Ճատրակ. Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Ղարիպեան Եւ Յարութիւնեան Ապահոված Են 3,5-Ական Կէտ


15bece0a3d5572e13de9c5db3bce2609Հարաւային Ափրիկէի Տիւրպան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` տասը ճատրակ խաղացողով:

4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Մամիկոն Ղարիպեան (10 տարեկանէն վար) եւ Տիգրան Յարութիւնեան (18 տարեկանէն վար) առաւելագոյն 4 կէտէն ապահոված են 3,5-ական կէտ` ապահովելով երեքական յաղթանակ եւ մէկական հաւասարութիւն:

3-ական կէտ ապահոված են Արթուր Դաւթեան (12 տարեկանէն վար), Արամ Յակոբեան (14 տարեկանէն վար) եւ Մանուէլ Պետրոսեան (16 տարեկանէն վար):

2,5-ական կէտ ապահոված են` Սիրանուշ Ղուկասեան (16 տարեկանէն վար) եւ Նորայր Թորոսեան (18 տարեկանէն վար), 2 կէտ ապահոված է Շանթ Սարգսեան (12 տարեկանէն վար), իսկ 1,5 կէտ ապահոված է Մարիեթա Խաչատրեան (10 տարեկանէն վար):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.