«Քեսապէն Հեռանալ Չուզած Մօտ 32 Տարեցներէն 12ը Դուրս Եկած Են». Քեսապի Քաղաքապետ
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Քեսապահայերը մեծ յոյսեր ունին, որ հայրենի Քեսապը շուտով պիտի ազատագրուի», հաստատած է Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։ Ան նշած է, որ սուրիական բանակը յառաջացած է՝ հսկողութիւնը հաստատելով զինեալներուն գրաւած տարածքներուն մէջ: Վազգէն Չափարեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քեսապէն հեռանալ չուզած մօտ 32 տարեցներէն 12ը դուրս եկած են եւ Թուրքիոյ տարածքով անոնք տարուած են Հալէպ կամ Լաթաքիա: Քաղաքապետը հերքած է շրջան ընող այն լուրերը, որոնց համաձայն, առեւանգուած են 22 քեսապահայեր, որոնք թրքական բանտերուն մէջ կը գտնուին կամ սպաննուած են։ «Քեսապ մնացած հայերը 80 տարեկանը անց տարեց մարդիկ են, իսկ միւսները, մինչեւ զինեալներուն քաղաք մտնելը, ապահով հասած են Լաթաքիա կամ յարակից շրջաններ», դիտել տուած է Չափարեան:
\n Նախորդ օրերուն կարգ մը լրատուամիջոցներ լուրեր տարածեցին այն մասին, որ Քեսապի վրայ ապստամբներուն գործած յարձակումին պատճառով հայեր զոհուած էին։
\n \n