Միրզոյեան չ՚բացառեր TRIPP-ի գործարկումը՝ նախքան խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հոկտեմբեր 27-ին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարած է, որ TRIPP նախագիծը կրնայ գործարկուիլ նոյնիսկ նախքան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին վերջնական ստորագրութիւնը։
Յայտարարութիւնը կատարուած է խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին՝ ի պատասխան «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի հարցումին։
Կարապետեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ եթէ Ատրպէյճան TRIPP-ի միջոցով ապահովէ իր հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւնը, կրնայ այլեւս չունենալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու եւ Հայաստանի համար համարժէք հաղորդակցային ուղիներ բանալու անհրաժեշտ շահագրգռութիւնը։
Միրզոյեան հաստատած է, որ նման զարգացում կարելի է, սակայն յիշեցուցած է, թէ խաղաղութեան պայմանագիրին բնագիրը արդէն նախաստորագրուած է։ Ըստ անոր՝ տարածաշրջանին մէջ փաստացի խաղաղութիւն հաստատուած է, իսկ տնտեսական փոխադարձ շահերը կրնան նպաստել անոր ամրապնդման։
Ան պնդած է, որ TRIPP-ը չի կրնար գործել միակողմանիօրէն, եւ Հայաստանը եւս պիտի կարենայ օգտուիլ Ատրպէյճանի տարածքով անցնող հաղորդակցային ուղիներէն։
Սակայն ընդդիմութեան հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի այն հարցին, թէ ի՛նչ երաշխիքներ գոյութիւն ունին Ատրպէյճանի խոստացած փոխադարձ պարտաւորութիւններուն իրականացման համար։
Այս հարցադրումը յատկապէս կարեւոր կը դառնայ այն պայմաններուն մէջ, երբ Պաքու կը շարունակէ խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութիւնը պայմանաւորել իր պահանջներուն իրականացմամբ, մինչ հայ գերիներն ու Արցախի նախկին ղեկավարները տակաւին կը պահուին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ։
TRIPP-ի շուրջ քննարկումները անգամ մը եւս ի յայտ բերած են Փաշինեանի կառավարութեան եւ ընդդիմութեան մօտեցումներուն հիմնական տարբերութիւնը։ Մինչ իշխանութիւնը կը փորձէ տնտեսական փոխկապակցուածութիւնը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան երաշխիք, ընդդիմութիւնը կը զգուշացնէ, որ առանց փոխադարձութեան յստակ եւ պարտադիր երաշխիքներու՝ Հայաստան կրնայ զիջիլ բանակցային կարեւոր լծակ մը։