Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Հաւատարիմ Չմնալ Զինադադարին

Երէկ` չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին,  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ հայ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձով, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ արդէն 18 օր անցած է Արցախի դէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սանձազերծած ահաբեկչական պատերազմին` շեշտելով, որ պէտք է լաւապէս հասկնալ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը եւ յատկապէս պատերազմի ծագման պատճառներն ու պայմանները:

Վարչապետ Փաշինեան ըսած է, որ Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացին մէջ Ազրպէյճանը քայլ առ քայլ հասած էր կէտի մը, ուր, ըստ էութեան, հայ ժողովուրդին առջեւ, Ղարաբաղի հայութեան առջեւ կը դնէր սեփական իրաւունքներէ հրաժարելու պահանջ:

«Այդ պահանջի էութիւնը հետեւեալն էր. անյապաղ Ազրպէյճանին յանձնել 7 տարածքներէն 5-ը, ներկայացնել մնացեալ 2 տարածքները յանձնելու յստակ ժամանակացոյց եւ արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակ` պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

«Մեր կառավարութիւնը, որ բանակցային այս հիմքը ստացած էր իբրեւ ժառանգութիւն, կամ աւելի ճիշդ` բանակցային փուլ, ըստ էութեան, հրաժարեցաւ նման ձեւով հարցի քննարկումէ, որովհետեւ` ատիկա անընդունելի էր:

Վարչապետը շեշտեց, որ այս բոլորին զուգահեռ Ազրպէյճան վերջին տարիներուն կը զարգացնէ ռազմական հռետորաբանութիւնը եւ հայատեաց քարոզը, իսկ Հայաստան բարեփոխումներ եւ վերազինումներ կատարեց բանակին մէջ` փորձելով իրական պայմաններ ստեղծել «Ղարաբաղի հարցը չունի ռազմական լուծում»  կանխադրոյթի համար:

Փաշինեան դիտել տուաւ, որ յուլիս 2020-ին տեղի ունեցած տաւուշեան յաղթական մարտերը ապացուցեցին, որ ազրպէյճանական բանակը ի վիճակի չէ ռազմական ճամբով լուծել Ղարաբաղի հարցը, բան մը, որ ցնցեց ո՛չ միայն Ազրպէյճանը, այլ նաեւ Թուրքիան եւ այլ երկիրներ: Արդարեւ, անկէ ետք է, որ սկսան թուրք-ազրպէյճանական աննախադէպ ծաւալի ռազմափորձեր, մեծաթիւ թրքական զօրախումբ եւ ռազմական սարքեր տեղափոխուեցան Ազրպէյճան:

Անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան` Հայաստանի վարչապետը շեշտեց, որ Ազրպէյճան ոչ իսկ վայրկեան մը հաւատարիմ մնաց զինադադարի պայմանաւորուածութեանը եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ յարձակումները` միեւնոյն ժամանակ խոչընդոտելով հրադադարի պահպանման դիտարկման մեքանիզմի ձեւաւորումը:

Ան անդրադարձաւ հայկական կողմի մեծ կորուստներուն` նահատակներուն, որոնց նկատմամբ յարգանք կարելի է արտայայտել միայն:

«Բայց այսօրուան ուղերձիս հիմնական նպատակը մեր ընելիքին ու ռազմավարութեան մասին խօսիլն է, եւ այդ ընելիքին շուրջ մեր համազգային համախմբումը քաջալերելը: Եւ ուրեմն, անհրաժեշտ է արձանագրել, որ թուրք-ազրպէյճանաահաբեկչական դաշինքը այնպէս պիտի չդադրեցնէ իր յարձակումը Արցախի ու Հայաստանի նկատմամբ», շեշտեց Փաշինեան:

Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները ջանք ի գործ կը դնեն զինադադարի հաստատման հասնելու ուղղութեամբ, նաեւ յիշեց տարբեր երկիրներ, որոնք այս գծով աշխատեցան:

Երէկ Միչիկընի Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Բանաձեւին հեղինակը Միչիկընի օրէնսդիր մարմինի անդամ Մարի Մանուկեանն է:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Դիմատետրի իր էջով գրած է. «Ի պատասխան բազմաթիւ հարցումներու` անգամ մը եւս կը ներկայացնեմ արցախեան տագնապին վերաբերեալ ՀՅԴ դիրքորոշումը.

– Դաշնակցութեան համար անընդունելի է առանց Արցախի անկախութեան ճանաչման տագնապի լուծման որեւէ տարբերակ:

– Դաշնակցութեան համար անընդունելի է արցախեան տագնապի լուծման շրջանառուող փուլային տարբերակը»:

Ֆրանսայի հայ համայնքը 13 հոկտեմբերի երեկոյեան Փարիզի մէջ Ազգային ժողովի յարակից տարածքին մէջ   բազմամարդ հաւաք կազմակերպեց Ֆրանսայէն Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու պահանջով:

Հաւաքուածներու կարգին կային հայեր եւ օտարերկրացիներ: Ցոյցին միացած  են Վալերի Պուայէն ու այլ երեսփոխաններ: Մասնակիցները պահանջած են Ֆրանսայի իշխանութիւններէն ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:

«Մեզի տրուած է պատմական առիթ` Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ ցոյց տալու, թէ ո՛վ է մէկ բռունցք դարձած հայ ժողովուրդը», նշած է մասնակիցներէն մէկը: «Մենք բոլորս հայեր ենք», բացագանչած են ցուցարարները:

Աւելի ուշ, Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած է մոմավառութիւն:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդէս եկած է կոչով մը` Արցախի նկատմամբ թուրք-ազրպէյճանական ռազմական յարձակումներուն վերաբերող` դիտել տալով, որ ներկայ փուլը հայրենիքին համար վճռական է, որովհետեւ կենաց ու մահու կռիւ կը մղուի յանուն Արցախի մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան, անտեսելով զինադադարի համաձայնութիւնը, կը շարունակէ ռազմական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան դէմ` հրետակոծելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերն ու բնակչութիւնը, մեր յուշարձաններն ու սրբավայրերը, Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ իր հայատեաց քաղաքականութիւնը, իսկ Արցախի համար չկայ եւ չի կրնար ըլլալ անվտանգութեան երաշխիք Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Երէկ` 14 հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերէն վերսկսած են Ազրպէյճանի զինուած ուժերու յարձակողական գործողութիւնները, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այս պահը` աւելցնելով, որ գործողութիւններու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուած է նաեւ օդուժ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ զինուած յարձակման փորձը, որ կատարուեցաւ 14 հոկտեմբերին` թիրախաւորելով Վարդենիսի շրջանին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող մարտական համակարգը` ընդամէնը մերկապարանոց ենթադրութիւններու հիման վրայ` իբրեւ թէ այդ համակարգը «պատրաստ էր հարուածել Ազրպէյճանի խաղաղ բնակավայրերը»:

14 հոկտեմբերին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Թուրքիան արգիլած է իր օդային տարածքով Միացեալ Նահանգներէն 100 թոն մարդասիրական օգնութիւնը հասցնել Հայաստան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.