Անկախութիւնն ու ազգի ինքնաճանաչողութեան պահը

«Ոչ փող զարկին, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ, սարէ ի սար չարագուշակ տարին լուր…»։ Այսպէս, Հայաստանի վերանկախացման 31-րդ յոբելեանի նախօրեակին, Հայաստանի չարագուշակ իշխանութիւններուն ապիկար ու ազգակործան քաղաքականութեան պատճառով լքուեցան ու յանձնուեցան Աղաւնոն, Բերձորն ու Սուսը՝ Արցախը Հայաստանին շաղկապող վերջին տարածքային պորտակապը։  այնպէս ինչպէս դարեր առաջ «յանձնուած» էր պատմական Անին։ Երկու տարուան վրայ երկարող լուռ հերոսամարտ էր Աղաւնոյի բնակիչներու դիմադրութիւնը՝ կառչած մնալու հայրենի հողին։

Այսօր, համընդհանուր յարձակում գործած է թշնամին մեր սահմաններէն ներս եւ գործող իշխանութիւնները, կամ այսօրուան ղեկին տիրապետող անձը՝ կը յայտնէ թէ պիտի ստորագրէ զիջումի նոր համաձայնագիր։ Այս է ձախորդ ղեկավարի տեսլականը՝ հայոց գոյատեւման յանգոյն։

2018 թուականի իշխանափոխութենէն ետք ժողովուրդի որոշ հատուածի յուսադրութեամբ համակուելուն անմիջապէս յաջորդած 2020 թուականի պարտութեան ու անդարձ կորուստներու հարուածն ու գործող իշխանութիւններու հանդէպ համատարած յուսախաբութիւնը, ազդած են Հայրենիքի ու Սփիւռքի հասարակութեանց բարոյահոգեբանական գետնի վրայ ու զգետնած ազգային զգօնութիւնն ու դիմադրողականութիւնը։ Նման տապարահարուած ազգային ընկճուածութենէն վերականգնելու համար, առաջին հերթին անհրաժեշտ է իրականացնել իշխանափոխութիւն, հեռացնելով գործող վարչակարգը, որոնք չորս տարուան ընթացքին պարզապէս ձախողած են պետութիւնը ամրակառոյց հիմերու վրայ տեղադրելու ու զարգացնելու իրենց առաքելութեան մէջ, միաժամանակ կատարեալ ապիկարութիւն ցուցաբերած են թշնամիի յարձակապաշտութեան յորձանքները զսպելու առաջադրանքին մէջ։ Մէկ խօսքով, չորս տարուան ընթացքին քաղաքական ծայրահեղ անհաւասարակռութեան ու անկառավարելիութեան ժամանակահատուածին՝ այս վարչակարգը իր հակոտնեայ քաղաքական ուղղուածութեամբ հունափոխած է պետութեան առաջընթացը եւ անդառնալի հարուած հասցուցած Արցախով միաւորուած Հայաստանի տեսլականին։

Ինչ կը վերաբերի ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան, ուր կատարեալ ձախողութիւն կրած է իշխանութիւններու դիւանագիտական սպայակազմը եւ իրենց դաւանած «խաղաղութեան դարաշրջան»ը պարզապէս ինքնախաբէութիւն է։ Մէկ բան յստակ է, որ հակամարտութեան լուծման համար ատրպէյճանական կողմին համար բանակցութիւններու այլընտրանքը՝ նոր պատերազմն է եւ Արցախի բարձունքներն ու մերձարաքսեան տարածքները բռնագրաւելէ ետք, յաջորդ թիրախը՝ Սիւնիքի, Տաւուշի ու Գեղարգունիքի տարածքներն են։ Եւ այդ այսօր իսկ գործադրման ընթացքի մէջ է։

Սփիւռքի ընդհանրական ներուժի տնտեսական եւ քաղաքական առանձնայատկութիւններու հանրագումարը ի մի բերելով, Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեանց աջակցութեան նոր ու համակարգուած հայեցակարգային ծրագիրներու մշակումն ու անոնց անմիջական գործադրումը՝ որակական նոր աւիւն կրնան ներարկել ազգային միասնական մեր հայրենակերտման աշխատանքներուն։

Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց անվտանգութեան ապահովման եւ պաշտպանական համակարգի բարձրորակ կատարելագործման համար այսօր եւ յառաջիկայ հանգրուանին գերխնդիր է համաշխարհային չափանիշներով գիտական ռազմարուեստի կիրառումն ու զարգացումը՝ վերաիմաստաւորելու ու նորոգ կազմակերպելու մեր պաշտպանական մարտավարութիւնը, սպառազինելու գործընթացն ու բանակաշինութիւնը։

Նոյն բովանդակութեան մէջ եւ վերը նշուածը ամբողջացնելու միտումով, հիմնովին պէտք է վերանայուի պետութեան ազգային անվտանգութեան հայեցակարգը՝ ուրուագծելով առնուազն յառաջիկայ տասնամեակի պաշտպանական համակարգի ռազմավարական ճանապարհային քարտէսը։ Այս օրերուն մանաւանդ, հարկ է կանխազգալ անկանխատեսլին, ռազմաքաղաքական հեռատեսութեամբ եւ տիրապետել կացութեան եւ պատերազմական ճգնաժամն արագօրէն յաղթահարելու ունակութիւն ցուցաբերել։

Նաեւ, անհրաժեշտ է վերասահմանել Սփիւռքի գործօնն ու վերուստ քննարկել սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնը հայրենակերտման գործին մէջ, նկատի ունենալով, որ վերանկախացումէն ետք, Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնները չեն ընթացած փոխլրացման բնոյթով եւ անցնող 30 տարիներու ընթացքին Սփիւռքի գիտական, տնտեսական ու փորձագիտական ամբողջական ներուժի օգտագործան գծով ընդհանուր հայեցակարգ կեանքի չէ կոչուած։ Այս ուղղութեամբ, Սփիւռքի գիտարուեստի մարզի ներկայացուցիչները համախմբելու եւ համագործակցութեան համալրուած ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք գործադրելու առաջադրանքը՝ նախաքայլը կրնայ ըլլալ Սփիւռքի ներուժի լիիրաւ օգտագործան։

Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ինքնորոշման գործընթացին կարեւոր դերակատարութիւն  ունի սփիւռքը, որուն լոպպինկի կազմակերպութիւնները, յատկապէս ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը բազմաբեւեռ գործունէութիւն տարած են։ Սակայն այս ծիրէն ներս հայրենակերտման ու պետականութեան ամրացման համար, այսօր խիստ անհրաժեշտ է Սփիւռքի ողջ կարողականութեան օգտագործումը՝ Արցախի միջազգային ճանաչումը արդիւնաւէտ հանգրուանի հասցնելու համար։

Արցախահայութեան հայրենազրկման ու ատրպէյճանական յարձակապաշտութեան այսօրուան պայմանները մեզ կը պարտադրեն, որ պետութեան անվտանգութեան համակարգի վերաիմաստաւորումն ու անոր գործադրութիւնը այսօր անյետաձգելի գերխնդիր որպէս ընկալուին, որպէսզի դուռ չբացուի նոր կենսատարածքներու կորուստներու։

Ինքնիշխան պետութիւն դառնալէ 30 տարի ետք, մեր իսկ գործած թերութիւններն ու վրիպումները չափակշռելու ինքնաճանաչման պահը հասած է, որպէսզէ միասնաբար, համերաշխութեամբ ու համախումբ ճիգերով կերտենք այն կազմակուռ հայրենիքն ու պետականութիւնը, որ այլեւս կախեալ չէ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ հիւսիսէն, ո՛չ արեւելքէն եւ ո՛չ ալ հարաւէն, այլ՝ իր վաղուան երթը վստահած է իր միասնութեան եւ կազմակուռ ազգ ու պետութիւն դառնալու աներեր կամքին։

Եւ այդ իրագործելու առաջնահերթ նախապայմանը՝ այս իշխանութիւններու վերջնական հեռացումն է՝ Յանուն Հայրենիքի հզօրացման, յանուն մեր Հայրենիքի յաւերժ գոյատևման,

«Հորիզոն» Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.