Իրան կը զգուշացնէ՝ TRIPP-ի իրականացումը խիստ վերահսկողութեան տակ պիտի պահէ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էսմայիլ Պաղայի երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, յայտարարեց, որ Թեհրան պիտի շարունակէ մօտէն հետեւիլ Սիւնիքի տարածքով նախատեսուած TRIPP ծրագիրի իրականացման եւ պիտի չբաւարարուի միայն հայկական կողմի տրամադրած հաւաստիացումներով։
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Պաղայի ընդգծեց, որ ծրագիրը Իրանի համար միայն արտաքին գործոց նախարարութեան առնչուող հարց մը չէ, այլ պետական ընդհանուր կարեւորութիւն ունեցող խնդիր, որուն զարգացումներուն կը հետեւին երկրի համապատասխան բոլոր կառոյցները։
Իրանի ներկայացուցիչը վերահաստատեց Թեհրանի սկզբունքային դիրքորոշումը. Իրան կը պաշտպանէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը, սակայն անընդունելի կը նկատէ իր սահմաններուն մօտ օտար զինուորական կամ անվտանգութեան ուժերու ներկայութիւնը եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրադրութեան փոփոխութիւնը։
Պաղայի յայտնեց, որ Հայաստան համապատասխան երաշխիքներ տրամադրած է Իրանի մտահոգութիւններուն վերաբերեալ։ Սակայն ան շեշտեց, որ Թեհրանի վստահութիւնը Հայաստանի նկատմամբ ինքնաբերաբար չի տարածուիր ծրագիրին մասնակցող երրորդ կողմերուն վրայ։
Իրանի զգուշաւոր արձագանգը կը բացայայտէ Սիւնիքի հաղորդակցութիւններու հարցին տարածաշրջանային զգայունութիւնը։ Հայաստանի հարաւային սահմանին վրայ որեւէ նոր պայմանաւորուածութիւն անմիջական նշանակութիւն ունի ոչ միայն Երեւանի եւ Պաքուի, այլեւ Թեհրանի անվտանգութեան ու ռազմավարական շահերուն համար։
Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ դրուած է ծրագիրը իրականացնելու այնպիսի պարտաւորութիւն, որ պահպանուին երկրի ինքնիշխանութիւնը, Իրանի հետ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող սահմանը եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հաւասարակշռութիւնը։