Արցախի նոր սերունդին առաջին քայլը՝ Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի հովանիին տակ

2015ի Հոկ­տեմ­բե­րին, իբ­րեւ դի­տորդ ներ­կայ գտնո­ւած էի Ե­րե­ւան, Հ.Օ.Մ.ի Հա­մա­հայ­կա­կան 71րդ ժո­ղո­վին, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւած էին Հ.Օ.Մ.ի Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը եւ նա­խա­հա­շի­ւը։
Մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծո­ւած էր ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն մօտ եւ տեղ­ւոյն վրայ մե­ծա­գու­մար նո­ւի­րա­տուու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւած էին՝ ե՛ւ միա­ւոր­նե­րու, ե՛ւ ան­հատ­նե­րու կող­մէ։
Շատ յու­զիչ էր ըն­կե­րու­հի­նե­րու ան­մի­ջա­կան ար­ձա­գան­գը՝ այս հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քին նկատ­մամբ, որ նո­րա­կերտ ու­սում­նա­կան օ­ճախ մը պի­տի ա­ւելց­նէր Ար­ցա­խի նոր սե­րուն­դի ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն հա­մար։ Ու­րեմն վստահ էի, որ այս ծրա­գի­րը շու­տով պի­տի հաս­նէր իր ա­ւար­տին։
Իս­կա­պէ՛ս, 2017ի Սեպ­տեմ­բեր 6ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զին բա­ցու­մը։ Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. Խա­չը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ տա­սը ըն­կե­րու­հի­նե­րով։ Ներ­կայ էին Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հը, Ա­ռաջ­նոր­դը, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, նա­խա­րար­ներ, պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր։
Ման­կա­պար­տէ­զի ե­րե­խա­նե­րու ու­րա­խու­թիւ­նը եւ ա­նոնց լայն ժպիտ­նե­րը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռե­ցին բո­լոր Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րուն, ո­րոնց ջան­քե­րուն շնոր­հիւ ի­րա­կա­նա­ցաւ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն յանձ­նո­ւե­ցաւ՝ Հ.Օ.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քը հպար­տաց­նող ար­դիա­կան ման­կա­պար­տէզ մը։
Խոր յու­զու­մի վայր­կեան­ներ ապ­րե­ցանք, Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հին հրա­ւի­րած հիւ­րա­սի­րու­թեան, Մար­տա­կեր­տի զօ­րա­նո­ցի այ­ցե­լու­թեան, Ար­ցա­խի միա­ւո­րի ճաշ­կե­րոյ­թին ըն­թաց­քին։ Այս ձեռ­նարկ­նե­րուն՝ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած նո­ւա­գա­խումբ­ներ, պա­րա­խում­բեր, եր­գիչ­ներ, ո­րոնք ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան յայ­տագ­րով զո­ւար­ճա­ցու­ցին մեզ, իսկ բո­լոր խօ­սող­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տե­ցին սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէ Ար­ցախ հա­սած մօ­տա­ւո­րա­պէս 450 Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ՝ միշտ սա­տար հան­դի­սա­ցած են Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին։
Կր­նամ միայն ե­րե­ւա­կա­յել, թէ շրջա­նի հա­յու­թեան հա­մար որ­քա՜ն զօ­րա­ւոր զգա­ցում­նե­րու աղ­բիւր կ­՚ըլ­լայ՝ տես­նել Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, հոն ե­կած՝ միաս­նա­բար տօ­նե­լու հա­մար վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած շէն­քի մը բա­ցու­մը, որ ի սպաս կը դրո­ւի պա­տե­րազ­մէն որ­բա­ցած եւ օգ­նու­թեան կա­րօտ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րու մա­նուկ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Ե­րեք յար­կա­նի շէնք մը՝ ո­րուն յա­տա­կա­գի­ծը ու­նի գրե­թէ 6 հա­զար քա­ռա­կու­սի ոտք տա­րա­ծու­թիւն, պի­տի ծա­ռա­յէ 3էն 6 տա­րե­կան 130 ա­շա­կերտ­նե­րու: Երկ­րորդ յար­կը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ա­ւե­լի մեծ տա­րի­քով ա­շա­կերտ­նե­րու ար­տադպ­րո­ցա­կան ծրա­գիր­նե­րուն: Այս նո­րա­կա­ռոյց շէն­քը նաեւ օժ­տո­ւած է ար­հես­տա­գի­տա­կան (internet, networking) սար­քա­ւո­րում­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­պա­հով ներք­նա­յար­կով, ուր փոք­րիկ­նե­րը կրնան ա­պաս­տան գտնել յար­ձա­կու­մի ո­րե­ւէ պա­հու:
Յոյ­սի նոր կեդ­րոն մըն է «­Սօ­սէ» նո­րա­կա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զը Ար­ցա­խի փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար։ Իսկ ա­նոնց ծնող­նե­րուն հա­մար՝ մնա­յուն յի­շե­ցու­մի վայր մը, թէ Հ.Օ.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քը, հա­ւա­տա­րիմ իր ա­ռա­քե­լու­թեան, թի­կունք կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ Ար­ցա­խի մա­նուկ­նե­րուն։
Մեզ՝ Հ.Օ.Մ.ու­հի­նե­րուս հա­մար, կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը տես­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կ’ամ­րաց­նէ մեր կամ­քը՝ շա­րու­նա­կե­լու մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դին, հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մէջ ։
Ար­ցա­խէն մեկ­նե­լէ ա­ռաջ, ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու նաեւ Մար­տա­կեր­տի զօ­րա­նո­ցը, ուր հպար­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով լե­ցո­ւե­ցաւ մեր սիր­տը՝ տես­նե­լով մեր սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող զի­նո­ւոր­նե­րու քա­ջու­թիւ­նը եւ վճռա­կա­մու­թիւ­նը։ Երբ Դա­դի­վանք այ­ցե­լե­ցինք, հայր Յով­հան­նէ­սի թե­լադ­րան­քին հե­տե­ւե­լով բո­լորս՝ մոմ մը վա­ռե­ցինք մեր հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող հայ զի­նո­ւո­րին հա­մար։ Հայ­կա­կան սուրբ հո­ղին կառ­չած այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ ու վե­հու­թեամբ կը ներշն­չեն բո­լոր­ս։

ԼԻԶԷԹ ԳԻՐԱԶԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.