Ատրպէյճանի խորհրդարանը կը մեղադրէ «հայկական լոպին»՝ ապատեղեկատուական արշաւի մէջ

Ատրպէյճանի խորհրդարանի արտաքին միջամտութեան եւ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարի ժամանակաւոր յանձնախումբը յայտարարած է, թէ վերջին օրերուն ապատեղեկատուական արշաւ մը կը տարուի՝ ուղղուած թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան օրակարգին դէմ։

Ըստ «Ազատութիւն» լրատու գործակալութեան, յանձնախումբը պնդած է, որ այս արշաւը կը կազմակերպուի արտասահմանի մէջ գործող հայկական լոպիական շրջանակներու, ինչպէս նաեւ որոշ օտարերկրեայ պաշտօնատարներու եւ լրատուամիջոցներու կողմէ։

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Պաքուն կը մեղադրէ, թէ Ստեփանակերտի մէջ եկեղեցիներու աւերումին վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման կոչերը կը հրահրուին նոյն այդ շրջանակներու կողմէ։ Յանձնախումբը նաեւ կը պնդէ, որ հայկական կողմը «նոր մարտավարութիւն» որդեգրած է՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով «ցեղասպանութեան», «պատերազմական գերիներու» եւ Խանքենդիի (Ստեփանակերտ) մէջ իրականացուող շինարարական ծրագիրներու վրայ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ նման քայլերը կրնան վնասել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «փխրուն» խաղաղութեան հոլովոյթին, սակայն որեւէ յստակ փաստ կամ օրինակ չի ներկայացուիր։

Այս յայտարարութիւնը կը յաջորդէ Ատրպէյճանի խորհրդարանի վերջին որոշման՝ խզելու կապերը Եւրոպական խորհրդարանին հետ, վերջինիս կողմէ որդեգրուած բանաձեւէն ետք, որով վերահաստատուած էր աջակցութիւնը Արցախի հայերու իրաւունքներուն՝ ներառեալ անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի պահանջը միջազգային երաշխիքներու ներքոյ։