Գեղամ Արք. Խաչերեան ընտրուեցաւ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ
Յունաստանի հայոց թեմը, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի նախագահութեամբ, իր ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց Շաբաթ՝ 24 եւ Կիրակի՝ 25 Յունիս 2017ին, Գոքինիոյ Զաւարեան Կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահին մէջ։
Յաջորդական երեք նիստերով՝ իրաւասու քուէով քառասուն ազգային երեսփոխաններէ բաղկացած Յունահայոց Թեմական Ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովին, յարակից Խորհուրդներուն եւ Թաղականութեանց երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութիւնը՝ համապատասխան արժեւորումի ենթարկելով արձանագրուած թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ կաղացումներն ու թերացումները։
Թեմական Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունեցաւ եւ կատարեց թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի տրամադրած թեմակալ առաջնորդի թեկնածուներու եռանուն ցանկի հիման վրայ, ժողովը յառաջիկայ վեց տարիներու պաշտօնավարութեան շրջանի համար թեմակալ առաջնորդ ընտրեց Գեղամ Արք. Խաչերեանը։