Այլեւս Չունենք Հայաստանի Օրակարգ Եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Ունենք Համազգային Օրակարգ. Նիկոլ Փաշինեանը՝ Իրանի Հայ Համայնքին

Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան առաջին օրուան վերջին հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կնոջ` Աննա Յակոբեանի եւ իր գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան հետ ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին հետ` Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան մէջ: Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ներկայ եղած են հազարաւոր իրանահայեր: Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ ելոյթով ներկաներուն դիմելը` գրառում կատարած է «Արարատ» մարզամշակութային միութեան պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ:

Ողջունելով իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչները` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ապրիլ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած դէպքերուն: Ան յատկապէս խօսած է Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին, ըսելով՝ Այո՛, Հայաստանի մէջ սփիւռքի հետ կապուած հարցերու մասին կրնան ըլլալ քննարկումներ, բանավէճեր, տարբեր մօտեցումներ եւ տեսակէտներ, բայց պէտք է բացառել այնպիսի գործողութիւններ, որոնք որեւէ ձեւով կասկածի տակ կը դնեն այն բացառիկ ազգային միասնութիւնը, որ այսօր կը վայելէ հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Իրանի եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Շարունակելով իր խօսքը` վարչապետ Փաշինեան ըսած է. «Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունենք Հայաստանի օրակարգ եւ Սփիւռքի օրակարգ, ունենք համազգային օրակարգ, որի նպատակը մեր համազգային նպատակների եւ երազանքների իրագործումն է:»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.