Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի ներկայացուի Վենետիկի յանձնաժողովին

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան 26 նոյեմբերին յայտարարեց, որ կառավարութեան հրապարակած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի ներկայացուի Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովին՝ փորձագիտական կարծիք ստանալու նպատակով։

Փաշինեան այս յայտարարութիւնը կատարեց՝ անդրադառնալով ընդդիմութեան այն գնահատականներուն, թէ նախագիծին որոշ դրոյթներ կրնան խոչընդոտել Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրոպական միութեան։

Սահմանադրական իրաւունքի հարցերով Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդատու մարմինը հանդիսացող Վենետիկի յանձնաժողովը կը գնահատէ անդամ պետութիւններու օրէնսդրական եւ սահմանադրական նախաձեռնութիւններուն համապատասխանութիւնը ժողովրդավարական չափանիշներուն։

Նոյեմբեր 23-ին հրապարակուած նախագիծը լայն մտահոգութիւններու տեղիք տուած է՝ մասնաւորաբար դատական անկախութեան, քաղաքացիութեան, ընտրական իրաւունքներու եւ տեղեկատուութեան ազատութեան վերաբերող դրոյթներուն պատճառով։

Փաշինեան միաժամանակ յայտարարած է, որ նախագիծին մէջ կատարուելիք փոփոխութիւնները պէտք է մնան այսպէս կոչուած «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան շրջանակէն ներս։

Վենետիկի յանձնաժողովին կարծիքը խորհրդատու բնոյթ պիտի կրէ։ Նախագիծին քաղաքական նպատակայարմարութեան եւ հայկական պետականութեան հիմքերուն առնչուող հարցերը, սակայն, կը մնան ներհայաստանեան քաղաքական քննարկման առանցքին։