Արամ Մանուկեան. Գաղափարի Մարտիկը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը
Աս տարի մահուան 95-ամեակն է հայ ազգի մեծանուն զաւակներէն ԱՐԱՄի, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան հիմնադիրը։
Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերեց այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմ դրաւ հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ։
Թէեւ միայն քառասուն տարի ապրելու ճակատագիր մը վիճակուեցաւ անզուգական Արամին, բայց սկսելով Շուշիէն, անցնելով Կարսէն ու Վանէն եւ վերնականապէս հանգրուանելով Երեւան՝ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման Գաղափարի Մարտիկը, հայ ժողովուրդի մարտական վերածնունդին Ազգային Ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը հայոց սերունդներուն կտակեց յաւերժական ներշնչման արժանի վարք ու գործք Արութեան։
Արամի հերոսապատումին գագաթնակէտը եւ, միանգամայն, խտացումը հանդիսացաւ Դեկտեմբեր 1917ի անկիւնադարձային Պահը։ Պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով եւ Լենինի անփառունակ կոչով՝ աւելի քան հարիւր տարի մեր հողերուն վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատած ռուսական զօրքը լքեց Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի դէպի Ռուսաստան փութաց, ցեղասպան թրքական զօրքին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները։ Աստեղային այդ Պահուն էր, ահա՛, որ Երեւանի մէջ խցկուած շինական, այլեւ գաղթական հայութիւնը եւ հայ կամաւորական ջոկատները իրենց հայեացքը յառեցին Արամի ուղղութեամբ, «դիկտատոր» հռչակեցին ողն ու ծուծով ժողովրդավար եւ ընկերվարական Արամը եւ Հայաստանի ու հայութեան օրհասական վերջին կռուին ղեկավարութիւնը վստահեցան Արամի անյողդողդ Կամքին եւ Մարտունակութեան։
Եւ Արամ արժանաւորապէս ղեկավարեց աւելի քան հինգ ամիսներու վրայ երկարած հայ ժողովուրդի պատմական վերածնունդի այդ օրհասական կռիւները՝ Սարդարապատեան յաղթանակներով պսակելով արդի Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու հայոց ազգային պետականութեան հինադրութիւնը։
Արութեան իր անկորնչելի դափնեպսակին արժանացած Արամն էր, որ Յունուար 1919ի այս օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակւած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած՝ իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց։ Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային¬հասարակական ներքին միասնութիւնը պահպանող եւ մարտունկութիւնը կազմակերպող ու առաջնորդող անփոխարինելի գործիչէն։ Գաղափարապաշտ եզակի գործիչ մը, որ նորանկախ մեր պետականութեան դարբինն ու ոգին ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցականի իր նկարագրով եւ ազգային¬գաղափարական սկզբունքներով, Սարդարապատեան հերոսամարտները կերտած «Դիկտատոր»ի իր լիազօրութիւնները վար դրաւ եւ վարչապետ Յ. Քաջազնունիի գլխաւորած անդրանիկ կառավարութեան մէջ ստանձնեց Ներքին Գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը։
93 տարիներ անցած են Արամի տարաբախտ վախճանէն ասդին, բայց անոր լուսաւոր կերպարը, գաղափարական շունչը եւ հայրենակերտ գործը կը շարունակեն ներշնչել ու դաստիարակել մեր սերունդները՝ հայոց Ազգի, Հայրենիքի եւ Պետականութեան պաշտպանութեան ու ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու անվեհեր Յանձնառութեան պատգամով ու վարակիչ օրինակով։
Ինչպէ՞ս կարելի է ներշնչման աղբիւր չունենալ հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած Սերգէյ Յովհաննիսեանի լուսաւոր օրինակը, որ կրակի մկրտութիւնը դեռ նոր ստացած իբրեւ Արամ՝ հայ ժողովուրդի ազգային պայքարունակութեան պաշտամունքով, օրագրային իր գրառումներուն մէջ, պիտի պատգամէր.
«Ես չէի կարողանում հասկանալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին, ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին։ Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունէր եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ՝ այդքա՜ն զոհաբերութիւններ վերցնող»։
Այդ մեծ գաղտնիքն ու անսակարկ Հայրենասիրութեան հրաշազօր ուժը մարմնաւորուեցաւ եւ վարակիչ դարձաւ Արամով։
Արամ Մանուկեան իր անունին կապեց այնպիսի՛ մեծագործութիւն, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաւոր, յաւերժ ճառագայթող աստղերէն։
Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։ Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու սիրտ չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր իր միտքն ու հոգին։
Թեմականի աշակերտութեան շրջանին Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ 1901ին ուղարկուեցաւ Պաքու՝ Անդրկովկասի նաւթային կեդրոնի հայ պանդուխտ բանուորներուն ազգային¬յեղափոխական պատրաստութեան ու կազմակերպման գործին լծուելու առաքելութեամբ։ Թէեւ Արամի սիրտը Երկիր անցնելու գաղափարական հուրով կþայրէր՝ հայ ազգային¬ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով, բայց Պաքուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։
1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով։ Բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել հայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով առանձնացող գործիչին։ Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը պսակուեցաւ Կարսի Սերգէյի հռչակով։
1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ սահմանը կտրէ դէպի Վան՝ հոնկէ Սասուն անցնելու համար։ Բայց դարձեալ կեանքը տարբեր դասաւորում ստացաւ։ Վանեցիք ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով մկրտուած դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։
Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային¬քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։
Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան¬Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ Արամ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։
Օսմանեան կառավարութեան աչքին փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով յարգեցին Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային¬քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ռուսական զօրքին ու հայ կամաւորական գունդերու յաղթական մուտքէն ետք, Արամ նշանակուեցաւ Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահութեան, այլեւ ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան։
Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։
1917ի Դեկտեմբերին իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 29 Յունուար 1919ի իր վախճանը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան մարտունակութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։ Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։
Դարձեալ պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին։
Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ Կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 Յունուար 1918ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային Խորհուրդին Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց։ Այդ առիթով արձանագրուած է Արամի վարքագիծն ու մտածողութիւնը պարզող հետեւեալ յուշ¬պատգամը.
«Այսպիսի պայմաններում,¬ ասաց նա,¬ մեր ժողովուրդը հրաշքներ կարող է գործել։ Շատ անգամ առիթներ եմ ունեցել նկատելու, որ մեր գիւղացուն պարտաճանաչութեան զգացումը հարազատ է։ Գիտակցութեան նշան է այդ։ Ազգային Խորհրդի մի կոչը բաւարար է, որ նա իր համար այդ ազիզ օրին թողնի տուն ու տեղ եւ շտապի զէնքի տակ, երբ ստիպողական, հարկադրական ոչինչ չկայ։ Մինչդեռ ռուս կառավարութեան զօրակոչը գլուխ էր գալիս ահ ու սարսափի ազդեցութեան տակ։ Այսօր Օշականից ինձ մի այսպիսի դէպք պատմեցին։ Երբ Ազգային Խորհրդի կոչը հասնում է գիւղ, զինակոչի ենթակայ երիտասարդները պատրաստութիւններ են տեսնում Վաղարշապատ գալու՝ արձանագրուելու համար։ Գիւղի ունեւորներից մէկը, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքում իր որդուն զանազան միջոցներով ազատել էր զօրակոչից, Ազգային Խորհրդի կոչը կարդալով՝ կանչում է որդուն եւ ասում.¬ «Բալա, էլ Աստուած ինձ ղաբուլ չի անի, որ պահուես։ Պատրաստուիր եւ Աստուած հետդ, բարի ճանապարհ, ո՛չ ոքից յետ չմնաս։
«¬ Ես մի բանից եմ վախենում,¬ շարունակեց Արամը,¬ վախենում եմ՝ մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»։
Այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով սեփական ժողովուրդին պաշտող Արամը անտարակոյս պիտի յաջողէր իր առաքելութեան մէջ եւ այդպէս ալ եղաւ։
Հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ընդառաջեց Արամի պատմական կոչին, իսկ ինք՝ հայոց անզուգական ղեկավարը արժանաւորապէս առաջնորդեց հայութիւնը դէպի հայրենակերտ յաղթանակ։
Արամի անփոխարինելութեան խոր համոզումը ունէր հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին բացառիկ ներկայացուցիչներէն զօրավար Սիլիկեան, որ Մայիսեան յաղթանակներուն ընդհանուր հրամանատարը եղաւ։ Երբ 1917ի ձմեռնամուտին Թիֆլիսի մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կþունենային ռուսական բանակին կողմէ լքուած հայ¬թրքական սահմանին համար Զինուորական Վարիչի պաշտօնին յարմար թեկնածու գտնելու հարցին շուրջ, Արամի նշանակման ընդդիմացող եւ փոխարէնը իր անձնական թեկնածութեան վրայ պնդող շրջանակներուն զօր. Սիլիկեան կը պատգամէր.
«Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին։ Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն էայդ պաշտօնին համար։ Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու։ Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրչակցելու՝ ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում. իսկ վարիչի պաշտօնը յանձն առնելու պարագայում, գրասենեակս տեղափոխելու եմ նրա մօտ։ Ոչ մի զինուորական վերարկու ո՛չ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ ունի Արամը»։
Այսօրինակ ազգային ղեկավար ու քաղաքական առաջնորդ էր Արամ եւ կենսագիրները միահամուռ կը վկայեն, որ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ մեր ժողովուրդին ազգային¬հասարակական միասնութեան եւ կենսունակութեան ներքին շաղախը։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը։
Բայց ճակատագիրը ընդհատեց Արամի կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը։ Հայ ժողովուրդը արժանավայել յուղարկաւորութեամբ Արամը յանձնեց իր այնքան պաշտած մայր հողին։ Արշալոյս Աստուածատրեան այնքա՜ն դիպուկ նկարա-գրականով՝
«Արամի յուղարկաւորութիւնը ժողովրդական մեծ սգի արտայայտութիւն էր։ Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցանելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին։ Ես գիտեմ, թէ ի՛նչ է եղել Արամը՝ Երեւանի համար, բայց եւ այնպէս, երբ դագաղը դուրս բերինք բնակարանից, այն, ինչ տեսայ դուրսը՝ մի վայրկեան սթափեցրեց մեծ կորուստի ազդեցութիւնից ու զարմանք պատճառեց ¬ աչքդ որ կողմ ուղղում էիր՝ ծով բազմութիւն. փողոց, տանիք, լուսամուտ, պատշգամ ¬ բոլորը բռնուած էին մեծ տարածութեան վրայ. ամբողջ քաղաքը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին եկել փողոց։ Պօղոս¬Պետրոս եկեղեցուց սկսած մինչեւ հանգստարան, դիակառքը մնաց դատարկ. դագաղը տանում էին ձեռքերի վրայ. եւ տանողները գլխաւորապէս վանեցիք էին, որոնք յատուկ սէր ու գուրգուրանք ունէին Արամի հանդէպ։ Դաշնակցութեան Տան առջեւ դամբանականներ խօսուեցին։ Հոյակապ էին եւ անմոռանալի Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը։ Հանգստարանում խօսեցին Յ. Քաջազնունին եւ Ա. Գիւլխանդանեանը։ Այդ օրը Հայաստանի մայրաքաղաքը խորունկ սուգի մէջ էր…»։