Հայաստանի իշխանութիւնները կը պաշտպանեն արցախահայերու անձնագիրերուն մէջ «Ատրպէյճան»ը իբրեւ ծննդավայր արձանագրելու որոշումը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան երեքշաբթի, 24 նոյեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանեց Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած հայերու նոր անձնագիրերուն մէջ «Ատրպէյճան»ը իբրեւ ծննդավայր արձանագրելու որոշումը, որ արդարացի դժգոհութեան եւ բողոքի ալիք մը բարձրացուցած է արցախահայութեան շրջանակներուն մէջ։

Սարգսեան յայտնեց, որ որոշումը հիմնուած է անձնագիրերու միջազգային չափանիշներուն, Քաղաքացիական օդագնացութեան միջազգային կազմակերպութեան մասնագէտներուն հետ կատարուած խորհրդակցութիւններուն եւ այլ երկիրներու փորձառութեան վրայ։ Անոր համաձայն՝ Հայաստանը որդեգրած է այն ընթացակարգը, ըստ որուն անձնագիրերուն մէջ իբրեւ ծննդավայր կ՚արձանագրուի երկիրը եւ ոչ թէ համապատասխան քաղաքը կամ բնակավայրը։

Սակայն «Մետիա.ամ» լրատուամիջոցի կատարած փաստերու ստուգումը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւններուն վկայակոչած միջազգային չափանիշները չեն պարտադրեր ծննդավայրի բաժինին մէջ անպայման երկրի մը անունը արձանագրել։ Երկիրներու անուններուն եւ ծածկագիրներուն վերաբերող միջազգային չափորոշիչները եւս չեն սահմաներ, թէ անձնագիրի ծննդավայրի բաժինին մէջ ի՛նչ պէտք է արձանագրուի։

Հարցը ծագած է 1 նոյեմբեր 2026-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ նոր անձնագիրերու գործածութեան յանձնումով։ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման պայմաններուն մէջ իշխանութիւններուն որդեգրած այս ընթացակարգը յատկապէս զգայուն բնոյթ կը ստանայ՝ առնչուելով արցախահայերու ինքնութեան, արժանապատուութեան եւ հայրենի բնակավայրերուն հետ ունեցած պատմական կապին։

Միջազգային չափանիշներու գործադրման պատրուակով որդեգրուած այս որոշումը կը վերահաստատէ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ առանձնայատուկ կացութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած անբաւարար զգայնութեան վերաբերող մտահոգութիւնները։