Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Նախաձեռնած Խորհրդարանական Լսումները` Սահմանազատման Վերաբերեալ

հինգշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը նախաձեռնած էր «Սահմանագծման եւ սահմանազատման հիմնախնդիրներ» նիւթով Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծի վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ` Ազգային ժողովի 3 խմբակցութիւններու, արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու, նախկին զինուորականներու, հասարակական եւ մտաւորական գործիչներու, մասնագէտներու, վերլուծաբաններու եւ փորձագէտներու մասնակցութեամբ:

«Ահագնացող սպառնալիքները բոլորս կը ստիպեն իրավիճակին համարժէք արձագանգել», սահմանագծման ու սահմանազատման հարցերով հրաւիրուած խորհրդարանական լսումներու ժամանակ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան:

Ան նշեց, որ լսումներու նպատակն է վեր հանել բոլոր այն խնդիրները, որոնք կապուած են առանց համապատասխան պայմաններու, առանց խաղաղութեան ու իրաւապայմանագրային հէնքի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ընթացակարգերու կոպիտ խախտումով, հապճեպ, թուրք-ազրպէյճանական խաբկանքին համահունչ սահմաններու ճշդման գործընթացին հետ:

Լսումները նպատակ ունին նաեւ կանխարգիլել Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այս կորուստներու ընթացքը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան խմբակցութեան հրաւիրած Ազգային ժողովի լսումներուն ժամանակ ներկայացուց Սահմանագծման եւ սահմանազատման հիմնախնդիրներու վերաբերեալ Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծը, որ լսումներէն ետք պիտի լրացուի եւ ընդունուի:

Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան նախագիծը.

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 103-րդ յօդուածը, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 98-րդ յօդուածը,

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը.

Դատապարտում է`

ա) Ազրպէյճանի կողմից Արցախի Հանրապետութեան տարածքների բռնազաւթումը,

բ) Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքների ներխուժումը, շարունակաբար ուժի գործադրումը կամ այն գործադրելու իրական սպառնալիքները,

գ) Ազրպէյճանի կողմից ռազմական գործողութիւնների նաեւ դադարումից յետոյ գերեվարուած, պատանդառուած անձանց նկատմամբ արձանագրուող միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները, կեղծ դատավարութիւնների պատրուակով նրանց չյանձնելը, պատերազմական յանցագործութիւն համարուող գործողութիւնները:

Արձանագրում է, որ`

ա) Ազրպէյճանի կողմից վերը նշուած յանցաւոր գործողութիւնները շարունակւում են ուղեկցուելով Հայաստանի ու Արցախի տարածքների նկատմամբ յաւակնութիւններով, այդ տարածքներում բնակուող խաղաղ բնակիչների նկատմամբ ահաբեկչութիւններով, բռնազաւթուած բնակավայրերում սրբավայերի ու պատմական յուշարձան հանդիսացող եկեղեցական կառոյցների սրբապղծմամբ:

բ) Սահմանների որոշումը սահմանակից պետութիւնների բացառիկ իրաւասութեան ոլորտն է, եւ որ սահմանները որոշւում են սահմանակից պետութիւնների միջեւ միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած համաձայնութեան միջոցով Միաւորուած ազգերի կազմակերպութեան «Միջազգային պայմանագրերի իրաւունքի մասին» 1969 թուականի Վիեննայի համաձայնագրի համաձայն, ըստ որի, ի թիւս այլ դէպքերի` առ ոչինչ է ուժի սպառնալիքի կամ այն կիրառելու միջոցով ցանկացած միջազգային համաձայնութիւն:

գ) Արցախի ժողովրդի` իր պատմական տարածքում ինքորոշման իրաւունքի երաշխաւորուած իրացումը եւ Արցախի բռնազաւթուած տարածքների ապաբռնագրաւումը տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր նախապայմանն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի նախագահութեան ձեւաչափով:

դ) 44-օրեայ պատերազմում անմիջական ներգրաւուածութիւն ունեցող պետութիւններից Թուրքիան շարունակում է բացայայտ աջակցել Ազրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններին մնալով անպատիժ,

ե) Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր իշխանութեան ներկայացուցչի կողմից ստորագրուած առնուազն քաղաքական եւ ռազմական նշանակութիւն ունեցող միջազգային փաստաթղթերը տէ ֆաքթօ իրաւական հետեւանքներ են առաջացնում, ինչի արդիւնքում բացայայտ շրջանցւում են Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 117-րդ յօդուածի Ա. մասի 2-րդ կէտի հիմնադրոյթները:

Առաջնորդւում է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, որի համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են բացառապէս հանրաքուէի միջոցով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհրդի 1992 թուականի յուլիսի 8-ի որոշմամբ:

Գտնում է, որ`

ա) Ազրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեանը ապօրինի բռնակցուած Արցախը չի կարող ընդգրկուել Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում: Ընդ որում, Ազրպէյճանը իր Սահմանադրութեամբ չի ընդունել, որ հանդիսանում է Ազրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութեան իրաւայաջորդը:

բ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի որեւէ միջազգային-իրաւական պարտաւորութիւն հիմք ընդունելու որեւէ քարտէսով արձանագրուած սահմանները, առաւել եւս, երբ այն չի համապատասխանում միջազգային լաւագոյն փորձին:

գ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ներկայացնող որեւէ անձ, այդ թւում գործադիր իշխանութեան ղեկավարը կամ այլ ներկայացուցիչը, չի կարող գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնութեան գալ խախտելով Արցախի Հանրապետութեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեանը վերաբերող վերը նշուած հիմնարար իրաւական չափանիշները: Այդպիսի ցանկացած համաձայնութիւն ի սկզբանէ առ ոչինչ է:

դ) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ վէճերը կարող են լուծուել բացառապէս խաղար միջոցներով` առանց ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման:

Պահանջում է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնից.

ա) զերծ մնալ որեւէ բանակցութիւնից, գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնութիւններից, որոնք կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան պահանջներն ու հայ ժողովրդի հաւաքական կամքը արտայայտուած Անկախութեան հռչակագրով:

բ) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման վերաբերեալ հարցը որեւէ կերպ չտարանջատել Արցախի ժողովրդի` իր պատմական տարածքում ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորուած իրացումից:

Կոչ է անում միջազգային կազմակերպութիւններին, բարեկամ երկրների խորհրդարաններին դատապարտել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիայի կողմից իրականացուած եւ շարունակուող յանցագործութիւնները, ձեռնարկել վերջիններիս նկատմամբ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելուն ուղղուած գործողութիւններ»:

Փաստաթուղթին վերաբերեալ ելոյթներու ընթացքին մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց առաջարկները եւ դիտողութիւնները:

Անոնք ողջունած են յայտարարութեան նախագիծը` նշելով, որ բովանդակային առումով անիկա կը համապատասխանէ այսօրուան հրամայականին եւ ունի իրաւաքաղաքական նշանակութիւն: Կարծիք  հնչած է, որ Ազրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր չունենալու պարագային սահմանազատման որեւէ գործընթացի սկսիլը ժամանակավրէպ է եւ հակասող Հայաստանի ազգային շահերուն: Նշուած է, որ թշնամի պետութեան հետ ճամբայ բանալէ առաջ պէտք է լուծել անվտանգութեան հարցը: Բանակի կարողութիւններու վերականգնման հարցով անհրաժեշտ է ունենալ համազգային համաձայնութիւն: Կարեւոր նկատուած է մեր երկրի ռազմավարական եւ ռազմական կարողութիւններու վերականգնումը:

Բանախօսները պահանջած են իշխանութենէն հրապարակել յառաջիկային ստորագրուելիք փաստաթուղթերը:

Ելոյթներու ընթացքին արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը անդրադարձած են երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ներկայացուցած են անոնց լուծման իրենց ուղիները:

Ամփոփելով լսումները` Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը կարեւոր նկատեց հնչած ելոյթներն ու առաջարկները:

«Այստեղ կան բազմաթիւ մարդիկ, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, տարբեր ոլորտներու մարդիկ, բոլորիս միաւորած է հայրենիքի փրկութեան գաղափարը: Այս օրերուն կարեւոր խնդիրներէն է ձեւաւորել պահանջ` ցոյց տալով, որ այս իշխանութիւնները չունին իրաւագիր երկիրը տանելու նոր զիջումներու, նոր յանձնուողականութեան: Բազմաթիւ անգամներ իշխանականները հնչեցուցած են` «ժողովուրդին կողմէ ունինք վստահութիւն, պիտի ընենք այն, ինչ որ ուզենք», մեր խնդիրն է, որ մեր պահանջը դարձնենք ժողովրդական պահանջ եւ ցոյց տանք, որ չունին այդ իրաւագիրը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Աւարտելով խօսքը` Ազգային ժողովի փոխնախագահը ընդգծեց.

«Մենք կ՛առաջնորդուինք մէկ սկզբունքով` ով որ մեր ծրագիրներուն դէմ չէ, ով որ մեզի դէմ չէ մենք իր կողքին ենք, իրեն հետ ենք` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.