Սուրիահայ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան կը մեկնաբանէ Ռուսիա-Թուրքիա մերձեցումը

8 Հոկտեմբերին սուրիական «Սամա» հեռուստակայանը հեռաձայնային կարճ հարցազրոյց մը ունեցած է սուրիահայ լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեանին հետ՝ սուրիական Իտլիպ քաղաքին մէջ, Ռուսիոյ հետ համագործակցութեամբ, Թուրքիոյ մղելիք պատերազմին առնչութեամբ՝ Նուսրայի դէմ: Սագօ Գասարճեանը հալէպահայ է, աւարտած է Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը, լրագրական ասպարէզ մուտք գործած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին աշխատակցելով: Որպէս լրագրող, յօդուածագիր եւ քաղաքական վերլուծաբան տարիներու ընթացքին աշխատակցած է զանազան արաբական եւ օտար լրատուամիջոցներու հետ. ինչպէս՝ Ալ Սաֆիր, Sunday Times, AFP, Russia Today, Ալ Մայատին, Ալ Ախպար, Սիրիա նիուզ եւ այլն: Սագօն նաեւ թրքական թերթերու մէջ Հայ դատին մասին յօդուածներ տեղադրած է ծածկանունով, ինչպէս նաեւ հեղինակն ու բեմադրիչն է «Գընտիի հողմածաղիկները» զեկուցական ֆիլմին:

«Սամա».- Պարո՛ն Սարգիս, կրնա՞նք ըսել, որ Էրտողանի վարչակարգը ներկայիս որոշեց կարգաւորել իր դիրքը ռուսական կեցուածքին հետ, եւ անոր հիման վրայ Անգարա սկսաւ խզել իր կապերը Նուսրայի հետ եւ փոխարէնը՝ անոր դէմ պատերազմ յայտարարել:

Ս.Գ.- Առայժմ եթէ թրքական մտադրութիւններն ու վերջին յայտարարութիւնները ճշգրիտ են, կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ պատրաստակամութիւն կայ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները առաջ մղելու, որովհետեւ ան մտադիր է ապագային ռազմավարական դաշինք կնքել Ռուսիոյ հետ: Այս մէկը, իմ կարծիքովս, ոչ թէ այլընտրական տարբերակ էր, այլ արդիւնք է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն փոփոխութիւններուն, որոնք պատճառ դարձան Թուրքիոյ դէպի Ռուսիա կողմնորոշման, մանաւանդ Ամերիկայի  հետ քաղաքական լարուած իրավիճակէն ետք՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանի քիւրտերուն առնչութեամբ, նկատի առած քրտական հարցին հանդէպ Թուրքիոյ կեցուածքին զգայնութիւնը: Նշեմ, որ առաջին անգամը չէ, որ Էրտողան Նուսրայի դէմ յայտարարութիւններ կ’ունենայ. օրինակ՝ շատ յաճախ Էրտողան կոչ կ’ուղղէր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, մանաւանդ՝ Նուսրայի դէմ, երբ Նուսրան համաշխարհային առումով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն մաս կազմեց, սակայն միւս կողմէ կը դիւրացնէր ծայրայեղական ահաբեկիչներու թրքական սահմանէն Սուրիա մուտքը:

Ներկայիս, ըստ երեւոյթին, իրավիճակը տարբեր է, ներկայիս Թուրքիա պարտաւոր է Նուսրայի հետ թշնամական վերաբերմունք ունենալու, որովհետեւ այժմ Թուրքիա կողմ է Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնները մեղմացնելու ծրագրին, եւ Իտլիպի շրջանը առայժմ միակ շրջանն է, ուր Թուրքիա կրնայ դերակատարութիւն ունենալ:

«Սամա».- Յուսանք այդ դերակատարութիւնը դրական կ’ըլլայ, մանաւանդ երբ Էրտողան յայտարարեց, թէ «Ազատ բանակ»ի զինեալները Թուրքիոյ աջակցութեամբ Նուսրայի դէմ պատերազմ պիտի մղեն: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս մէկը:

Ս.Գ.- Ես կը նախընտրեմ հեռու մնալ այս անուանումներէն, որոնք յաճախ փոփոխութիւններու կ’ենթարկուին, որովհետեւ Էրտողանի յիշած «Ազատ բանակ»ը տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ Հալէպի ազատագրման նախօրէին Նուսրայի գործակից էր եւ կը վայելէր անոր հովանաւորութիւնը (Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար) տարածաշրջանին մէջ:

Էրտողան այսօր պարտաւոր է Նուսրայի դէմ պատերազմ մղելու երկու պատճառներով. նախ արտաքին գետնի վրայ, դերակատարութիւն ունենալու համար Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը մեղմելու եւ այդպիսով Ռուսիոյ երաշխիք տալու՝ ապագային ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակելու, մանաւանդ որ նախկին խոստումները չյարգուեցան: Իսկ երկրորդը, ներքին մակարդակի վրայ, որ նաեւ շատ զգայուն հարց է Թուրքիոյ համար՝ քիւրտերու ներկայութիւնը այդ շրջաններուն մէջ, նկատի առնելով որ Էրտողանի իշխանութիւնն ու կուսակցութիւնը՝ Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը, գործակից է Ազգային շարժում կուսակցութեան, որ ծանօթ է իր հակաքրտական կեցուածքներով եւ որ մեծապէս աջակցեցաւ Էրտողանի՝ բացարձակ իշխանութեան անցումին հարցով: Հետեւաբար թրքական վարչակազմը ներքին ճակատին վրայ սիրաշահելու համար Ազգային շարժում կուսակցութիւնը եւ ապահովելու անոր բացարձակ կողմնակցութիւնը՝ հարկադրուած է նման կեցուածք որդեգրելու:

Թարգմանեց Սոնա Թիթիզեան – Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.