Մոնթրէալի Համազգայինի «Անի» պարախումբը իր 50-ամեակը կը նշէ Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ»ի ներկայացումով
2863
0
Հոկտեմբեր 14 –ին եւ 15-ին, Մոնթրէալի Համազգայինի «Անի» պարախումբը, գեղարուեստական պարուսոյց Էվա Հայրապետեանի ղեկավարութեամբ եւ Տէր եւ Տիկ. Ատոմ եւ Սեդա Մալխասեաններու նախագահութեամբ պիտի ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի նշանաւոր «Գայեանէ»ն։
Արուեստի այս բեմականացման մէջ ընդգրկուած են տարբեր տարիքներէ 200 մասնակիցներ, որոնք պիտի ներկայացնեն նոր մշակումներով բեմադրուած «Գայեանէ»ն։ Նշենք, որ «Անի» պարախումբը «Գայեանէ»ն առաջին անգամ ներկայացուցած է 1997-ին։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ տեսանիւթի այս յղումով։ Հայ Հորիզոն յայտագրի հարցազրոյցը գեղարուեստական ղեկավար՝ Էվա Հայրապետեանին եւ պարախումբի գլխաւոր դերեր ստանձնած անդամներուն հետ, առաջին 18 վայրկեաններու տեւողութեան։
https://vimeo.com/234567864