Առաջնորդ Սրբազան հօր ու Գանատայի Հայոց Թեմի պատուիրակութեան շնորհաւորական այցը Հայաստանի նորանշանակ դեսպանին

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմը ներկայացնող պատուիրակութեան մը, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի դեսպան նշանակման առթիւ:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեանը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Համբիկ Գարայեան ու անդամներ, Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետը, Ազգային Երեսփոխաններ եւ Թեմիս Եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ:

Սիրալիր ու ջերմիկ Հանդիպումը սկսաւ ողջոյնի խօսքերու փոխանակումով, ապա շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով:

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի մեծ ընտանիքին, ողջունեց Հայրենի նորանշանակ դեսպանն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները, եւ ապա, ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան ամփոփ պատկերը թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ ազգային ու կրթական մարզերու մէջ, մանաւանդ ընդգծելով Առաջնորդարանիս տարած ու տանելիք աշխատանքները Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն ու Արցախի մէջ, յոյս յայտնելով, որ այս հանդիպումը կ’անդրանցնի փոխադարձ ծանօթացման սահմաններն ու կը վերածուի համագործակցութեան նոր հանգրուանի ու մեկնակէտի, ի խնդիր Հայրենի պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան առաւել զարգացման։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ Ազգային Առաջնորդարանը Հայաստանի ու Արցախի մէկ մասնիկն է Գանատայի մէջ, եւ կռուան ու զօրավիգ՝ Հայաստանի պետութեան ու ամբողջ հայութեան։

Տիկին Դեսպանը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր այս հանդիպման համար: Վեր առնելով միասնութեան, համագործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները, Տիկին Դեսպանը նշեց, որ Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ եղած է ու կը մնայ հայապահպանման ու հայակերտման օրրան, իսկ Գանատայի Հայոց Թեմը առհասարակ, ծանօթ է որպէս հայախօս ու հայրենատրոփ գաղութ: Ան իր խօսքը եզրափակեց իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելով Ազգային Առաջնորդարանի հայրենանպաստ գործունէութեան:

Հանդիպումը վերջ գտաւ մտերմիկ զրոյցով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.