Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի նոյեմբեր 23-ին․ Փաշինեան ընդդիմութենէն վեց քուէ կը պահանջէ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան նոյեմբեր 20-ին յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին, միաժամանակ վերահաստատելով ընդդիմութեան ուղղուած իր առաջարկը՝ սահմանադրական հանրաքուէի կազմակերպման համար անհրաժեշտ վեց քուէները ապահովելու վերաբերեալ։
Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ Արդարադատութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի պիտի հրապարակէ նախագիծը, իսկ ինք նոյն օրը յատուկ ուղերձով պիտի դիմէ ժողովուրդին։
Ան կրկնեց իր «խոստումը», թէ պատրաստ է հրաժարական ներկայացնելու, եթէ ընտրողները հանրաքուէով մերժեն նոր Սահմանադրութիւնը։ Ան ճշդեց, որ այդ պարագային պիտի հրաժարի հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք՝ մէկ շաբթուան ընթացքին։ Իսկ եթէ նախագիծը ընդունուի, ան պարտաւորութիւն ստանձնեց յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վարչապետի թեկնածու չառաջադրուելու։
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ազգային ժողովի 105 աթոռներէն կը տիրապետէ 64-ին, մինչդեռ հանրաքուէ նշանակելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 70 երեսփոխանի աջակցութիւնը։ Հետեւաբար, իշխանութիւնը առանց ընդդիմադիր երեսփոխաններու քուէներուն չի կրնար յառաջ տանիլ նախաձեռնութիւնը։
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, սակայն, կը մերժէ Փաշինեանի առաջարկը։ «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները կը շարունակեն շեշտել, որ երկրի հիմնական օրէնքը քաղաքական սակարկութեան առարկայ չի կրնար դառնալ։
Սահմանադրական փոփոխութեան շուրջ վէճին առանցքը Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումն է, զոր իշխանութիւնները կը նախատեսեն հեռացնել նոր Սահմանադրութենէն։ Ատրպէյճան այդ յղումին վերացումը կը ներկայացնէ իբրեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նախապայման։
Ընդդիմութիւնը կը շեշտէ, որ Ատրպէյճանի պահանջներուն համապատասխան Հայաստանի սահմանադրական հիմքերուն փոփոխութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ երկրի ինքնիշխանութեան եւ ազգային իրաւունքներուն համար։
Նոր նախագիծին հրապարակումը կը սպասուի աւելի սրելու իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ արդէն խորացած քաղաքական հակադրութիւնը։