Գորիսի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները քննարկած են TRIPP-ի ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման հարցերը
- (0)

Գորիսի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ աշխատանքային հանդիպում մը՝ նուիրուած հայ-ամերիկեան TRIPP («Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման») ծրագիրի ծիրէն ներս ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման առնչուող հարցերուն։
Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպումը ունեցած է մասնագիտական բնոյթ, եւ կողմերը քննարկած են ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման հետ կապուած շարք մը հարցեր։
Քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկու երկիրներու համապատասխան կառոյցներուն միջեւ աշխատանքներու համակարգման, ինչպէս նաեւ ծրագիրի իրականացման յաջորդ հանգրուաններուն համար անհրաժեշտ քայլերուն։
Նախարարութիւնը չէ յստակացուցած, թէ հանդիպումին ընթացքին ի՛նչ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են, կամ ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման աշխատանքները ե՛րբ պիտի սկսին։
TRIPP ծրագիրը կը ներկայացուի իբրեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նախաձեռնութիւն, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի Հայաստանի տարածքով փոխադրական եւ ենթակառուցուածքային կապերու հաստատում։ Ծրագիրը, սակայն, կը շարունակէ հարցադրումներ յառաջացնել անոր գործնական իրականացման պայմաններուն, Հայաստանի ինքնիշխան լիազօրութիւններուն եւ տարածաշրջանային երկարաժամկէտ հետեւանքներուն շուրջ։