Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան կը նշանակուի Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի խնդրանքին, տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան ստանձնէ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի պաշտօնը։
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ծնած է Լիբանան եւ մկրտուած է Մայք աւազանի անունով: Ան իր նախնական ուսումը առած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանէն, ապա յաճախած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Աւարտելէ ետք Ճեմարանի Միջնակարգը՝ հոգեւոր ծառայութեան կոչումին անսալով անցած է Լիբանան եւ աշակերտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Աւարտած է Դպրեվանքի Ընծայարանի Հնգամեայ ընթացքը: 2010 թուին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ օծուելով ստացած է Տէր Վարդան Աբեղայութեան անունը:
Վարդան Վարդապետի ծառայութիւնը Գանատայի Թեմէն ներս սկսած է Յունուար 2014-ին, նախ որպէս ժամանակաւոր հովիւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ու ապա Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ստանձնած է Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Վարիչի պաշտօնը եւ նոյն ընթացքին ղրկուած է Գէմպրիճ հովուելու Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքը մինչեւ նոր հովիւի ժամանումը։ Հայր Սուրբը իր քարոզներով կիրակնօրեայ ներկայութիւն եղած է թեմիս եկեղեցիներէն ներս եւ ձեռնհասօրէն վարած է իրեն յանձնուած պատասխանատուութիւնները։
Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս պաշտօնապէս նշանակեց Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հովիւի պաշտօնին, վստահելով անոր Լաւալի հայ համայնքը։