Այսօր նժարի վրայ դրուած է Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցը. ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան

Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2022-ին, «Հորիզոն»ի աշխատակից Արիանէ Թասլաքեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանին հետ, որուն ընթացքին սպառիչ կերպով արծարծուեցան՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար մղուող Դիմադրութիւն շարժման պահանջներն ու հետագայ ծրագիրները, թուրք-ատրպէյճանական գործօնին եւ գերտէրութեանց միջամտութեանց զարգացումները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան Արցախի «Արեւային ջրատաքացման համակարգի» ծրագրին։
Անդրադառնալով Դիմադրութիւն շարժման պահանջներուն եւ հետագայ ծրագիրներուն, ընկեր Տօնապետեան նշեց, որ այսօր նժարի վրայ դրուած է Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցը, հայու գոյութենական պայքարն ու լինելութեան խնդիրը։ Արդէն ամիսէ մը ի վեր ազգային ուժերը կը պայքարին այն գիտակցութեամբ, որ հայրենիքը կարմիր գիծ է, իսկ թուրք-հայկական յարաբերութիւնները ականապատուած ծրագիր է։
Գերտէրութեանց միջամտութեանց ու նպատակներուն մասին անդրադառնալով, ընկեր Տօնապետեան ընդգծեց, որ հարաւային Կովկասը ի մասնաւորի, եւ տարածաշրջանը ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական ճգնաժամի մէջ է եւ իւրաքանչիւր գերտերութիւն պիտի փորձէ իր խաղի կանոնները պարտադրել փոքր երկիրներուն. Ուստի պարտ ենք առաւել չափով զգօն ըլլալ եւ չտարուիլ յառաջ նետուած ծրագիրներով՝ չվտանգելու համար մեր իսկ գոյութիւնը։
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան նորագոյն նուիրատուութեան մասին ակնարկելով, ընկեր Տօնապետեան նշեց, որ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը վերջերս ներդրում բերաւ երկու կարեւոր ծրագիրներու, որոնք պիտի օժանդակեն Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող հայութեան եւ պատերազմին վիրաւորուած զինուորներու վերականգնումին։ Առաջին ծրագիրը «Արեւային ջրատաքացման համակարգի» (Solar Panels program) որդեգրումն է Արցախի հանրապետութենէն ներս, որմէ պիտի օգտուին Արցախի սահմանամերձ գիւղերու ընտանիքները, որոնք անցնող ձմռան ամիսներուն, կազի խողովակներու պայթումի հետեւանքով զրկուեցան իրենց տուները ջերմացնող միջոցներէ։ Իսկ երկրորդը՝ «Զինուորի Տուն» Վերականգնողական Կեդրոնի Ծրագիրը։
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթիւն մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.