«Անի Եւ Ջուղա» (Հեղինակ` Նազենի Ղարաբաղցեան)

Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Նազենի Ղարաբաղցեանի «Անի եւ Ջուղա» ալպոմը: Նկարները առնուած են Արտաշէս Վրոյրի անձնական արխիւէն: Յառաջաբանը գրած է Արշակ Բանուչեան:

Նազենի Ղարաբաղցեան կ՛ըսէ, որ Անին համաշխարհային քաղաքի իր երթը սկսաւ 10-րդ դարուն, երբ Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորին օրով Բագրատունեանց մայրաքաղաքը դարձաւ:

Թշնամիներու յարձակումէն ու քոչուոր ցեղերու արշաւանքներէն քաղաքը պաշտպանուած էր կրկնակի պարիսպներով, որոնք կառուցող թագաւորներու անուններով կոչուած են Աշոտաշէն եւ Սմբատաշէն: Այժմ պարիսպները մեծ մասամբ քանդուած են: Պարիսպները սրբատաշ քարերով շարուած են, ունին 10-11 մեթր բարձրութիւն եւ կ՛երկարին երկուքուկէս քիլոմեթր: Ունեցած են բազմաթիւ բուրգեր ու աշտարակներ: Անի քաղաքը 40 դուռ ունեցած է, իւրաքանչիւրը իր անունով:

Անիի մէջ այնքան շատ եկեղեցիներ ու մատուռներ կային, որ անիկա կոչուած է հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք:

Բագրատունի թագաւորները հովանաւորած են գիտութիւնն ու մշակոյթը: Եկեղեցիները եղած են նաեւ մշակոյթի կեդրոններ: Հոն գրուած ու հաւաքուած են ձեռագիր մատեաններ: Սովորական դպրոցներու կողքին կար նաեւ համալսարան, ուր կը դասաւանդէին օտար լեզուներ, աստուածաբանութիւն, թուաբանութիւն, աստղաբաշխութիւն, տոմարագիտութիւն, նկարչութիւն եւ երաժշտութիւն:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.