Ի՛նչ պատահեցաւ Խոջալուի մէջ


 

Խոջալուի վրայ յարձակում գործած ԼՂՀ   ինքնապաշտպանական ուժերը, խաղաղ բնակիչներուն միջանցք թողած էին՝ անվտանգ հեռանալու համար: Այս մասին նախապէս տեղեկացուած է հակառակորդ կողմին: Խոջալուի կրակակէտերը ճնշելու գործողութեան նախապատրաստման

մասին եւս հակառակորդը տեղեակ պահուած էր երկու ամիս առաջ. իրողութիւն մը որ հաստատած են նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնատար մարդիկ, մասնաւորապէս՝ Այազ Մութալիպովը: Սակայն, ըստ ԱԳՆ հաղորդագրութեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են՝ խաղաղ բնակչութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բերելու համար: Աւելին, խաղաղ քաղաքացիներու շարասիւները գնդակահարւած են Աղդամի շրջանի սահմանային մատոյցներուն մօտ, ատրպէյճանցիներու կողմէ, ինչ որ աւելի ուշ հաստատած է Ա. Մութալիպովը՝ այդ յանցաւոր գործողութիւնը կապելով զինք իշխանութենէն հեռացնելու եւ պատասխանատուութիւնն իր վրայ բարդելու ընդդիմութեան փորձերուն հետ:

Ատրպէյճան ձեռնարկած է աւանդական հակահայկական արշաւի մը՝ կապուած 1992ի Խոջալուի իրադարձութիւններուն հետ: Անցեալ տարի ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էր կեղծուած լուսանկարի մը վրայ, որ տեղադրուած է ատրպէյճանական շարք մը կայքէջերու մէջ, ներառեալ՝ «Հէյդար Ալիեւի հիմնադրամ»ի կայքէջին: Լուսանկարին մէջ քաղաքացիներու դիակներէն բացի, կ’երեւի բնակավայրի մը ծայրամասը: Ըստ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, բնակավայրին պատկերը, պէտք է ճշմարտութիւն հաղորդէր Խոջալուի մէջ ատրպէյճանցիներու զանգուածային սպանութիւններուն մասին՝ Պաքուի տարբերակին: «Մինչդեռ վերոյիշեալ լուսանկարին գունաւոր տարբերակը միանգամայն հերքում է այդ վարկածը՝ զոհուածների արտաքին տեսքի, նրանց հագուստի եւ այլնի առումով: Իրականում լուսանկարը անմիջականօրէն առնչւում է Քոսովոյի հետ: Հէնց այդ որակով բազմաթիւ այլ լուսանկարների հետ, այն տեղադրուել է եւ յիշատակւում է սերպական, ալպանական, գերմանական, ինչպէս նաեւ «Նիւ Եորք թայմզ» հեղինակաւոր պարբերականի կայքէջերում: «Այնուամենայնիւ, ցուցադրուած բացայայտ կեղծիքը, ըստ ամենայնի, շարունակում է մնալ շատ ատրպէյճանական կայքէջերում՝ մոլորութեան մէջ գցելով չտեղեկացուածներին: Ամբողջ աշխարհով մէկ նաեւ տարածւում են տուեալ կեղծիքով բուկլետներ (գրքոյկներ)», Կը նշէ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը։

Ի՛նչ պատահեցաւ Խոջալուի մէջ

Ղարաբաղի ԱԳՆ տեղեկատուական վարչութիւնը կը յիշեցնէ, որ 1992 Փետրուարի 25-26ին, ղարաբաղեան կողմը ռազմական գործողութիւն սկսած է Խոջալու բնակավայրի կրակակէտերու վերացման, եւ նոյն աւանին մօտ գտնուող միակ օդակայանի ապաշրջափակման նպատակով: 1991էն սկսեալ, այդ շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերը ենթարկուած են ատրպէյճանական ՕՄՕՆականներու (յատուկ նշանակութեան ոստիկանական ջոկատներու) յարձակումներուն, գնդակոծուած են «Ալազան», «Քրիսթալ» եւ համազարկային կրակի «Կրատ» հռթիրարձակ կայաններէ: Խոջալուի օդակայանին ապաշրջափակումը եւ հակառակորդի կրակակէտերու վնասազերծումը ԼՂՀ բնակչութեան համար կենսական անհրաժեշտութիւն էր: Խոջալուի վրայ յարձակում գործած ԼՂՀ ինքնապաշտպանական ուժերը, խաղաղ բնակիչներուն միջանցք թողած էին՝ անվտանգ հեռանալու համար: Այս մասին նախապէս տեղեկաց- ւած է հակառակորդ կողմին: Խոջալուի կրակակէտերը ճնշելու գործողութեան նախապատրաստման մասին եւս հակառակորդը տեղեակ պահւած էր երկու ամիս առաջ. իրողութիւն մը որ հաստատած են նաեւ Ատրպէյճանի պաշտօնատար մարդիկ, մասնաւորապէս՝ Այազ Մութալիպովը: Սակայն, ըստ ԱԳՆ հաղորդագրութեան, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են՝ խաղաղ բնակչութիւնը մարտական գործողութիւններու գօտիէն դուրս բերելու համար: Աւելին, խաղաղ քաղաքացիներու շարասիւները գնդակահարուած են Աղդամի շրջանի սահմանային մատոյցներուն մօտ, ատրպէյճանցիներու կողմէ, ինչ որ աւելի ուշ հաստատած է Ա. Մութալիպովը՝ այդ յանցաւոր գործողութիւնը կապելով զինք իշխանութենէն հեռացնելու եւ պատասխանատուութիւնն իր վրայ բարդելու ընդդիմութեան փորձերուն հետ: Տարածքը, ուր հետագային բազմաթիւ սպաննուածներու դիակներով պատկերներ նկարա- հանուած են, կը գտնուի Աղդամէն 3, իսկ Խոջալուէն 11 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Մինչեւ 1993ի ամրան Աղդամի անկումը, տուեալ տարածքը ամբողջովին կը վերահսկուէր Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատին կողմէ: «Առայսօր մշուշապատ են մնում այդ ռազմական գործողութեան որոշ մանրամասներ, ինչն ակտիւօրէն շահարկւում է պաշտօնական Պաքուի կողմից իր քաղաքական նպատակներին հասնելու համար: Յատկանշական է, որ այդ ամբողջ քարոզչութիւնը տարւում է վառ արտայայտուած հակահայկական շեշտադրումներով ու օգտագործւում ատրպէյճանցիների շրջանում հայերի դէմ ուղղւած էթնիկ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան շիկացման համար: Ցաւօք, «Խոջալու»ի թեման շարունակում է մնալ Ատրպէյճանի ներքին եւ արտաքին տեղեկատուական, աւելի ճիշդ, ապատեղեկատուական քաղաքականութեան անկիւնաքարը՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի ենթատեքստում», գրուած է Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները վերջին շրջանին կը փորձեն Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան մարտերը ղեկավարած շարք մը հայ հրամանատարներ միջազգային դատարան տանիլ՝ զանոնք իբրեւ ցեղասպաններ ամբաստանելով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.