Արաբական Ծոցէն Դէպի Սեւ Ծով` Շրջանցելով Հայաստանը. Իրան Միտքը Փոխա՞ծ Է

Իրան, Ազրպէյճան եւ Վրաստան համաձայնած են Արաբական ծոցը Սեւ ծովուն կապող տարանցիկ ճամբու կազմակերպման շուրջ: 8 դեկտեմբերին ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան, հաղորդեցին, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Իրանի ճամբաներու պահպանման կազմակերպութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

«Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ երկու հանդիպումէ ետք (ինքնաշարժներու փոխադրամիջոցի ստեղծման շուրջ) մենք անոնց առաջարկեցինք շրջանային մերձեցման նոր տարանցիկ միջանցք ստեղծելու նախաձեռնութիւն», ըսած է Իրանի Միջազգային տարանցման եւ փոխադրամիջոցի վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Ջաւատ Հետայաթի:

«Այս ծրագիրը առաջարկուած է ութ տարի առաջ, սակայն քանի որ բազմաթիւ երկիրներ մասնակից եղած են այս համաձայնագիրին, անիկա տակաւին չէ իրականացուած, եւ կողմերը համախոհութեան չեն եկած», աւելցուցած է ան:

Անոր համաձայն, նոր ճամբու ստեղծումը կրնայ Արաբական ծոցը կապել Սեւ ծովուն հետ:

«Վրաստանը եւ Իրանը համաձայնագիրի հիմնական կողմերն են, որովհետեւ Իրան ելք ունի դէպի Պարսից ծոց, իսկ Վրաստանը երկու կարեւոր առեւտրական նաւահանգիստներ ունի Սեւ ծովուն արեւելքը: Միւս կողմէ` Վրաստան եւ Ազրպէյճան մեծ ջանքեր գործադրած են իրենց փոխադրամիջոցային ենթակառոյցները բարելաւելու եւ զարգացնելու համար, ուստի մենք փորձած ենք  այս երկու երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը ընդլայնել», ըսած է Հետայաթի:

Համաձայնագիրին համաձայն, յառաջիկայ չորս ամիսներուն ընթացքին Իրանէն փորձառական բեռներ պիտի ուղարկուին Ասթարայի շրջանի սահմանային կէտով Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ Վրաստանի նաւահանգիստներով Պուլկարիա կամ Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներ առաքելու համար:

«Մենք կը փորձենք այս ծրագիրի փորձառական փուլը կատարել մինչեւ այս տարեվերջ (ըստ իրանեան օրացոյցի, մինչեւ 20 մարտ 2022), որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել խոչընդոտներն ու խնդիրները: Ապա երեք երկիրներուն միջեւ վերջնական հանդիպման ընթացքին մեքանիզմ պիտի ստեղծուի` նուազեցնելու ծախսերն ու ժամանակը», բացատրած է իրանցի պաշտօնատարը:

ԻՍՆԱ կը յիշեցնէ, որ Իրան այն երկիրներէն է, որ իր ռազմավարական դիրքին եւ յատուկ աշխարհագրութեան շնորհիւ առեւտրական եւ տարանցիկ յարաբերութիւններուն մէջ յատուկ կարգավիճակ ունի, որովհետեւ Իսլամական Հանրապետութեան տարածքէն կ՛անցնին քանի մը կարեւոր միջազգային միջանցքներ:

Իրանի հարաւին մէջ Արաբական ծոցն է, ուր կը գտնուին աշխարհի քարիւղ արտահանող մեծագոյն երկիրները: Իրանի հիւսիսը Կասպից ծովն է, որ լաւագոյն կամուրջն է Իրանի, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Թուրքմենիստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եւ կրնայ կարեւոր դեր խաղալ այդ երկիրներուն միջեւ առեւտուրի մէջ:

Իրան նախապէս դէպի Սեւ ծով իր առեւտրական ելքը կառուցելու ընթացքին հաստատած էր այլ առաջնահերթութիւն` Հայաստանի տարածքը օգտագործելը: Թեհրանի այս վերաբերմունքը իր ընդգծուած դրսեւորումը գտաւ այս տարուան աշնան, երբ շրջանին մէջ Պաքուի գործողութիւններուն պատճառով Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապ սկսաւ:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ Գորիս-Կապան ճամբու մէկ մասի թշնամիին յանձնումը, որմէ ետք իրանցի վարորդները հարկադրաբար տուրք կը վճարեն նաեւ Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ նոր կառուցուած Տաթեւ-Աղուանի ճամբու անյարմարութիւնը պատճառ դարձած են, որ Իրան հրաժարի Հայաստանը իբրեւ տարանցիկ երկիր նկատելէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.