Ընդդիմադիր ուժերը կը շարունակեն «Ո՛չ՝ Ալիեւի Սահմանադրութեան» նախաձեռնութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կը շարունակեն «Այո՛՝ Հայաստանի անկախութեան, ո՛չ՝ Ալիեւի Սահմանադրութեան» կարգախօսով սկսած հանրային իրազեկման նախաձեռնութիւնը՝ մերժելով Ատրպէյճանի պահանջով երկրի հիմնական օրէնքին փոփոխութիւնը։
15 նոյեմբերին նախաձեռնութեան ընթացքը ամփոփեցին «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեան։
Ընդդիմադիր գործիչները յայտնեցին, որ քաղաքացիներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին լայն մտահոգութիւն արձանագրուած է Սահմանադրութեան նախաբանէն Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին յղումը հեռացնելու հաւանականութեան նկատմամբ։
Նարեկ Կարապետեան շեշտեց, որ իշխանութիւնները Պաքուի իւրաքանչիւր նոր պահանջ կը ներկայացնեն իբրեւ սահմանափակ կամ զուտ թեքնիք փոփոխութիւն, սակայն զիջումներուն կը յաջորդեն նոր պահանջներ՝ առանց վերջնական խաղաղութեան երաշխիքներու։
Աննա Գրիգորեան ընդգծեց, որ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու որոշումը պէտք է բխի Հայաստանի ժողովուրդի կամքէն եւ ո՛չ թէ արտաքին պարտադրանքէ։ Մանէ Թանդիլեան իր կարգին կարեւոր նկատեց աշխատանքը նաեւ իշխանութեան համակիր այն քաղաքացիներուն հետ, որոնք կը մերժեն Ատրպէյճանի պահանջով սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու գաղափարը։
Նախաձեռնութեան մասնակիցները վերահաստատեցին, որ պիտի շարունակեն հանրութեան հետ հանդիպումները։ Ընդդիմադիր խորհրդարանական ուժերը կը մերժեն աջակցիլ սահմանադրական հանրաքուէի կազմակերպման, մինչ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը առանձինն չունի անհրաժեշտ երկու երրորդ մեծամասնութիւնը։