Պաքուի մէջ ձերբակալուած է Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի փաստաբանը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած է փաստաբան Էլչին Ամիրովը, որ կը պաշտպանէր Պաքուի բանտին մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի շահերը։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու 16 նոյեմբերի հաղորդումներուն համաձայն՝ Ամիրովի դէմ քրէական գործ յարուցուած է քաղաքացիի մը բողոքին հիման վրայ։ Ան կը մեղադրուի խարդախութեան յանցանքներով։
Պաքուի դատարանը որոշած է փաստաբանը երեք ամսուան նախնական կալանքի տակ պահել։ Ներկայիս ան կը գտնուի Պաքուի քննչական մեկուսարանին մէջ։
Դաւիթ Իշխանեան, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը կը վարէր 2023-ին, Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած էր նոյն տարուան հոկտեմբերին։ 5 փետրուար 2026-ին Պաքուի զինուորական դատարանը զինք ցկեանս բանտարկութեան դատապարտած էր՝ Արցախի նախկին պետական եւ զինուորական այլ ղեկավարներու հետ։
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ լուրջ մտահոգութիւններ յայտնած են Պաքուի դատավարութիւններուն արդարութեան, քաղաքական բնոյթին եւ ձերբակալուած հայերու իրաւունքներուն առնչութեամբ։
Ամիրովի ձերբակալութիւնը նոր հարցադրումներ կը յառաջացնէ Իշխանեանի եւ միւս հայ բանտարկեալներու իրաւական պաշտպանութեան պայմաններուն շուրջ։ Սակայն փաստաբանին ձերբակալութիւնը անոր կողմէ Իշխանեանի պաշտպանութիւնը ստանձնելու հետ կապող ապացոյցներ առայժմ հրապարակուած չեն։