Անգարան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Իր Կարմիր Գիծը

Թուրքիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները սպասելի էին: Այն ինչ որ արտաքին գործոց նախարարը կամ յատուկ ներկայացուցիչը կ՛ըսէին անուղղակի, դիւանագիտական բառապաշարներով, հիմա նախագահը կը յայտարարէ ուղղակի:

Ի՞նչ է ըսուածը: Ազրպէյճան ի սկզբանէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար Թուրքիոյ կարմիր գիծն է, Ազրպէյճանի հետ խնդիրներու լուծումէն ետք է միայն, որ Թուրքիան կը բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր սահմանը:

Այս առիթով Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն մնացեալ բաժինները յանկերգներ են` Երեւանը պէտք է խօսքէն անցնի գործի, Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին հարիւր հազարաւոր հայեր եւ այլն:

Օդային տարածք բանալը, առանց ժամկէտ ճշդելու երրորդ երկրի քաղաքայիններու համար ցամաքային սահմանը օգտագործելու անժամկէտ որոշում տալը, յատուկ ներկայացուցիչին Թուրքիա-Հայաստան փակ սահման այցելելը գործընթացի շարունակութիւնը փաստելու կը ծառայեն եւ գուցէ նաեւ ծխածածկոյթ ստեղծելու, թէ յարաբերութիւններու հաստատման նախափուլին մէջ կը գտնուին կողմերը:

Հիմա աւելի պարզ է, որ բացարձակ նախապայմանային է Անգարայի մօտեցումը:

Այսպէս է տրամաբանութիւնը:

Ամէն ինչ պիտի համաձայնեցուի Պաքուի հետ: Հայաստանը Ազրպէյճանի հետ պիտի լուծէ իր խնդիրները, որմէ ետք է միայն, որ Թուրքիա պիտի բանայ իր սահմանը:

Նախապայմանները հետեւեալ կէտերով կարելի է բանաձեւել ուրեմն.

– Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ազրպէյճան սահմանազատում եւ սահմանագծում:

– Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացում. Անգարայի ձեւակերպումով` «Զանգեզուրի միջանցք»-ի տրամադրում:

– Երկկողմանի պայմանագիրի կնքում` տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչման եւ ապագային եւս տարածքային պահանջներ չներկայացնելու պայմանով:

Էրտողան չէ վարանած իբրեւ «կարմիր գիծ» բնորոշելու Ազրպէյճանը` Երեւան – Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման առումով:

Այս նախապայմանը համահունչ է Պաքուի հրապարակած հինգ կէտնոց «խաղաղութեան առաջարկ»-ին: Աւելի խորքային վերլուծումով հարազատ` Շուշիի հռչակագիրին:

Հիմա վերյիշենք Էրտողանի բանբերին յայտարարութիւնը, թէ` արցախեան հարցը լուծուած է թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ:

Աւելի՛ն. բանբերը սահմանի փակումը 1992-ին կը բացատրէ հայերու կողմէ «Ղարաբաղի գրաւումով»:

Պարզ է տրամաբանութիւնը, եւ այստեղ առանցքայինը թուրքեւազրպէյճանական դաշինքն է, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Շուշիի հռչակագիրով ամրագրուածը:

Նախապայմանները կը շարունակուին ուրեմն. Արցախի հարցը լուծելէ ետք պարտադրել Հայաստանի Հանրապետութեան ճանչնալու Արցախը` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:

Հետեւողականութիւն կայ բնականաբար բանբերին, արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահին կատարած յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ:

Իր ռուս գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Չաւուշօղլուն ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան համար կարեւոր է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համընդգրկուն պայմանագիրի ստորագրումը:

Այս յայտարարութիւնը համընդհանուր ձեւով լոյս կը սփռէ գործընթացին վրայ:

Յայտարարութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն անմիջապէս ետք: Կ՛ակնարկուի ամբողջ տարածաշրջանին. խորքին մէջ յղում չի կատարուիր 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան, բայց կը խօսի 9-րդ կէտին մասին:

Ըստ էութեան գործընթացները կ՛արձանագրուին Անգարա – Մոսկուա մրցակցային համագործակցական յարաբերութիւններու պարունակին մէջ:

Աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ, որքան սաստկանայ միջազգային ընտանիքին որդեգրած ճնշամիջոցային քաղաքականութիւնը Մոսկուայի դէմ, այնքան պիտի մօտենայ ռուս-թրքական համաձայնութիւններու գործադրելիութիւնը:

Թեհրանի եռակողմ հանդիպումը 3+3 ձեւաչափի առաջին միաւորի կայացման հանգրուանն էր կամ տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքի դէմ պատնէշի կառուցման աղիւսաւորումը:

Այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ ընկալելու համար Անգարայէն հնչող եւ նախապայմանային տեսք ստացող առաջադրանքները`«Կարմիր գիծ», «Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի իրագործում», «Զանգեզուրեան միջանցք», «Միայն Ազրպէյճանի հետ հարցերը լուծելէ ետք» ձեւակերպումներով դրսեւորուող:

Իսկ այս բոլորէն ետք յայտարարել, թէ բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց նախապայմաններու, նուազագոյն ըսելաձեւով քաղաքական միամտութիւն է:

Յառաջընթաց յայտարարելը, յատուկ ներկայացուցիչին սահման այցելելը, երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն առջեւ սահմանի բանալու անժամկէտ որոշում կայացնելը որեւէ բան չեն նշանակեր:

Անգարան ճշդած է իր կարմիր գիծը եւ վերաբանաձեւած իր նախապայմանները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.