Ալիեւի համաձայն՝ մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան փոխադրուած է աւելի քան 100 հազար թոն բեռ
- (0)

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան փոխադրուած է աւելի քան 100 հազար թոն բեռ։
Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Քեսթութիս Պուտրիսի հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ պնդեց, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին զուգահեռ կը հաստատուին տնտեսական եւ առեւտրական կապեր։
Ան նաեւ նշեց, որ Ատրպէյճանի տարածքով բեռնափոխադրումներ կատարելու կարելիութիւններ ստեղծուած են Հայաստանի եւ երրորդ երկիրներու միջեւ։
Նոյեմբեր 12-ին, Տապլինի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումէն ետք հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նշեալ ժամանակաշրջանին ընթացքին փոխադրուած բեռներուն ընդհանուր ծաւալը հասած էր 105 հազար թոնի։
Պաքու կը շարունակէ տնտեսական կապերու զարգացումը ներկայացնել իբրեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման վկայութիւն։ Մինչ այդ, Ատրպէյճան Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կը շարունակէ առաջադրել իբրեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նախապայման, իսկ հայ գերիներու ազատ արձակման եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն առնչուած հիմնահարցերը կը մնան չլուծուած։