Ի ՅՈՒՇ – Պետրոս Ալահայտոեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պետրոս Ալահայտոյեանի թաղման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ 19 նոյեմբեր 2026-ին, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան անունով, Զաւէն Տէր Սահակեանի ընթերցած դամբանականը.

Կան անձեր, որոնք իրենց ետին անմոռանալի հետք կը ձգեն, ոչ միայն իրենց կատարած աշխատանքով, այլեւ իրենց ազնիւ նկարագրով, իմաստութեամբ եւ տարիներու ընթացքին ստեղծած անկեղծ աւագ ընկերութեամբ։ Իրենց մահը պարզապէս անձնական կորուստ մը չէ։ Իրենց մեկնումով բաց մը կը մնայ ոչ միայն ընտանիքին ու հարազատներուն, այլ նաեւ իր համայնքին, կազմակերպութիւններուն եւ ազգային կեանքին մէջ, որոնց իրենց տարիները, ուժն ու նուիրումը ընծայած են։

Ընկ. Պետրոս Ալահայտոյեան այդ նուիրեալ անձերէն էր։

Այսօր, ծանր սրտով եւ խոր կսկիծով հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի աւագ ընկերոջ՝ Պետրոս Ալահայտոյեանին։ Շատ շատերու համար՝ Հրայրին: Իր ներկայութիւնն ու մարդկային արժանիքները իրենց դրոշմը ձգած են զինք ճանչցողներուն կեանքին մէջ։

Ան մեզի համար աւելին էր, քան պարզ գործակից ու գաղափարակից ընկեր մը։ Ան աւագ ընկեր մըն էր, որուն փորձառութիւնը, խոհեմութիւնը, կեցուածքն ու ներկայութիւնը արժէք էին մեր միութենկան միասնական աշխատանքներուն։ Իր հետ բաժնեկցած տարիները, խորհրդակցութիւնները, աշխատանքային պահերը պիտի մնան մեր յիշողութեան անջնջելի էջերուն մէջ։

Իբրեւ անդամ Հ3Դ-ի, Պետրոս իր կեանքի կարեւոր եւ մեծ մասը նուիրեց ազգային գաղափարին, երբ ան անդամագրուեցաւ շարքերուն, 18 տարեկան երիտասարդ հասակին։ Իր պատկանելիութիւնը միայն համոզում մը չէր, այլ պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն՝ հանդէպ մեր մշակոյթին, մեր ազգային արժէքներուն եւ մեր հաւաքական արդար ու պահանջատիրական նպատակներուն։ Անոր համար ազգային ծառայութիւնը կոչում մըն էր, որ կը պահանջէր հետեւողականութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նուիրում։

Նոյն օրինակելի հաւատարմութեամբ ան ծառայեց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ՝ իբրեւ Հոգաբարձութեան անդամ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ, տարիներ շարունակ, իր ներդրումն ունենալով մեր եկեղեցական ու համայնքային կեանքի պահպանման եւ ամրապնդման գործին մէջ եւ ապա Գանատայի Ազգային երեսփոխանի իր հանգամանքով։

Մեծ հպարտանքով ու հիացումով կը նշէր իր եւ իր կողակիցին՝ Մարի-Ռոզին հետ միասին Լիբանանի «Ս. Նշան» Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ երգչախումբին մաս կազմելը, որ հիմքը եղած է իրենց բոյնը կառուցելուն: Եւ այդ բոյնը ամբողջացաւ իրենց երեք դուստրերով. Լուսին, Լարա եւ Լիզա:

Բծախնդրօրէն կը հետեւէր եկեղեցւոյս «Կաքաւիկ» կրտսեր դպրաց դասի զարգացումներուն եւ անսահման ուրախութեամբ կ’ողջունէր պատանիներու հայկական երգեցողութիւնը դէմքին ունենալով իր իւրայատուկ ժպիտը: Նոյն այդ հպարտանքը կ’ունենար, երբ ներկայ ըլլար գաղութային միջոցառումներուն, ուր ՀՅԴ Երիտասարդականի եւ Պատանեկանի անդամները աշխուժօրէն կ’երգէին ազգային եւ յեղափոխական երգեր:

Մշակութային եւ կրթական կեանքին մէջ եւս Պետրոս իր հետքը ձգեց։ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի եւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչական աշխատանքներուն տարիներու իր մասնակցութեամբ, ան իր ծառայութիւնը բերաւ հայ մշակոյթին, լեզուին եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու փոխանցման գործին։

Տարիներ շարունակ իր կամաւորական ներդրումն ու աշխատանքային ծառայութիւնը բերաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Օրկան «Հորիզոն» շաբաթաթերթին:

Այս բոլոր պատասխանատուութիւնները մէկ ընդհանուր գիծ ունէին՝ ծառայել հայ գաղութային կեանքէն ներս եւ հաւատարիմ մնալ մեր ազգային արժէքներուն ու մանաւանդ իր կատարած երդման։

Այսօր, երբ կը յիշենք իր կատարած աշխատանքները, չենք ուզեր միայն պաշտօններն ու հանգամանքները թուարկել։ Կ’ուզենք յիշել նաեւ մարդը՝ անձը, հայրը, մեծ հայրը, մեր գործակից աւագ ընկերը, որուն հետ տարիներ շարունակ զանազան ոլորտներու մէջ բաժնեցինք մտահոգութիւններ, ծրագիրներ, դժուարութիւններ եւ յաջողութիւններ, ինչպէս նաեւ կեանքի ուրախութիւններ։

Ազգային կեանքի մէջ կան մարդիկ, որոնց վաստակը միշտ չէ որ կարելի է չափել պաշտօնական տիտղոսներով կամ կատարուած աշխատանքներու ցանկով։ Անոնց իրական արժէքը կը տեսնուի իրենց թողած հետքին, իրենց ներշնչած յանձնառութեան եւ իրենց շուրջ համախմբած մարդոց յիշողութիւններուն մէջ։

Պետրոս Ալահայտոյեան իր ծառայութեամբ ու ներկայութեամբ անկասկածելիօրէն ձգեց այդ արժանի հետքը։

Սիրելի՛ Պետրոս, յարգելի՛ ընկեր.

Այսօր քու մեկնումովդ մեր շարքերուն եւ եկեղեցական կեանքին մէջ նկատելի բաց մը կը մնայ։ Սակայն, տարիներու ընթացքին կատարած աշխատանքդ, ազգային կեանքին մէջ բերած ներդրումդ ու նուիրումդ եւ մեզի հետ բաժնեկցած յիշատակներդ վառ պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ: Կը մնաս մեր յիշողութեան մէջ իբրեւ աւագ ընկեր, նուիրեալ գործակից գաղափարակից ընկեր եւ ազգային ծառայութեան ճանապարհէն անցած մեծ անձնաւորութիւն։

Վաստակդ պիտի շարունակէ ապրիլ մեր ազգային կեանքին մէջ։

Քիչ ետք, երբ քեզ հողին յանձնելով վերջին հրաժեշտը տանք, ետիդ ձգած ու շուրջդ հաւաքուած քու գաղափարակից ընկերներդ յուզմունքով բայց հպարտօրէն պիտի արտասանեն՝

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,

Յոյսս դո՛ւք էք, ընկերնե՛ր,

Շարունակէք մեր սուրբ գործը,

Դաշնակցութեան վեհ քաջեր։»

Այս բառերը արտասանելով արժանաբար կը միանաս Դաշնակցութեան այն մեծ նուիրեալներու փաղանգին, որոնք քեզմէ առաջ յոյս դրած էին քու վրադ:

Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, սիրելի՛ ընկեր։

Յիշատակդ՝ անմար,

Վաստակդ՝ գնահատելի ու

Ծառայութիւնդ՝ օրինակելի։