Արամ Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ քննարկեց Արցախի հարցն ու հայ գերիներու ազատ արձակումը
- (0)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի պետական քարտուղար՝ Քարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած է Արցախի հայութեան իրաւունքներուն, տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձին եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման վերաբերող հարցերը։ Այս մասին հաղորդած է Կաթողիկոսութեան մամուլի գրասենեակը։
Արամ Ա. շեշտած է, թէ արցախահայութեան վերադարձը, անոնց իրաւունքներուն վերահաստատումը, պատմամշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շուտափոյթ ազատ արձակումը հայ եկեղեցւոյ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար հրամայական են։ Վեհափառ Հայրապետը այս ծիրին մէջ հայցած է Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը։
Հաղորդագրութեան համաձայն, Արամ Ա. նաեւ բարձր գնահատած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով Սուրբ Աթոռին հետեւողական ու անփոփոխ դիրքորոշումը։
Իր կարգին, Քարտինալ Փարոլին ներկայացուցած է այն քայլերը, զորս Վատիկանը կը ձեռնարկէ Արցախի հարցին եւ յատկապէս հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լիբանանի իրավիճակին։ Արամ Ա. բարձր գնահատած է Լիբանանի նախագահի ու վարչապետի գլխաւորութեամբ կառավարութեան կողմէ տարուող հետեւողական աշխատանքը։
Խօսելով հարաւային Լիբանանի տագնապին մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է, թէ Իսրայէլ պէտք է դուրս բերէ իր զինուորական ուժերը հարաւային Լիբանանէն, Լիբանանի բանակը ստանձնէ երկրի ընդհանուր ապահովութիւնը, իսկ լիբանանեան պետութիւնը վերահաստատէ իր գերիշխանութիւնը բոլոր շրջաններուն վրայ։
Արամ Ա. նաեւ ընդգծած է Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ բոլոր համայնքներուն միջեւ, եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Վատիկանին՝ ցուցաբերուած շարունակական զօրակցութեան համար։