«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը յաղթանակներ արձանագրած է համայնքային ընտրութիւններուն. Ստեփանաւանի մէջ՝ տարբեր պատկեր

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ հոկտեմբեր 25-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրած է համայնքներու մեծամասնութեան մէջ՝ շարք մը շրջաններու մէջ ապահովելով աւելի քան 90 առ հարիւր քուէ։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած նախնական արդիւնքներուն համաձայն, ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ, որոնցմէ 19-ին մէջ՝ համամասնական ընտրակարգով։

Իշխող կուսակցութիւնը մասնաւորաբար բարձր արդիւնքներ արձանագրած է Արմաւիրի մէջ՝ 96.1 առ հարիւր, Վայքի մէջ՝ 96.1 առ հարիւր, Գառնիի մէջ՝ 94.2 առ հարիւր, եւ Վարդենիսի մէջ՝ 93.8 առ հարիւր։

Այս համայնքներուն մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ընտրապայքարին մասնակցած է առանց մրցակից քաղաքական ուժերու, հանգամանք մը, որ հարցադրումներ կը յառաջացնէ տեղական քաղաքական մրցակցութեան իրական մակարդակին վերաբերեալ։

Ստեփանաւանի մէջ, սակայն, իշխող կուսակցութեան ցանկը առաջին դիրքը չէ գրաւած։ «Գործարար» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներու 41.38 առ հարիւրը, «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը՝ 35.2 առ հարիւրը, իսկ ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 19.62 առ հարիւրը։

Այսուհանդերձ, Ստեփանաւանի արդիւնքը ուղղակի ընդդիմադիր յաղթանակ մը չէ։ «Գործարար» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորած է համայնքի գործող ղեկավար Արմէն Գրիգորեան, որ նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի անդամ է։ Նոյն կուսակցութիւնը այլ համայնքներու մէջ համագործակցած է իշխող ուժին հետ։

Միւս կողմէ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ծաղկաձորի, Մարտունիի, Արտաշատի եւ Հրազդանի մէջ ապահոված է ընդդիմադիր ներկայացուցչութեան համար կարեւոր քուէներ։

Ընտրութիւններու արդիւնքներուն անդրադառնալով՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է, որ շարք մը համայնքներու մէջ իր կուսակցութեան 70, 80 կամ 90 առ հարիւր քուէ ապահովելը մտահոգիչ հարցադրումներ կը յառաջացնէ ընդդիմութեան վիճակին վերաբերեալ։

Սակայն ընտրապայքարի ընթացքին արձանագրուած ճնշումներու մասին հաղորդումները, ընդդիմադիր թեկնածուներու ձերբակալութիւնները եւ որոշ համայնքներու մէջ իրական մրցակցութեան բացակայութիւնը կը շարունակեն հարցականի տակ դնել քաղաքական մրցակցութեան հաւասար պայմանները։

Այսպիսով, իշխանական կուսակցութեան լայնածաւալ ընտրական յաղթանակը նաեւ նոր քննարկումներու առիթ դարձած է Հայաստանի տեղական ժողովրդավարութեան եւ բազմակուսակցական քաղաքական դաշտի վիճակին շուրջ։