Տերեւաթափ. Հայատրոփ արուեստագէտը՝ Գալուստ Պապեան (1938 – 2017)
Ոչ եւս է մեր բոլորին սիրելի ընկեր Գալուստ Պապեանը։
Հինգշաբթի, 20 Յուլիս, 2017-ին թորոնթոհայութիւնը ընդհանրապէս եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութիւնն ու Համազգայինի մեծ ընտանիքը մասնաւորաբար՝ կորսնցուցին իրենց նուիրեալ եւ վաստակաշատ հաւատաւոր ընկերներէն մին՝ ընկեր Գալուստ Պապեանը։
Դժուար է թանկագին անձնաւորութեան մը, ընկերոջ մը դագաղին առջեւ դամբանական արտասանելը. դժուար, որովհետեւ ինչպէս շատերուն՝ ինծի համար ալ անհաւատալի կը թուի ըլլալ, որ այլեւս պիտի չկարենանք վայելել ու լսել մեր ընկերոջ՝ Գալուստ Պապեանի հմուտ վերլուծումները լաւապէս բանաձեւուած մտքերը, մաքրամաքուր հայերէն լեզուն, մեղմ ու եզակի ձայնը, յարգանք պարտադրող ներկայութիւնն ու համակ սէրը անխտիր բոլորին նկատմամբ։
Ընկեր Գալուստը ճանչնալու բախտաւորութիւնն ու պատիւը ունեցանք 40 եւ աւելի տարիներ առաջ՝ ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Համազգայինի ժողովներուն եւ աշխատանքներուն ընդմէջէն։ Բախտաւորութիւն կը նկատեմ իր հետ ծանօթանալը, որովհետեւ անոր հետ հաղորդուիլը կուսակցական, միութենական, մարդկային եւ ընկերական սովորական կապերէն անդին մտերմութիւն մըն էր, մարդուս միտքը հարստացնող ու կեանքը ճոխացնող հաղորդակցութիւն մը։
Հակառակ յարգանք պարտադրող իր բնաւորութեան, ընկեր Գալուստ ունէր ազնիւ եւ քնքոյշ հոգի մը, զոր պիտի տեսնենք իր կենսագրական գիծերուն մէջ, պիտի նկատենք, թէ որքա՜ն անկեղծ, որքա՜ն յանդուգն զգացումներու դրսեւորումներ կը լեցնէին իր կեանքի էջերը:
Տարօրինակ կերպով պարզ, խոնարհ ու անբացատրելիօրէն օրինակելի հայ մըն էր ընկեր Պապեանը, որուն տիպարը մեր հոգիներուն մէջ կենդանի պիտի մնայ միշտ։
Իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, մանկութենէն մինչեւ իր կեանքի մայրամուտը, Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ Գալուստը եղաւ հայ մշակոյթի ղօղանջը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հաստատ համոզումներու երդուեալ ընկերը:
Ընկեր Գալուստ Պապեան ծնած է Պուրճ Համուտ հայաւանի Արագած թաղամասի համեստ նահապետական ընտանիքի երդիքի տակ, չորս զաւակներու անդրանիկը՝ Աւետիս եւ Եթեր Պապեաններուն։ Ըստ իր ծնողքին վկայութեան, Գալուստ ծնած է Մարտ ամսուայ 20-ին, ցուրտ ու փոթորկալից գիշեր մը, 1938 թուականին:
Մանուկ Գալուստի նախնական ուսման համար,‒ մի՞թէ ընտրութեան հարց կար,‒ Պապեաններու տունէն 5 վայրկեան եւ մի քանի հարիւր մեթր անդին Ազիրեան մանկապարտէզն ու Լուսինեան նախակրթարանն էր, որուն կից՝ Ս. Սարգիս թիթեղաշէն եկեղեցին, ուր պիտի կերտուէին Գալուստի, Կորիւն Սրբազանի, Տոքթ. Մհերի եւ Մարոյի նկարագիրներն ու ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու նուիրակամութիւնը:
Գալուստ Պապեանը բախտաւորութիւնը ունեցած է, տասնեակ մը իր սերնդակիցներու նման, իբրեւ տնօրէն ունենալ ագուլիսցի Շաւարշ Մակարեանը, որ նաեւ օրհնութիւն եղած է՝ դասագիրքերէն անդին հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայրենիքի հանդէպ անսահման սէր փոխանցելու իր աշակերտներուն:
Պատանի Գալուստը 13 տարեկան հասակին կ’աւարտէ նախակրթարանի իր ուսումը: Բարեբախտաբար, թաղի սկաուտական ու պատանեկան միութիւններու աշխոյժ գործունէութիւնները պիտի փոխարինէին երկրորդականի անոր ուսումը, եւ ակումբներու պատանեկան գրադարաններէն Րաֆֆիներու, Մալխասներու եւ Ռուբէններու յուշերով պիտի կազմաւորուէին Գալուստին եւ իր հասակակիցներուն ազգային նկարագիրն ու ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը:
Գալուստը իր ընթերցասիրութեամբ ձեռք բերած է հայերէն լեզուի հմտութիւնն ու գրելու կարողութիւնը: Ապագային, ան հաւասակշռուած ճկունութեամբ մտաւորական իր կարողութիւնները լաւապէս կրցած է միաձուլել նկարչական արուեստին հետ եւ դարձած հանրածանօթ ասմունքող ու արուեստագէտ լուսանկարիչ:
Երիտասարդ Գալուստի նոր աշխարհներու փնտռտուքի հեռանկարը եւ իր աստուածատուր կարողութիւնները իրականացնելու մղումը զինք կ’առաջնորդեն դէպի Մարսէյ, Փարիզ, Մոնթրէալ եւ ապա Նիւ Եորք, ուր կը ծանօթանայ միջազգային համբաւ վայելող նկարիչ Յարութիւն Չոլաքեանին: Ան մեծ վարպետին հոգածութեան տակ եւ Նիւ Եորքի գունագեղ, հետաքրքրական ու կլանող փողոցներուն մէջ կը զարգացնէ իր լուսանկարչական տաղանդն ու արուեստը:
Կամքի տէր, ՀՅԴ կուսակցական եւ ազգային հնոցին մէջ թրծուած, նկարչական արուեստը իր արհեստին միաձուլած, մտաւորական հակումներով, նահապետական բարքերով հայու տիպարն էր 79-ամեայ Գալուստ Պապեանը: Ան Նիւ Եորքի արկածախնդրական եւ արուեստի զարգացման տարիներէն ետք, վերջնականապէս կը հաստատուի Թորոնթօ՝ ի սպաս դնելով իր մշակութային ձիրքերը, շնորհքներն ու տաղանդները թորոնթոհայ գաղութի աստիճանաւոր յաջող վերելքին:
Ընկեր Պապեան իր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ ազգային, մշակութային եւ կուսակցական գործերուն մէջ իր բերած նպաստի ընթացքին, եղաւ բծախնդիր, շրջահայեաց, անաչառ ու հեռատես, ան իր հաւատքը վերածեց գործի եւ տուաւ իր լաւագոյնը։ Եւ հիմա, մահասարսուռ այս պահուն, հոգեկան մեծ հպարտութեամբ կ’ըսենք, որ ընկեր Պապեանը իր շրջապատին կրցաւ հարազատօրէն փոխանցել ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը, հայ մշակոյթի, հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ անսահման սէրը: Ընդոծին ազնիւ բնաւորութեամբ եւ նուիրումով իր տաղանդները օգտագործելով՝ հայ արուեստը, թատերական մշակոյթը, ասմունքելու արուեստը անմնացորդ նուիրաբերումով դրաւ մեր բոլորին հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ, հաւատալով, որ գալիք սերունդները իրենց նոր ու ազդեցիկ միջոցներով պիտի կերտեն մեր նոր օրերու հայոց պատմութիւնը՝ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի պանծալի պատմութիւնը։
Ընկեր Գալուստի գիտակցական կեանքի վերջին երեք տարիները սակայն եղան առողջական վերիվայրումներով լեցուն շրջան մը: Ան գիտէր, որ յոգնատանջ իր մարմինը այլեւս սկսած էր հիւծիլ մկանային հիւանդութենէ, բայց ան երբեք չընկրկեցաւ ու մնաց պատնէշի վրայ, նոյնիսկ իր ամէնէն վատառողջ օրերուն։ Իր համակ կեանքը դիտեց պայծառամտութեամբ եւ յոյսով, սիրեց մարդկութիւնն ու բնութիւնը, մանաւանդ ծաղիկները, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան եղաւ իր ընտանիքին եւ ազգին համար զոհաբերուիլ գիտցող տիպար ամուսին, նուիրեալ հայր մը: Աչքի լոյսի պէս սիրեց Յասմիկը, Սարիկն ու Վարագը:
Սիրելի Յասմիկ եւ անմիջական պարագաներ, քու ամուսնոյն եւ ձեր հարազատին մահով հայ մշակոյթն ու լուսանկարչական արուեստի աշխարհը ընդհանրապէս եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքն ու Համազգայինը մասնաւորաբար, կը կորսնցնեն լուսամիտ մտաւորական մը, հայ լեզուի եւ գրականութեան երկրպագու մը, հայ մշակոյթի հաւատաւոր նուիրեալ մը, տիպար համազգայնական եւ երդուեալ դաշնակցական ընկեր մը՝ բառին բովանդակ իմաստովը։
Իր մահը մեծապէս կը յուզէ մեզ՝ բոլորս, եւ վստահաբար յառաջիկային ալ մեծապէս պիտի զգանք իր բացակայութիւնը։
Այս պահուս, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիներուն, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան, Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստասութիւններուն անունով մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ձեզի սիրելի Յասմիկ, Սարիկ, Վարագ, ինչպէս նաեւ Պապեան, Քելեշեան, Պարսումեան եւ Սերոբեան ընտանիքներու բոլոր պարագաներուն։
Մենք կը հաւատանք, որ ընկեր Գալուստի ազնիւ հոգին անդենականին մէջ պիտի գտնէ իր արդարագոյն տեղը, եւ իր թողած բազմաթիւ յիշատակներուն ընդմէջէն ան յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ որպէս խիզախ դաշնակցական, տիպար մշակութասէր, արուեստագէտ, մտաւորական եւ ազնուասիրտ հայ մարդ։
Սիրելի ընկեր Գալուստ, այսօր դուն այս անցաւոր աշխարհէն առյաւէտ կը բաժնուիս, եւ մենք քու դագաղիդ առջեւ կանգնած՝ կը վերանորոգենք մեր սրբազան ուխտը, որ հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած նուիրումի ոգիդ, պարտաճանաչ մշակութասէրի եւ տիպար հայ մարդու նկարագիրդ վարակիչ պիտի դարձնենք գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ, եւ քու կիսաւարտ թողած գործդ պիտի շարունակուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք վայելեցին հայաբոյր շունչդ, եւ որոնք քեզի նման ուխտած են հայ ազգի նաւը խաղաղ ու փրկարար ափեր առաջնորդել։
Այժմ սրտանց կը բարձրաձայնեմ՝ «գալուստդ բարի» եղաւ թորոնթօ սիրելի Գալուստ եւ բարի երթ դէպի անդենական, դէպի յաւերժութիւն, անգին՛ ընկեր։ Թող Աստուած յաւիտենական հանգիստ տայ քեզի եւ այս օտար ցուրտ հողը թեթեւօրէն հանգչի յոգնատանջ՝ բայց տոկուն ու խիզախ ոսկորներուդ վրայ։
Ամենայն տեղ մահը մի է.
Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:
Յակոբ Ճանպազեան