Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ «Voix D’Arménie» համերգը
- (0)

ԼԱՒԱԼ.- Կազմակերպութեամբ Les Rugissants համոյթին, համագործակցութեամբ Լաւալի Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Ուրբաթ, 2 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լաւալի Bon Pasteur եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Les Rugissants համոյթին «Arches» երաժշտական համերգաշարքի «Voix D’Arménie» համերգը, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ բժ. Ժիրայր Պասմաճեանի, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Թերզեանի եւ անդամներ՝ Յակոբ Պուլկարեանի եւ Զաւէն Ճուքաքէլեանի, Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Կեատայեանի, Քեպէգի Խորհրդարանի Շոմէտի շրջանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեանի, Լաւալի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամներ Սեդա Թօփուզեանի եւ Martin Fiola-ի, նաեւ Martin Vaillancourt-ն ու Louise Lortie-ն ներկայացնող Romina Rajab-ի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեանի, Լաւալի Հայ կեդրոնին հովանիին ներքոյ գործող կազմակերպութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր հանրութեան:
Երեկոյի բացումը կատարեց խումբի ընդհանուր տնօրէնուհի Sophie Lapierre, որ իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, թէ սոյն ներկայացումը կեանքի կը կոչէ հայ երաժշտական ժառանգութեան հարստութիւնը, ներգործութիւնն ու գեղեցկութիւնը: Անկէ ետք հերթաբար ներկայացուեցան Ս. Պատարագէն Վաչէ Շարաֆեանի եւ Գրիգոր Առաքելեանի մշակմամբ, Կոմիտասի «Խորհուրդ Խորին»-ը (ծանր տարբերակը) եւ «Ընտրեալդ» (այս երկուքին խումբին ընկերակցութեամբ մեներգեց Աննա Ղարսլեան), ապա խմբային երգեցողութեամբ՝ «Բարեխօսութեամբ Ս. Աստուածածնին», «Սուրբ Աստուած» եւ «Սուրբ, Սուրբ» շարականները, Մակար Եկմալեանի «Հայր մեր»ն ու Վաչէ Շարաֆեանի «Տէր, որ զաղբիւրս բխեցուցանես»ը, Միսաք Մեծարենցի «Ձմրան լուսինը»՝ Վաչէ Շարաֆեանի մշակմամբ, Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակած «Արուեստ քերթութեան» համերգի «Քամին», «Ճաբոնական թանքաներ» եւ «Աշնան երգ»-ը, Երուանդ Երկանեանի «Մահուան երգ» շարքէն «Աղօթք լերան վրայ» երգը, որոնցմէ ետք կրկին խումբին ընկերակցութեամբ եւ Աննա Ղարսլեանի մեներգութեամբ ներկայացուեցան Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Էտկար Յովհաննիսեանի «Ձիւն է գալիս»-ը, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Հօբ Նարին-Նարին»-ն ու Կարօ Զաքարեանի «Կը կոնդաս, եար»-ը:
Համոյթի խմբավարն էր Քզավիէ Պրոսար-Մենար (Xavier Brossard-Ménard), սոփրանօները՝ Շարլոթ Քորվին (Charlotte Corwin), Ճենիֆըր Հոլ (Jennifer Hall) եւ Պրիթընի Ռէյ (Brittany Rae), ալթօները՝ Իզապելլա Քումինաթօ (Isabella Cuminato), Մատի Սթուտ (Maddie Studt) եւ Լիա Վայցնըր (Leah Weitzner), թենորները՝ Միխիէլ Շրայ (Michiel Schrey), Արթիւր Թանկէ-Լապրոս (Arthur Tanguay-Labrosse) եւ Փաթրիշա Եյթս (Patricia Yates), իսկ պասերը՝ Փիէռ-Էթիէն Պերժըրոն (Pierre-Étienne Bergeron), Տորիան Տը Լուքա (Dorian De Luca), Ճոն Կիֆըն (John Giffen) եւ Քեւին Մարիմպու (Kevin Marimbu)։: Համոյթի հովանաւորներն էին՝ «Չուխաճեան», «Բաստրմաճեան», Groupe Bonneau-Jinjinian de la Financière Banque nationale եւ «Atken Armenian» հիմնադրամները, Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Անի Քութրաքիս, Քեպէգի Խորհրդարանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Լաւալի Քաղաքապետական Խորհրուրդի անդամներ՝ Սեդա Թօփուզեան եւ Մարթին Ֆիոլա:
Խմբավարը մերթընդմերթ բացատրութիւններ տուաւ երգերուն մասին, աւարտին ալ հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով: Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Զաւէն Տէր Սահակեան նոյնպէս շնորհակալական խօսք ուղղեց խումբին, խմբավարին, մեկենասներուն, նուիրատուներուն եւ ներկաներուն, եւ ըսաւ. «Ձեր ներկայութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր մշակոյթը լիովին կենդանի է։ Եւ քանի դեռ կան անհատներ, որոնք պատրաստ են զայն փոխանցելու, բաժնեկցելու եւ զարգացնելու, անիկա պիտի շարունակէ ապրիլ։ Ուրեմն, այս երեկոյ այս սրահէն մեկնելով, մեր հետ տանինք այս երաժշտութենէն պատառիկ մը, այս աւիւնէն մաս մը եւ, մանաւանդ, պատգամ մը, թէ մեր արմատները մեր ապագային մաս կը կազմեն։ Ուրեմն շարունակենք կամուրջներ կառուցել մշակոյթներու միջեւ։ Շարունակենք ծանօթացնել մեր ժառանգութիւնը։ Շարունակենք մեր երիտասարդներուն տալ միջոցներ՝ ճանչնալու իրենց արմատները եւ զանոնք հպարտութեամբ կրելու։ Եւ շարունակենք միասնաբար նպաստել քեպէգեան եւ գանատական այնպիսի ընկերութեան մը, ուր մշակութային բազմազանութիւնը պարզապէս չի բանախօսուիր, այլ իրապէ՛ս կ’ապրուի»:
Աւարտին Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն մետիա»