուեցաւ լիբանանահայ գործարարներուն` իրենց քով աշխատանքի կոչելու հայ երիտասարդներն ու աշխատաւորները, փոխանակ օտարներու պաշտօն տալու` այսպիսով աշխատանք ու ապրուստի միջոց ապահովելով մեր հայորդիներուն: Իբրեւ երրորդ օժանդակութեան աղբիւր` ան նշեց, թէ կոչ ուղղած է բոլոր թեմերուն, որպէսզի աշխատանք տանին լիբանանահայ ընտանիքներուն օգտակար ըլլալու` տեղեկացնելով, որ արդէն իսկ գործի անցած են անոնք: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ պէտք չէ ձեռնածալ սպասել, այլ պէտք է գործի լծուիլ` յիշեցնելով իր երկու վերոյիշեալ առաջարկները, որոնք սպասումներ են, թելադրութիւններ, պահանջ, որովհետեւ Լիբանանի համայնքին մէջ ապրող իւրաքանչիւր անհատ մաս կը կազմէ այս գաղութին եւ լուսանցքի վրայ պէտք չէ ըլլայ եւ պէտք չէ այդպէս նկատուի: «Հաւաքական կեանքին մաս կազմել կը նշանակէ գործնապէս մասնակից դառնալ մեր կեանքին` օժանդակելով մեր կառոյցներուն, անոնց ճամբով մեր ընտանիքներուն, որոնց տէրն ու պահապանը մենք բոլորս ենք: Անկիւնը մնացած հայ չեմ ուզեր տեսնել, աղքատ, կարիքաւոր հայ չեմ ուզեր տեսնել, մեր ժողովուրդի կարիքներուն դիմաց անտարբեր մեծահարուստ մը չեմ ուզեր տեսնել, ինքզինք հայ նկատողը պէտք է մասնակից դառնայ լիբանանահայ կեանքին», հաստատեց վեհափառ հայրապետը: Ան ըսաւ, որ այս գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ միասնաբար պէտք է վերաշեշտենք մեր յանձնառութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումի հաւաքական աշխատանքին նկատմամբ: «Ահաւասիկ այս յոյսով, այս սպասումով եւ այս վճռակամութեամբ եկած եմ այստեղ: Մենք միասնաբար եւ ներդաշնակ կերպով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը` մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու ամենայն պատասխանատուութեամբ», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը` հայ ժողովուրդին վստահեցնելով, որ Ս. աթոռը, լիբանանահայ թեմն ու բոլոր կառոյցները իրեն հետ են եւ առաւելագոյնը պիտի կատարեն ծառայելու լիբանանահայութեան:

Ապա ներկաները արտայայտեցին իրենց մտածումները, տեսակէտներն ու վեհափառ հայրապետին հետ բաժնեկցեցան իրենց մտահոգութիւնները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ վայելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը` հաստատելով, որ ան ամէն ճիգ ի գործ դրած է ու կը դնէ` թեթեւցնելու ճգնաժամային վիճակները: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ լիբանանահայութեան բարիքները վայելած եւ այսօր Լիբանանէն դուրս ապրողները թերահաւատութեամբ եւ ապերախտութեամբ կը մօտենան Լիբանանի հայութեան: Ան շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլան պարագաները, լիբանանահայութիւնը մուրացկանի կացութեան մէջ պիտի չդրուի` դիտել տալով, որ Լիբանանի հայութեան գոյատեւումը համայն հայութեան համար կարեւոր է: «Եթէ լիբանանահայութիւնը տկարանայ, կը տկարանայ Լիբանանէն դուրս գտնուող ամէն մարդ եւս, հետեւաբար, ես կը հաւատամ, որ լիբանանահայութեան կողքին կանգնելու ձեր կոչը անհրաժեշտ ձեւով կ՛ընկալեն դուրսը», յայտնեց Բագրատունի:

Ապա ան խօսեցաւ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ երրորդութեան մասին` յատկապէս շեշտելով, որ դպրոցը պէտք է պահել, անոր նկատմամբ մեր գուրգուրանքն ու ուշադրութիւնը պէտք է բազմապատկենք, անոր գոյատեւման համար ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի գոյատեւեն եւ շարունակեն նաեւ միւս երկուքը: «Դպրոցները կանգուն կը մնան, եթէ մենք հաւատանք, որ անոնք հիմքն են մեր գոյութեան», հաստատեց Բագրատունի` շեշտելով, որ պէտք է հարցերուն խորքը թափանցել եւ երեւոյթներուն առջեւ կանգ չառնել: Ան ընդգծեց, որ դպրոցին գոյատեւումը միայն ուսուցիչներու ամսականները ապահովել չէ, այլ դպրոցին պահպանման կարեւորութիւնը շեշտելն է մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը կանգուն է, սակայն վիրաւոր, դժբախտաբար անիկա կ՛ընթանայ միջակ դասակարգէն դէպի աղքատութիւն` արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող աղքատութիւնը աւելցնելով, սակայն ամէնէն ահաւորը մեր իրականութեան մէջ հաւաքական, ազգային, հայկական մեր արժէքներուն նկատմամբ նահանջն է, մեր բարոյական ուժեղ բնաւորութենէն ետդարձը: Առ այդ, ան մարդոց առօրեայ կարիքներու ապահովման կողքին անհրաժեշտ նկատեց անոնց կորովը բարձրացնել, բարոյականը աշխուժացնել, որ նիւթականին կողքին կը կարօտի մեր բոլոր կառոյցներուն հաւաքական ճիգին, որպէսզի կարելի ըլլայ վերադարձ կատարել բնականոն կեանքին:

«Հաւաքական կամքի վերընձիւղման հրամայականը կայ, վստահ եմ, որ դուք ատոր առաջնորդը կրնաք ըլլալ, վեհափա՛ռ տէր: Պուրճ Համուտ ձեր այս այցելութիւնը այցելութիւն է համայն լիբանանահայութեան, իսկ ձեր խօսքերը ուղղուած են ամբողջ հայութեան», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:

Առաջնորդարանին մէջ կայացած հանդիպումէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեանին, առաջնորդ սրբազան հօր եւ այլ պատասխանատուներու, ուղղուեցաւ Սանճաք Քեմփի նախկին հողատարածքին վրայ «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիր, ուր եւս նշեց. «Ինծի համար այս այցելութիւնը ոչ պաշտօնական եւ ոչ սովորական այցելութիւն է, անիկա մեր ծառայութեան մաս կը կազմէ, բնական այցելութիւն է, եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ ծառան` կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ քահանայ, պէտք է ժողովուրդին հետ ըլլան, անոր տագնապներուն, ցաւին, ուրախութեան հետ, պէտք է իրենք զիրենք նոյնացնեն անոր ակնկալութիւններուն հետ` հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին»:

Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ այսօր լիբանանահայութիւնը հսկայ կարիքներու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է, այս իրողութեան դիմաց ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ ալ համայնքային կառոյցները կրնան անտարբեր մնալ, այլ միասնաբար պիտի շարունակեն առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ ժողովուրդի զաւակներուն, պիտի ծառայեն անոր: «Լիբանանի հայութիւնը սովորական գաղութ մը չէ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ այն առանցքային դերակատարութիւնը, զոր լիբանանահայութիւնը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` սփիւռքի, եւ յարաբերաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը եղած է բազմակողմանի, բազմատարած, մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ առանցքային: Հետեւաբար, Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն շարունակութիւնը ես կը նկատեմ հրամայական: Անցնող տարիներուն մենք յաջորդաբար տագնապներ ունեցանք` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական տագնապ, եւ այսօր այս տագնապներուն հետեւանքները մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ամէն օր կը զգանք: Ճիշդ է, ելեկտրականութիւն, պենզին, մազութ եւ շատ բաներ չկան, բայց մենք կանք, մենք կանք իբրեւ լիբանանահայութիւն եւ պիտի շարունակենք մնալ մեր հաւաքական ճիգով: Ա՛յս է իմ պատգամս, եւ ո՛չ միայն պատգամս, այլեւ մեր հաւաքական գործն ու յանձնառութիւնը», շեշտեց կաթողիկոսը:

Ապա ան անդրադարձաւ «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիր իր այցելութեան, որուն նպատակն է աւելի մօտէն ծանօթանալ ու տեսնել Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ծրագիրն ու նախաձեռնութիւնը հանդիսացող այդ շէնքերը, նաեւ իր գնահատանքը արտայայտելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, որ իր գործակիցներով շատ կարճ ժամանակի ընթացքին լծուեցաւ Պուրճ Համուտի վերաշինութեան, մաքրութեան, վերակազմակերպման հսկայ աշխատանքին: «Դիւրին չէ, անցնող տարիներուն բոլորս ալ տեսանք, որ ինչ-ինչ պատճառներով Պուրճ Համուտը քիչ մը լքուեցաւ, Պուրճ Համուտին նկարագիրը սկսաւ փոխուիլ: Քաղաքապետին, անոր շրջապատին եւ մեր բոլորին համար առաջին հերթին Պուրճ Համուտի նկարագիրին պահպանումը շատ կարեւոր է: Պուրճ Համուտի մէջ մեր ժողովուրդին ներկայութիւնը շատ կենսական է: Եւ ահաւասիկ, այս մտահոգութիւններուն իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան լծուած է` այս գեղեցիկ շէնքերու շինութեան, ուր մեծ թիւով հայ ընտանիքներ պիտի բնակին: Լայն կարելիութիւններով օժտուած նախաձեռնութիւն է, սակայն վերջին քանի մը տարիներուն, դարձեալ պայմաններուն բերումով, այս աշխատանքները կանգ առին: Բայց մենք պիտի չուզէինք, որ անոնք կանգ առնեն, ինչպէս որ կը տեսնէք, այս շէնքերուն շինութիւնը պիտի շարունակուի, պէտք է շարունակուի. ճիշդ է, պետական ծրագիր է, բայց պետական ծրագիր ըլլալով, նաեւ քաղաքապետութեան ծրագիր է, քաղաքապետութեան ծրագիր ըլլալով, լիբանանահայութեան ծրագիրն է, մեր բոլորին ծրագիրն է, որովհետեւ հայ ընտանիքներ պիտի բնակին այստեղ, յատկապէս նոր ամուսնացած զոյգեր, որոնք ընտանիք պիտի կազմեն: Ինչպէս մեր կառոյցներուն օգտակար ըլլալը` դպրոցէն սկսեալ մինչեւ բարեսիրական միութիւններու, կազմակերպութիւններու, նաեւ այս ծրագիրին օգտակար ըլլալը մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Ես քաղաքապետին զեկուցումը լսեցի, թէ ինչպէ՛ս հանգրուանային ձեւով այս շէնքերուն շինութիւնը կարելի է ամբողջացնել յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին: Իբրեւ առաջին քայլ, հանգրուան, 58 ընտանիքի բնակարան ապահովող այս առաջին շէնքին շինութիւնը պէտք է աւարտի: Հետեւաբար, առաջին շէնքին շինութիւնը աւարտելու համար մենք կարիք ունինք, քաղաքապետին ծրագիրին համաձայն, հսկայական գումարի: Ես հոսկէ կը յայտարարեմ, իբրեւ առաջին քայլ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս գումարի ապահովման աշխատանքին պիտի մասնակցի, եւ առաջին ներդրումը մենք` կաթողիկոսարանը պիտի կատարենք, որպէսզի մեր բարի օրինակին հետեւին նաեւ ուրիշներ` մեր ազգայինները: Իմ սպասումս է, որ յառաջիկայ օրերուն մեր ազգայինները` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս, յատկապէս անոնք, որոնք Լիբանանի դրամատուներուն մէջ գումարներ ունին, փոխանակ այդ գումարները դրամատուներուն մէջ պահելու, պէտք է զանոնք, որոշ իմաստով, փրկելու համար, այս ծրագիրին մասնակցին: Այս ծրագիրն եւ անոր իրականացումը մեզի համար, քաղաքապետութեան համար եւ ժողովուրդին համար շատ կարեւոր է: Այսպիսով մեր շրջապատին, միւս համայնքներուն, պետական պատասխանատուներուն մենք ձեւով մը պատգամ կը փոխանցենք` ըսելու, որ այն ինչ որ երբեմն պետութիւնը չի կրնար ընել, մենք ըրած ենք եւ պիտի ընենք: Այս վկայութիւնը պէտք է տանք` այս ծրագիրի իրագործմամբ», յայտնեց վեհափառ հայրապետը: Ապա ան կրկին իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց քաղաքապետին, քաղաքապետական խորհուրդին եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն` հաստատելով, որ ինք բոլորին կողքին է բառին ամբողջական իմաստով եւ տարբեր ծրագիրներով, որոնց ճամբով փորձ կը կատարուի միշտ օգտակար ըլլալու բոլորին:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս շրջագայեցաւ համալիրին մէջ, ծանօթացաւ աշխատանքներու ընթացքին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.