Արաբական միացեալ էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը զայրացուցած է թուրքերը

 
Թրքական լրասփիւռներ դառնութեամբ կ՚արձագանգեն Արաբական միացեալ էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլահ պին Զայէտ ալ Նահիանի Հայաստան այցին, աւելցնելով՝ որ ան գացած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ: Թուրք մամուլը տրտունջով կը գրէ. «Մենք ալ կը կարծէինք, որ ԱՄԷ-ն բարեկամ երկիր է»:
Ըստ Թուրքերուն՝ այս այցելութիւնը անկասկած կապ ունի Թուրքիոյ կողմէ Քաթարին ցուցաբերուած զօրակցութեան հետ, որ խոր դժգոհութիւն պատճառած է Սաուտական Արաբիոյ եւ ԱՄԷ-ին, իսկ այս վերջնոյն Արտաքին գործոց նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնն ալ ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ եւ ԱՄԷ-ի յարաբերութիւնները հասած են խզման սահմանին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.