Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը զօրակցի Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւններու թեկնածու Արամ Էլակէօզին
Սիրելի Լաւալաբնակ հայրենակիցներ,
Հոկտեմբեր 10, 2017-ի կոչով կը յայտնէինք ձեզի, թէ Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան Կիրակի 5 Նոյեմբեր, 2017-ին:
Ուրախ ենք յայտնելու, թէ այս ընտրութիւններուն Renaud ընտրաշրջանէն ունինք հայ թեկնածու մը, տօքդ. Արամ Էլակէօզ, որ մաս կը կազմէ Mouvement Lavallois-Équipe Marc Demers-ի խումբին:
Տօքդ. Արամ Էլակէօզ երկար տարիներ ծառայած է Հայ Դատին, ըլլալով անոր անխոնջ նուիրեալը եւ իր բեղուն մասնակցութիւնը բերած Հայ Դատի այլազան աշխատանքներուն: Ան եղած է յառաջապահ պայքարողը արդարութեան համար եւ յատկապէս հայկական ցեղասպանութեան ուրացման դէմ պայքարին:
Տօքդ. Արամ Էլակէօզ աւարտած է Ֆրանսայի Louis Pasteur համալսարանը մասնա-գիտանալով մանրէաբանութեան (microbiologie) եւ ապա ան գաղթած է Գանատա, հաստատուելով Լաւալ եւ աշխատելով գիտական հետազօտութեան մարզին մէջ:
Արդ, սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ’ուղղենք ձեզի մասնակցելու Տօքդ. Արամ Էլակէօզի ընտրապայքարին, կապուելով Հայ Դատի գրասենեակ info@cnaq.ca կամ հեռաձայնելով՝ 438-388-6771 թիւին:
Կրնաք նոյնպէս ուղղակի կապուիլ Տօքդ. Արամ Էլակէօզի ընտրական գրասենեակ՝ aelagoz@mouvementlavallois.org կամ հեռաձայնելով՝ 514-963-7464 թիւին: Գրասենեակի հասցէն հետեւեալն է.- 1636 Boulevard de l’Avenir 5 Laval Qc, H7S 2N4:
Յոյսով ենք, որ ընթացք կուտաք մեր կոչին եւ միասնաբար կը յաջողինք ընտրելու Լաւալի Քաղաքապետարանի առաջին հայ թեկնածուն:
Կանխայայտ շնորհալութեամբ՝
Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբ