Մոսկուա կը պնդէ, որ 2020-2022-ի եռակողմ համաձայնութիւնները կը պահպանեն իրենց այժմէականութիւնը
- (0)

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նոյեմբեր 20-ին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան չեն հրաժարած 2020-2022 թուականներուն Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եռակողմ համաձայնութիւններէն, որոնք, Մոսկուայի դիրքորոշումով, կը շարունակեն այժմէական նշանակութիւն ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զախարովա անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ յայտարարելով, որ Ռուսիա կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը։
Ան յիշեցուց, որ 2020-ին ռուսական նախաձեռնութեամբ սկսած կարգաւորման գործընթացին իբրեւ արդիւնք գոյացած են եռակողմ համաձայնութիւններ, որոնք կ՚ընդգրկեն խաղաղութեան պայմանագիրի պատրաստութիւնը, հաղորդակցական ուղիներու ապաշրջափակումը, սահմանազատումն ու սահմանագծումը, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը։
Զախարովայի համաձայն՝ այդ փաստաթուղթերուն տակ դրուած ստորագրութիւններէն կողմերէն ոչ մէկը պաշտօնապէս հրաժարած է։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը միաժամանակ ընդունեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ներկայիս կը նախընտրեն ուղղակի բանակցութիւններ վարել՝ առանց Մոսկուայի անմիջական միջնորդութեան։
Ան վստահեցուց, որ Ռուսիա կը յարգէ այդ ընտրութիւնը, սակայն պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային օժանդակութիւն տրամադրելու։
Յիշեցնենք, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրուած էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմին աւարտին։ Անոր յաջորդած համաձայնութիւնները կը վերաբերէին շրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման եւ սահմանային հարցերու կարգաւորման։
Այդուհանդերձ, 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի զինուորական յարձակումն ու արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը խորապէս փոխեցին շրջանի քաղաքական եւ անվտանգային իրողութիւնները՝ լուրջ հարցեր յառաջացնելով ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան ձախողութեան եւ նախկին համաձայնութիւններուն գործնական արժէքին շուրջ։
Մոսկուայի նոր յիշեցումը կը բացայայտէ Ռուսիոյ շարունակական շահագրգռութիւնը Հարաւային Կովկասի քաղաքական եւ անվտանգային գործընթացներուն մէջ դերակատարութիւն պահպանելու հարցով։