Աթէնքի մէջ կայացաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի և Միջին Արեւելքի Մարմիններու Ռայոնական Ժողովը
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով, 30 Սեպտեմբեր և 1 Հոկտեմբեր 2017ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ Եւրոպայի և Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ռայոնական Ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:
Ժողովին ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ և Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը:
Երկու օր տեւող քննարկումներու ընթացքին, առաջին հերթին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն ներկայացուց նախորդ Մարմիններու խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարող իր գործունէութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որու լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:
Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղուեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական և յարաբերական օրակարգերով:
Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն և նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:
Ռայոնական Ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն և այս ծիրէն ներս գնահատեց կոալիցիոն կառավարութեան մասնակցութիւնը և ցարդ ձեռքբերուած արդիւնքը, իսկ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախեան հարցի վերջին զարգացումները:
Կարեւորուեցաւ Հայաստանի և Արցախի բանակներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտը դնելով բանակի հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկի ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Նաեւ կարեւորեց Հայաստանի տնտեսական հզօրացումի և ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:
Ռայոնական ժողովը կենսական նկատեց Հայաստան–Սփիւռք նոր որակ ու հնչեղութիւն տալու առաջադրանքը և այս ծիրէն ներս՝ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները համահայկական մնայուն ուշադրութեան կեդրոն արժանացնելու հանգամանքը:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ նոր ծրագիրներու և վերջին շրջանին ստեղծուած աշխատանքային նոր գործադաշտերուն: Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ, ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ:
Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ