«Հայաստան» խմբակցութիւնը խորհրդարանական լսումներ կազմակերպեց՝ ժողովրդավարութեան նահանջի եւ քաղաքական հալածանքներու հարցով
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, 16 նոյեմբերին, «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցան խորհրդարանական լսումներ՝ նուիրուած երկրին մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին, քաղաքական հալածանքներու ենթարկուող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ օրէնսդրական երաշխիքներուն։
Լսումներու բացման ընթացքին խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան առաջարկեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Արսէն Գէորգեանի յիշատակը։ Գէորգեան մահացած էր 10 նոյեմբերին՝ Նուպարաշէնի բանտին մէջ, նախնական կալանքի տակ գտնուած ժամանակ։
Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ դատական իշխանութեան անկախութեան, քաղաքական հետապնդումներու, լրագրողներու իրաւունքներու խախտումներուն եւ իշխանութեան կեդրոնացման վտանգներուն։
Գալստեան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութիւնը պէտք է գնահատել ո՛չ միայն օրէնքներու գոյութեամբ, այլեւ պետական հաստատութիւններու անկախութեամբ եւ օրէնքի գերակայութեան իրական գործադրութեամբ։ Ան ահազանգեց, որ իշխանութեան տարբեր ճիւղերու միջեւ հակակշիռներու տկարացումը եւ քաղաքական ընդդիմախօսներու նկատմամբ ճնշումները կը խորացնեն Հայաստանի ժողովրդավարական ճգնաժամը։
Նշենք, որ 12 նոյեմբերին իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ներկայացուցիչները խորհրդարանական յանձնաժողովի մէջ մերժած էին ժողովրդավարութեան նահանջին վերաբերող ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը։