Սենթ Գաթրինզի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Յառաջ» մասնաճիւղի 80-ամեակի եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի 91-ամեակի նշում
Յետեղեռնեան իրերայաջորդ տասնամեակններու ընթացքին, սկսեալ 1920-ական եւ 30-ական թուականներէն, տարագիր հայ ժողովուրդի մեծագոյն մարտահրաւէրը եղաւ Սփիւռքի կազմակերպումը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որպէս հայ ժողովուրդի գաղափարական առաջնորդը, հայ ժողովուրդի ցուլումն ու նորանոր կորուստները կանխարգիլելու համար ձեռնարկեց վճռակամ քայլերու։
Այս մտադրութեան եւ նոյնքանով աւելի խորիմաստ գաղափարաբանութեան մը որպէս արդիւնք, ծնունդ առին ՀՕՄ-ի մասնաճուղներն ու ՀԵԴ ուխտերը։ Սենթ Գաթրինզի Հայ համայնքը եղաւ Գանատայի տարածքին գտնուող նորաստեղծ այն գաղութներէն, ուր հիմնուեցան այս կազմակերպութեանց առաջին մասնաճիւղերը: Թէեւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղը առաջին մասնաճիւղը չէր, որ կազմուեցաւ Գանատայի մէջ, սակայն ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանին մէջ ան եղաւ տիրական ներկայութիւն մը, ընծայաբերելով բազմաթիւ ծառայութիւններ շրջանի հայութեան։ Իսկ 1933-ին, Պոսթոնի մէջ հիմնադրուած ՀԵԴ ուխտերը Սենթ Գաթրինզ հասան 1934 թուականին: 1933-ին, Գարեգին Նժդեհի գործունէութեան ընթացքին, ՀԵԴ Ցեղակրօն շարժման կազմակերպումը իսկապէս դարձաւ Ճակատագրական կարեւորութիւն ունեցող նախաձեռնութիւն մը։ Այդ տարեշրջանին, Նժդեհ նաեւ այցելեց Հարաւային Օնթարիոյի բոլոր հայ համայնքները, իր առաջին կանգառը ընտրելով Սենթ Գաթրինզը։ Փաստօրէն, Յուլիս 24, 1934-ին, Սենթ Գաթրինզի ՀՅԴ «Անդրանիկ» կոմիտէութեան գումարած 18-րդ նիստի ընթացքին, Գարեգին Նժդեհ հիմը դրաւ ՀԵԴ Գանատայի առաջին ցեղակրօն ուխտին, որ այդ օրերուն անուանուեցաւ ՀԵԴ Քաջ Գէորգ ուխտ։ Պատմական իւրայատուկ արժէքի մը վերածուած ՀՅԴ «Անդրանիկ» կոմիտէութեան արխիւներուն մէջ (1934-35-ի տոմարներ ) կարելի է գտնել այդ ժողովի արձանագրութիւններէն բաժին մը, որ կը հաստատէ հետեւեալը.
«…Այս ժողովին ներկայ էր ընկ. Գարեգին Նժդեհ, որ ժամ մը տեւող իր շինիչ թելադրութիւններով բնորոշեց հաւատաւոր դաշնակցականի մը պարտաւորութիւններն ու գործելաձեւը կուսակցութեան շարքերէն ներս։ Կոչ ըրաւ մեր բոլորին, որ նախ եւ առաջ անկեղծ, յարգալիր, եւ խիստ կարգապահական ոգի ցոյց տանք մէկսմէկուն հանդէպ, որպէսզի կուռ շարքերով, ամուր հաւատքով, եւ երանելի խանդավառութեամբ շարունակենք մեր վրայ պարտադրուած պայքարը, եւ յաղթական դուրս գանք անկէ։ Ընկ. Նժդեհի պատգամները վերջացան յոտնկայս ծափերով, որմէ ետք ընկ. Նժդեհ ուխտը կատարեց ՀԵԴ Քաջ Գէորգ ցեղակրօն ուխտին։ Ժողովը փակուեցաւ երեկոյեան ժամը 11-ին, խանդավառ աննախադէպ տրամադրութեամբ:»
Ու այսպէս, այդ հիմնադիր ժողովէն ուղիղ 80 տարիներ ետք, Շաբաթ 7 Յունիս, 2014-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Յառաջ» եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղերուն, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր նշում ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Յառաջ» մասնաճիւղի 80-ամեակիn եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի 91-րդ ամեակին:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետ Պրայըն Մքմալըն, Դաշնակցային երեսփոխան Րիք Տայքսդրա, Նահանգային երեսփոխան Ճիմ Պրատլի, Սենթ Գաթրինզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մաթ Սիսքո, Թորոնթոյի Կրթական հանրային խորհուրդի անդամ ընկ. Յարութ Մանուկեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Սենթ Գաթրինզի ՀՅԴ «Անդրանիկ» եւ Համիլթընի ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեանց ներկայացուցիչներ, Հայ կեդրոնի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ համակիրներ։
Հայաստանի, Գանատայի, եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներէն ետք, օրուան հանդիսավարները՝ ընկ. Միսակ Պէլեան եւ ընկհ. Քարին Օհանեան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն ու կարճ տողերու մէջ բնութագրեցին օրուան խորհուրդը։ Յաջորդաբար իրենց շնորհաւորական խօսքերն ու յուշագրերը փոխանցելով, քաղաքապետ՝Պրայըն Մքմալըն, Դաշնակցային երեսփոխան Րիք Տայքսդրա, եւ Նահանգային երեսփոխան Ճիմ Պրատլի, հանգամանօրէն դրուատեցին Սենթ Գաթրինզահայ գաղութի աւելի քան հարիւրամեայ վաստակը, յատկապէս անդրադառնալով յոբելեար կազմակերպութեանց ծաւալած դաստիարակչական, մարդասիրական եւ քաղաքացիական գործունէութեանց:
Պետական հիւրերու շնորհաւորանքներէն ետք, ՀՕՄ-ի Գանտայի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ընկհ. Յասմիկ Բաբիսեան: Խօսելով ՀՕՄ-ի աշխարհատարած առաքելութեան մասին, ան յատկապէս անդրադարձաւ Գանատայի շրջանի գործունէութեան, ու անոր ընդմէջէն «Արազ» մասնաճիւղի բերած պատկառելի ներդրումին ։ Ընկհ. Բաբիսեանի խօսքին յաջորդեց ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղը խօսքը, որ փոխանցուեցաւ ընկհ. Լուսին Օգաճեանի կողմէ։ Ապա, յաջորդաբար խօսքեր փոխանցեցին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացոցիչ ընկ. Տարօն Քեսքինեան, եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Յառաջ» Մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Սեւակ Պէլեան։ Մինչ ընկ. Քէսքինեան խօսեցաւ ԳԵՄ-ի բազմատեսակ գործունէութեանց մասին, ըլլան անոնք երիտասարդութեան քաղաքականացում եւ աշխուժացում, հայեցի դաստիարակութիւն, հայրենի գործունէութիւն, ընկ. Սեւակ Պէլեանի խօսքին առանցքը կազմեցին Սենթ Գաթրինզի եւ անոր նման փոքրաթիւ գաղութներու երիտասարդութեան անտարբերութիւնը կասեցնելու հրամայականը:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ հանդիսավարներու փակման խօսքով, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ, սիրուած երգիչ՝ Էլի Պէրպէրեան, որ ճոխացնէ երեկոն, ազգային-յեղափոխական եւ ժողովրդական երգերով։ Այդ յեղափեխաշունչ երգերուն միջոցաւ, Սենթ Գաթրինզի եւ Գանատայի բոլոր շրջաններէն ժամանած երիտասարդութիւնը վերանորոգեցին դաշնակցականի իրենց ուխտը եւ հաստատագրեցին թէ որքան է սփիւռքահայ երիտասարդին կազմակերպ համախմբումը ՀՅԴաշնակցութեան հովանիին ներքոյ եւ որքան կենսական հրամայական մը պէտք է ըլլայ անոր յարատեւ գոյատեւումն ու զարգացումը, նամանաւանդ փոքրաթիւ գաղութներէ ներս։
Սեւակ Պէլեան