Ատրպէյճանական բանակի յատուկ ջոկատայիններու լայնածաւալ զօրավարժութիւն Նախիջևանի մէջ

Հոկտեմբեր 30-ին Նախիջևանի մէջ տեղի ունեցած են ատրպէգճանական բանակի և զինուորական այլ կառոյցներու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած ենօդային ռազմամիջոներ եւ հրետանի, որոնց հետևած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: Այս մասին կը յայտնէ Ռազմինֆօ լրատուական կայքը՝ վկայակոչելով Նախիջևանի պետական լրատուական գործակալութիւնը:

Զօրավաժութիւններուն մասնակցած են Նախիջևանի սահմանապահ զօրագունդը, ներքին զօրքերու գունդի եւ պետանվտանգութեան ծառայութեան յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները: Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ մասնակցած են ընդհանուր հազարէ աւելի զինուորական, որը զգալի թիւ է յատուկ ջոկատայիններու համար:

Մասնակցած են նաև 80-է աւելի զրահապատ, 20-է աւելի Հակօդային միջոց, շուրջ 40 միաւոր հրետանի, 10-է աւելի ռազմական օդանաւեր, որոնց շարքին ՍՈւ-25 եւ Մի-35 յարձակողական ուղղաթիռներ և ԱԹՍ-ներ (Անօդաչու թռչող սարք):

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.