Անթիլիասի Մէջ Սկիզբ Առաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը

2 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովի բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 100 մամուլի մշակներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։

«Տէրունական Աղօթք»ին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ու «Կիլիկիա» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որմէ ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ընթերցեց Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը։ Ապա, Տիկին Աննա Յակոբեան, համաժողովին պատուոյ հիւրը, ներկաներուն փոխանցեց իր խօսքը։

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2 ՅՈՒԼԻՍ

9:30 – 11:00       Ա. ՆԻՍՏ՝

 

        Պաշտօնական բացում

  • Հայր մեր
  • Հայաստանի Քայլերգ
  • Արցախի Քայլերգ
  • Կիլիկիոյ Քայլերգ
  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը
  • Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը
  • Տիկին Աննա Յակոբեանի (Պատուոյ հիւր) խօսքը

11:00 – 11:30     Դադար

11:30 – 13:00     Բ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համա­գործակցութիւն – խնդիրներ եւ ընելիքներ

Ատենապետ՝  Շահան Գանտահարեան

Զեկուցաբերներ՝

Ժիրայր Չոլաքեան – «Մամուլը անկախութեան, նորա­րա­րութեան եւ համագործակցութեան հրա­մայականներուն դիմաց»

Վահրամ Պօղոսեան – «Արցախեան մամուլը մարտահրա­ւէրներ եւ խնդիրներ»

Վահագն Գարագաշեան (հեռակապով) – «Հակահայ քա­րոզ­չութեան դէմ տեղեկատուական պատե­րազմը»

14:30 – 16:00     Գ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Մամուլը եւ նորարար արհեստագի­տութեան մարտահրաւէրները

Ատենապետ՝  Միքայէլ Հաճեան

Զեկուցաբերներ՝

Արամ Անանեան – «Հայկական տպագիր մամուլի ապա­գան. ինչպէ՞ս մրցունակ մնալ թուային դա­րաշրջանին մէջ»

Վիգէն Աւագեան – «Մամլոյ սպասաւորի կերպարը՝ նորա­րար արհեստագիտութեան օրերուն»

Նայիրի Հոխիկեան – «Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը պահպանող հայերու գործօն հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն եւ հայ­կական ինքնագիտութեան մէջ»

Ահարոն Շխրտըմեան – «Տպագիր մամուլը եւ նոր իրա­կա­նութիւն»

16:30 – 18:00     Դ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցան­ցերը

Ատենապետ՝  Զաւէն Թորիկեան

Զեկուցաբերներ՝

Գայիանէ Առաքելեան – «Youtube»եան եւ «Facebook»եան հեռարձակումները որպէս «մետիա»ի ան­կա­խութեան նոր գործիք եւ հնարաւորու­թիւն

Սա­թիկ Սէյրանեան – «Հայաստանեան մամուլը թաւշեայ իրադարձութիւններէն յետոյ. մարտա­հրա­ւէր­ներ»

Գեղամ Մանուկեան – «Ամբողջական փոխճանաչման խն­դիրը հայկական մամուլին մէջ»

Աբօ Չափարեան – «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքե­լու­թիւնը արագընթաց փոփոխութեան են­թա­կայ տեղեկատուական դաշտէն ներս»

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 3 ՅՈՒԼԻՍ

9:30 – 11:00       Ե. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Տեղեկատուական անվտանգութիւ­նը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւն

Ատենապետ՝  Արա Պուլուզեան

Զեկուցաբերներ՝

Նորեկ Գասպարեան – «Սեփական ստորագրութեան հա­ւաստիութիւնը»

Ար­տակ Ալեքսանեան – «Տեղեկատուութեան անվտան­գութիւններու լրատուութեան հաւաս­տիու­թիւնը հեռարձակուող մամուլին մէջ»

Արա Գոչունեան – «Հայ մամուլը որպէս աշխարհատարած ցանց»

Թա­թուլ Յակոբեան – «Արցախին մէջ հող յանձնելու թեման հայկական լրատուամիջոցներու մէջ»

11:30 – 13:00     Զ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Համահայկական խնդիրներ եւ միջ­ազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորում

Ատենապետ՝  Սեւակ Յակոբեան

Զեկուցաբերներ՝

Աննա Կարապետեան – «Համացանցային կայքէջեր եւ մամուլի խնդիրներ»

Ար­­տաշէս Շահպազեան – «Միասնական հայ մամուլը հա­մահայկական խնդիրների հետա­պնդման ճակատում»

Ռոպէր Աթթարեան – «Հանրային կարծիքի ձեւաւորումը եկեղեցական միջավայրէն ներս. փորձեր եւ ձեռքբերումներ»

14:30 – 16:00     Է. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ – լեզու եւ մշակոյթ

Ատենապետ՝  Անի Եփրեմեան

Զեկոցաբերներ՝

Հրաչ Սէփէթճեան – «Արեւմտահայերէնի խնդիրները եւ այսօրուան հայ մամուլը»

Յակոբ Պալեան – «Հայ մամուլը (հայաբարբառ եւ օտա­րաբարբառ) յանձնառու ինքնութեան պատ­ուանդան»

Վարուժան Արք. Հերկելեան – «Եկեղեցական մամուլի ի սպաս հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպան­ման եւ զարգացման»

Աւե­տիս Փօշողլեան – «Մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը»

16:30 – 18:00     Ը. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայ մամուլն ու բազմակարծութեան կարեւորութիւնը – խօսքի ազատութեան խնդիրներ

Ատենապետ՝  Իվետա Տոնոյեան

Զեկուցաբերներ՝

Արմինէ Օհանեան – «Խօսքի ազատութեան կայացման 30-ամեայ ուղին. հանրային աջակցութիւն եւ իշխանութեան դիմադրութիւն»

Պետ­րոս Ղազարեան – «Լրագրութիւնը որպէս մարտա­հրաւէր»

Զարմիկ Պօղիկեան – «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր»

Եր­ուանդ Ազատեան – «Նշումներ Սփիւռքահայ մամուլին մասին»

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 4 ՅՈՒԼԻՍ

9:30 – 11:00       Թ. ՆԻՍՏ

Նիւթ՝ Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջա­տիրութիւնը

Ատենապետ՝  Սեդա Խտըշեան

Զեկուցաբերներ՝

Յակոբ Ասատրեան – «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները. Սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի ան­հրա­ժեշտութիւնը»

Արամ Շահնազարեան – «Հայ մամուլի դերը պահանջա­տիրական պայքարի նպատակների սահ­մանման, յստակեցման եւ հանրահռչակման գործում»

Նազարէթ Պէրպէրեան – «”Ազդակ”ի ներդրումը «Հայկա­կան Պահանջատիրութիւն» յղացքի տարա­ծու­մին եւ գաղափարական հունաւոր­ման մէջ»

11:30 – 13:00     Ժ. ՆԻՍՏ

Եզրափակում – Համաժողովէն բխող առա­ջարկներ

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.