Ալէն Սիմոնեան դեկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճան՝ երկկողմանի քննարկումներու համար

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան նոյեմբեր 19-ին յայտարարեց, որ դեկտեմբերին կը նախատեսէ այցելել Ատրպէյճան՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս։

Սիմոնեան յստակացուց, որ այցելութիւնը տեղի պիտի չունենայ Պաքուի մէջ, սակայն չնշեց հանդիպման ճշգրիտ վայրը եւ թուականը։

Ան բացատրեց, որ նախատեսուած այցելութիւնը փոխադարձ բնոյթ պիտի կրէ՝ յաջորդելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի՝ անցեալ յունիսին Հայաստան կատարած այցելութեան։

Սիմոնեան նշեց, որ քննարկումները պիտի ընդգրկեն համագործակցութեան եւ արհեստագիտական բնոյթի հարցեր՝ աւելցնելով, որ հնարաւոր է անդրադառնալ նաեւ այլ խնդիրներու։

Հաճիեւ յունիս 14-ին այցելած էր Հայաստան ուր հանդիպում ունեցած էր այն ժամանակուան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։

Նախատեսուած այցելութիւնը կը զուգադիպի հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու շարունակութեան, մինչ Պաքու տակաւին կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման պայման։

Միաժամանակ, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերող խնդիրները կը շարունակեն մնալ չլուծուած։