Վանգուվըրի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 136-ամեակը
- (0)

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Շաբաթ, 14 նոյեմբեր 2026-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, հանդիսաւոր եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 136-ամեակը՝ Վանգուվըրի հայ համայնքի ազգայիններու, համակիրներու, ինչպէս նաեւ ընկերներու եւ ընկերուհիներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Պատանեկան Միութեան անդամներուն կողմէ Գանատայի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու հանդիսաւոր կատարումով։
Օրուան հանդիսավարուհին՝ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամ ընկերուհի Աննա Եղեայեանը, ողջունեց ներկաները՝ յատկապէս Վանգուվըրի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Վարդապետ Թաշճեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Վահէ Անտոնեանը, ինչպէս նաեւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներն ու հիւրերը։
Անգլերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ երիտասարդ ընկեր Խաչիկ Գոչեանը։
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Վանգուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէի ատենապետ ընկ. Օհան Կիւրեղեանը՝ փոխանցելու օրուան պատգամը։ Իր ելոյթին մէջ ան ընդգծեց ՀՅԴ-ի 136-ամեայ ազգային առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ Դատի հետապնդման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքէն Վանգուվըր հաստատուած դաշնակցականներուն՝ 1968-ին տեղւոյն հայ գաղութի կազմակերպման ուղղութեամբ առած առաջին քայլերուն։ Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց գաղութի միութիւններու ամրապնդման եւ նոր սերունդներուն ազգային արժէքներն ու գաղափարները փոխանցելու կարեւորութիւնը։
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուցին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու անդամները՝ իրենց բազմազան ելոյթներով։ Ջութակի գեղեցիկ եռեակով հանդէս եկան Մէյրի, Փարտի եւ Լուսի Եագուպեանները, իսկ փոքրիկն Գէորգ Հայիթեան իր արտասանութեամբ հմայեց ներկաները։
Ընկերներ Գեղամ Քիւլլահեան ու Լար Սիսեռեան հանդէս եկան ասմունքով, իսկ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններու անդամները ազգային երգերու իրենց կատարումներով առաւել եւս խանդավառեցին ներկաները։ Իր կարգին, ընկեր Մանուէլ Փանոսեան իր կիթառի նուագակցութեամբ եւ անուշ ձայնով երաժշտական հաճելի պահեր պարգեւեց հանդիսականներուն։
Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ նախապէս պատրաստուած տեսերիզներ, որոնք կը ներկայացնէին Վանգուվըրի հայ գաղութի կազմաւորման եւ ՀՅԴ-ի տեղական Կոմիտէութեան հիմնադրութեան պատմութիւնը։ Տեսերիզներուն մէջ տեղ գտած հարցազրոյցները պատրաստած եւ վարած էին ընկերուհի Վանէսա Պարտաքճեան-Յակոբեանն ու ընկեր Մհեր Ասէեանը։
Ընկերուհի Թիթառ Քէօշքէրեան, ինչպէս նաեւ ընկերներ Վահագն Պետրոսեան, Վահիկ Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան իրենց ներկայացումներով ամբողջացուցին գաղութի եւ Կոմիտէութեան պատմական պատկերը՝ լուսարձակի տակ առնելով անոնց կազմաւորման ու գործունէութեան կարեւոր հանգրուանները։
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 136-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատման արարողութիւնը, զոր գլխաւորեց կուսակցութեան երէց անդամ ընկեր Վահագն Պետրոսեանը՝ ներկաներուն հետ միասին նշելով այս նշանակալից տարեդարձը։
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք, համայնքի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Վարդապետ Թաշճեանը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր հայրական խօսքը, որմէ ետք օրհնեց ճաշը։
Պաշտօնական բաժնին յաջորդեց խրախճանքը, որ հայկական ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ շարունակուեցաւ ջերմ ու ընկերական մթնոլորտի մէջ։
Տօնակատարութեան առիթով ներկաները նաեւ իրենց նուիրատուութիւններով զօրակցութիւն յայտնեցին ՀՅԴ-ի ազգային եւ համայնքային գործունէութեան։
ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 136-ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ մը եւս հանդիսացաւ Վանգուվըրի հայ համայնքը ազգային գաղափարներու շուրջ համախմբելու, ազգային արժէքներուն հանդէպ նուիրումն ու հաւատարմութիւնը վերանորոգելու եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու Դաշնակցութեան աւելի քան մէկդարեայ յանձնառութիւնը վերահաստատելու։