Ընդդիմութիւնը կը մերժէ Փաշինեանի առաջարկը եւ կը վերահաստատէ սահմանադրական փոփոխութիւնները կասեցնելու իր վճռակամութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան, ՀՅԴ անդամ Քրիստինէ Վարդանեան նոյեմբեր 19-ին յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը կը մերժէ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած քաղաքական համաձայնութիւնը եւ իր քուէներով պիտի խոչընդոտէ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը։

Խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Վարդանեան ընդգծեց, որ իշխանափոխութիւնը գործող իշխանութեան հետ սակարկութեան հարց չէ։

Անդրադառնալով Փաշինեանի այն առաջարկին, թէ ինք պիտի հրաժարի, եթէ Սահմանադրութիւնը մերժուի, իսկ անոր ընդունման պարագային յաջորդ ընտրութիւններուն վարչապետի թեկնածու պիտի չըլլայ, Վարդանեան շեշտեց, որ ընդդիմութիւնը նման խոստումներու վստահելու հիմք չունի։

Ան յիշեցուց, որ իշխանութիւնը իր դիրքորոշումները կրնայ փոխել՝ հետագային վկայակոչելով քաղաքական նոր պայմաններ։

Սահմանադրական հանրաքուէ կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է Ազգային ժողովի առնուազն 70 երեսփոխանի աջակցութիւնը։ Իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը ունի 64 աթոռ եւ կը կարօտի ընդդիմութեան առնուազն վեց ձայներուն։

Ընդդիմադիր ուժերը կը մերժեն նոր Սահմանադրութեան նախագիծին միջոցով Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին սահմանադրական դիրքը տկարացնելու փորձը։

Քրիստինէ Վարդանեանի յայտարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ իշխանութիւնը առայժմ չունի սահմանադրական հանրաքուէի կազմակերպման համար անհրաժեշտ քաղաքական համաձայնութիւնը։

Այս զարգացումը նոր խոչընդոտ կը ստեղծէ Փաշինեանի նախաձեռնութեան առջեւ՝ հակառակ ընդդիմութիւնը համոզելու եւ անոր նկատմամբ քաղաքական ճնշումը սաստկացնելու իշխանութեան շարունակական փորձերուն։