Քըզըլթեփէի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին Փլուզման Ենթակայ Է
1234
0
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».– Մարտին նահանգի Քըզըլթեփէ գաւառին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցին վերջնականապէս փլուզման վտանգին տակ է:
\n Թրքական աղբիւրներու համաձայն՝ տարիներ շարունակ Մարտին նահանգի գիւղատնտեսութեան տնօրէնութեան կողմէ որպէս թունաւոր եւ քիմիական նիւթերու պահեստանոց օգտագործուած սոյն եկեղեցին ներկայիս կը գտնուի աւերակ վիճակի մէջ: Քըզըլթեփէ գաւառի Թեփեպաշը թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Գէորգը անմիջական վերականգնման կարիք ունի: Քըզըլթեփէի քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու հարթակի նախագահ Մեհմետ Շերիֆ Օթերը շեշտելով պատմական յուշարձաններուն տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը՝ յայտնած է, թէ իրենք կը փափաքին վերականգնել այս հայապատկան եկեղեցին:
\n